Որոնել

Կարիդնալ  Փարոլին, Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն Կարիդնալ Փարոլին, Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն 

Կարդինալ Փարոլին. Պապական Նուիրակը՝ կամուրջներ կառուցող եւ խաղաղութեան ու միութեան ծառայող

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Պուրքինա Ֆասոյի մէջ նախագահեց Գերապայծառ Ռելվենտէ Քիզիթօ Ուետրահոկոյի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան, որ պիտի ծառայէ որպէս առաքելական նուիրակ Քոնկոյի եւ Կապոնի մէջ։ Կարդինալը նորանշանակ եպիսկոպոսը յորդորեց ըլլալ ճշմարտութեան քարոզիչ եւ «կամուրջներ կառուցող»՝ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական առաքելութեան միջոցով խաղաղութիւն ու միութիւն տարածելու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Եակմայի մէջ, Վատիկանի Պետքարտուղարը նախագահեց Գերապայծառ Ռելվենտէ Քիզիթօ Ուետրահոկոյի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան Սուրբ Պատարագին։ Նոր արքեպիսկոպոսը պիտի ծառայէ որպէս առաքելական նուիրակ Քոնկոյի Հանրապետութեան եւ Կապոնի մէջ։

Երախտագիտութեան, վստահութեան եւ քաջալերանքի մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ Գերապայծառ Ռելվենտէ Քիզիթօ Ուետրահոկոյի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը։ Արարողութիւնը կատարուեցաւ շաբաթ, 7 մարտին, Պուրքինա Ֆասոյի Եակմա քաղաքի «Նոթրը Տամ» պազիլիքային մէջ։ Արարողութիւնը նախագահեց Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, որուն մօտ Գերապայծառ Ուետրահոկօ երկար տարիներ վարած էր անձնական քարտուղարի պաշտօնը։

Յունուար 2010-էն ի վեր իր ծառայութիւնը Պետքարտուղարութեան մէջ մատուցած Քիզիթօն, անցեալ յունուարի 28-ին Լեւոն ԺԴ. Պապին կողմէ նշանակուեցաւ առաքելական նուիրակ Պրազավիլի մէջ, իսկ փետրուար 10-ին՝ նաեւ Լիպրըվիլի մէջ։

Ծառայութեան երկար տարիներ Վատիկանի մէջ

Պատարագին, որուն ընթացքին հնչեցին ափրիկեան աւանդական երգերն ու պարերը, ներկայ էին բազմաթիւ հաւատացեալներ եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներ։ Իր քարոզին մէջ Կարդինալ Փարոլին ջերմութեամբ յիշեց Գերապայծառ Ուետրահոկոյի Հռոմի մէջ անցուցած տարիները. «Մենք կիսեցինք աշխատանքի լարուածութիւնը, դժուարութիւնները, բայց նաեւ Պապի համընդհանուր առաքելութեան գործակիցը ըլլալու բերկրանքը»։ Ըստ Պետքարտուղարին, այդ տարիները պատրաստեցին նորընծայ եպիսկոպոսը իր նոր առաքելութեան՝ վերադառնալու իր հարազատ մայրցամաքը որպէս Պապի ներկայացուցիչ։

Բնաբանը՝ Տիրամօր պատգամը

Կարդինալը յորդորեց նորանշանակ նուիրակը՝ իր նոր պարտականութիւնը ստանձնել անդորրութեամբ եւ վստահութեամբ, ներշնչուելով իր ընտրած բնաբանէն. «Ինչ որ ըսէ ձեզի, ըրէ՛ք» (Յովհ. 2, 5)։ Փարոլին շեշտեց, որ թէեւ դժուարութիւններ պիտի ըլլան, սակայն Աստուծոյ կամքին հետեւիլը սրտի խաղաղութիւն կը պարգեւէ։

Ճշմարտութեան եւ խաղաղութեան պատգամաւոր

Առաքելական նուիրակի առաքելութիւնը, ըստ Կարդինալին, «լոյս, ճշմարտութիւն, խաղաղութիւն եւ միութիւն բերելն է՝ մեղքի, բաժանումի եւ ստի խաւարին մէջ»։ Ան զգուշացուց «կեղծ մարգարէներէն», որոնք հպարտութեամբ առաջնորդուած՝ կը պառակտեն Քրիստոսի հօտը։ Ուստի, նոր արքեպիսկոպոսը պէտք է ըլլայ ճշմարտութեան քարոզիչ եւ Բարի Հովիւին պէս պատրաստ՝ կեանքը զոհելու իր ժողովուրդին համար։

Կամուրջներ կառուցել «Պետրոսի հովանիին ներքոյ»

Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ նուիրակի դիւանագիտական դերին։ Փարոլին նշեց, որ նուիրակը (nuntius) ուրիշի մը խօսքը բերողն է. Քրիստոսի խօսքը՝ որպէս եպիսկոպոս, եւ Սրբազան Քահանայապետի խօսքը՝ որպէս դիւանագէտ։

«Դուք կոչուած էք կառուցելու յարաբերութիւններ եւ կամուրջներ հոն, ուր ամենադժուարն է», ըսաւ Կարդինալը՝ յիշեցնելով, որ նուիրակը երբեք առանձին չէ, այլ կը գործէ sub umbra Petri (Պետրոսի հովանիին ներքոյ)՝ մշտական հաղորդակցութեան մէջ ըլլալով Պապին հետ։

Քարոզի աւարտին, Կարդինալ Փարոլին նորընծայ եպիսկոպոսը յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ Ուկանտայի մարտիրոսներու պաշտպանութեան, որոնցմէ ամենակրտսերին անունը կը կրէ Գերապայծառ Քիզիթօն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2026, 13:23