Գիտնականները՝ յանուն խաղաղութեան. Քահանայապետական կաճառի կոչը խաղաղութեան ուղիներ որոնելու համար։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կեանքի պաշտպանութեան Քահանայապետական կաճառը (Pontificia Accademia per la Vita) հանդէս եկած է «Գիտնականները խաղաղութեան համար» (Scientists for Peace) նախաձեռնութեամբ։ Այս կարեւոր կոչը ուղղուած է համաշխարհային գիտական հանրութեան՝ յորդորելով գիտնականները եւ ակադեմականները անցնիլ շօշափելի գործողութիւններու՝ յանուն խաղաղութեան հաստատման։
Գիտութիւնը որպէս խաղաղութեան գործիք
Քահանայապետական կաճառը, որ իր առաքելութիւնը կը տեսնէ մարդկային կեանքի պաշտպանութեան եւ զարգացման մէջ, կը հարցադրէ. արդեօք գիտական հետազօտութիւնը կրնա՞յ նպաստել խաղաղութեան։ Պատասխանը հաստատական է. գիտութիւնը, իր բնոյթով, կը ձգտի ճշմարտութեան, կը հիմնուի թափանցիկ տուեալներու փոխանակման վրայ եւ կը վերանայ ազգային սահմաններէն՝ ծառայելով ընդհանուր գիտելիքի հարստացման։
Միջազգային ներկայ լարուած իրավիճակին մէջ, ուր պատերազմի եւ բռնութեան լեզուն կը գերիշխէ, Քահանայապետական կաճառը կը շեշտէ, որ գիտնականները պարտաւոր են իրենց ամենօրեայ աշխատանքով դառնալ հաշտեցման եւ հակամարտութիւններու լուծման ջատագովներ։
Կոչ՝ գործնական քայլերու
«Scientists for Peace»-ը նախաձեռնութիւնը բաց է բոլոր կարգի գիտնականներու եւ հետազօտողներու համար՝ անկախ անոնց ազգութենէն, քաղաքական կամ կրօնական համոզումներէն։ Կոչի հեղինակները գիտական հանրութեան կ’առաջարկեն հետեւեալ օրակարգը.
Հետազօտութիւնը որպէս խաղաղութեան գործընթաց. Գիտակցիլ, որ գիտութիւնը ինքնին խաղաղարար գործունէութիւն է։
Բարոյական պատասխանատուութիւն. Գնահատել իւրաքանչիւր հետազօտութեան ազդեցութիւնը խաղաղ մշակոյթի կերտման վրայ։
Գիտական դիւանագիտութիւն. Օգտագործել միջազգային ծրագիրները՝ որպէս դիւանագիտական հարթակներ՝ խթանելով համագործակցութիւնը տարբեր մշակոյթներու միջեւ։
«Երկակի օգտագործման» վտանգը. Զգօն ըլլալ այն հետազօտութիւններու նկատմամբ, որոնք կրնան քաղաքացիական նպատակներէն զատ, ռազմական նպատակներով օգտագործուիլ։
Ոչ բռնի լուծումներ. Կեդրոնանալ այնպիսի հետազօտութիւններու վրայ, որոնք կը նպաստեն հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման։
Այս նախաձեռնութիւնը ոչ միայն մասնագիտական պարտաւորութիւն է, այլեւ բարոյական հրամայական՝ 2026-ին Խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առիթով Պապին ուղերձի լոյսին ներքոյ. «Խաղաղութիւնը կը դիմադրէ բռնութեան եւ կը յաղթէ անոր»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ