Որոնել

2026.03.02 Convegno in Vaticano sull'intelligenza artificiale

ԱԲ Վատիկանին մէջ․ Եկեղեցին կ’աջակցի բարոյագիտական համակարգերու զարգացումին

Տնտեսութեան Քարտուղարութեան եւ Առաքելական Աթոռի Աշխատանքի Գրասենեակին կողմէ՝ «Արհեստական Բանականութեան հնարաւորութիւններն ու մարտահրաւէրները» խորագիրով ուսումնաժողովը նպատակ ունի աջակցելու բարոյագիտական համակարգերու զարգացումը։ Սրբազան Քահանայապետն անձամբ զայն «գնահատած եւ քաջալերած է»՝ յոյս յայտնելով «աւելի խոր գիտակցութեան մը այսքան արդիական եւ բարդ բնագաւառին մէջ»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Միջոցներու առատութիւն եւ նպատակներու շփոթութիւն»։ Ալպերթ Այնշթայնին վերագրուած այս արտայայտութիւնը կը ներկայացնէ նոր արհեստագիտութիւններու եւ անոնցմով ձեւաւորուող աշխարհի մը մարտահրաւէրները։ Սուրբ Աթոռը՝ զերծ ռազմական կամ առեւտրական նպատակներէ, կրնայ առանցքային դեր ունենալ համաշխարհային կառավարման խթանման մէջ, որ կը զարգացնէ «բարոյագիտական համակարգեր՝ նախագծման պահէն սկսեալ»։ Այս միտքերն էին, որոնք ի յայտ եկան «Արհեստական Բանականութեան հնարաւորութիւններն ու մարտահրաւէրները» խորագրով ուսումնաժողովէն, որ կազմակերպուած էր Տնտեսութեան Քարտուղարութեան եւ Առաքելական Աթոռի Աշխատանքի Գրասենեակին (ULSA) կողմէ՝ 2 Մարտին, Հռոմի Վիա տելլա Քոնչիլյացիօնէ 5 հասցէի Սան Փիօ Ժ․ սրահին մէջ։

Միջոցառման նպատակը եւ բանախօսները

Միջոցառման նպատակն է՝ ապահովել, որ ԱԲ մնայ մարդուն աջակցող գործիք, յարգելով բարոյականութիւն, արդարութիւն, կայունութիւն եւ քննադատական գիտակցութիւն։

Բացման խօսքը արտասանեց Առաքելական Աթոռի Աշխատանքի Գրասենեակի տնօրէն փրոֆեսոր Փասքուալէ Փասսալաքուա։ Ելոյթները համակարգեց Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան խմբագրական փոխ տնօրէնը՝ Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի։ Զեկուցողներն էին Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութեան Քարտուղարը՝ Գերապայծառ Փոլ Թայկ, Գրիգորեան Քահանայապետական Համալսարանին փրոֆեսոր Հայր Փաոլօ Պենանթի, եւ Campus Bio-Medico համալսարանին փրոֆեսոր Քորրատօ Ճիւսթոցցի։

Եկեղեցւոյ դերը ԱԲ կառավարումին մէջ

Գերապայծառ Թայկ նշեց, թէ արհեստագիտական զարգացումը երբեք չէզոք չէ․ առեւտրային եւ ռազմական շահերը կը ներգործեն խելացի համակարգերու վրայ, մինչդեռ Սուրբ Աթոռը, զերծ տնտեսական կամ ռազմական նպատակներէ, կրնայ նպաստել բարոյագիտական համակարգերու ստեղծմանը՝ արդէն նախագծման փուլէն։ Ան ընդգծեց նաեւ, թէ Լեւոն ԺԴ․ անձամբ տեղեկացուած ըլլալով նախաձեռնութեան մասին Աշխատանքի Գրասենեակին նախագահ Գերապայծառ Մարքօ Սփրիցցիին կողմէ, զայն «գնահատած եւ քաջալերած» է՝ յոյս յայտնելով «աւելի խոր գիտակցութեան մը այսքան արդիական եւ բարդ բնագաւառին մէջ»։

Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութեան Քարտուղարը յատուկէն ընդգծեց «սրտի իմաստութիւնը» եւ մարդկանց մետիա, տեղեկատուութիւն եւ ԱԲ ոլորտէն ներս կրթելու կարեւորութիւնը։

Ընկերային վտանգները

Գերապայծառին Համաձայն, «ChatGPT» պէս գործիքներու տարածումը, որ ստեղծած է տատանում, անորոշութիւն, բարդութիւն եւ երկիմաստութիւն (Volatility, Uncertainty, Complexity, Ambiguity - VUCA), կը պարունակեն իրական վտանգներ՝ ինչպէս օրինակ կենսաբանական զէնքերը, ապատեղեկատուութիւնը եւ մարդկային վերահսկողութենէն դուրս համակարգերը։ ԱԲ կ’ազդէ ոչ միայն աշխատանքի եւ ակադեմիական ոլորտներուն վրայ, այլեւ անձնական եւ հոգեւոր կեանքին վրայ, շեշտելով համաշխարհային մակարդակով կանոններու եւ կառավարման անհրաժեշտութիւնը։

Բարոյականութիւն, իշխանութիւն եւ արհեստագիտական որոշումներ

Հայր Պենանթին իր զեկոյցին մէջ, նոյնպէս, կեդրոնանալով ԱԲ բարոյագիտական մարտահրաւէրներուն վրայ, ընդգծեց խնդրի հրատապութիւնը, առ այն, որ․ «իւրաքանչիւր արհեստագիտական արհեստակերտ, երբ կ՚ազդէ ընկերային միջավայրի մը վրայ, կը գործէ իբրեւ իշխանութեան դասաւորում եւ կարգի ձեւ»։

Ալկորիթմներ եւ տուեալներու ուսուցում

Փրոֆեսոր Քորրատօ Ճիւսթոցցին, իր հերթին, խօսեցաւ ԱԲ բնոյթի եւ անոր թեքնիկական սահմանափակումներու մասին՝ ներկայացնելով ալկորիթմներու վրայ հիմնուած որոշումներու կայացման գործընթացներու հիմնական խոցելիութիւնները։

Վերջիններս կրնան մեքենաբար կիրարկել «ընտրութեան ռազմավարութիւններ, որոնք կը գտնուին իրենց ստեղծողին մտքին մէջ», երբեմն ներառելով կանխակալ կարծիքներ՝ բարի հաւատքով կամ դիտաւորեալ, որոնք կը խեղաթիւրեն արդիւնքները կամ զանոնք կը դարձնեն անարդար։

Ի վերջոյ, փրոֆեսորը կարեւորեց ԱԲ դիտարկել իբրեւ մարդուն օժանդակող գործիք, որու արդիւնքները պէտք է ենթարկել շարունակական քննադատական վերանայման։

Կրթութիւն, երկխօսութիւն եւ մարդկային ապագայ

Մինչ, Ալեսսանտրօ Ճիզոթթին շեշտը դրաւ շրջակայ միջավայրի եւ հասարակաց տան վրայ ԱԲ ազդեցութեան տարածումին, ինչպէս նաեւ չափազանց շատ ուժանիւթ կլանելու վրայ՝ նկատել տալով, որ ԱՄՆ Վիրճինիա նահանգի մէջ 30 առ հարիւրէն աւելի ուժանիւթ կ’օգտագործուի տեղեկութիւնները պահպանող «տուեալներու կեդրոններուն» համար, որոնց հիման վրայ նոր արհեստագիտութիւններու ուսուցումը կիրականացուի։ Իռլանդայի մէջ ալ վիճակը նշանակալի է՝ 20 առ հարիւրը կ’օգտագործէ «Google»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/03/2026, 08:00