Որոնել

Artificial Intelligence (AI) Action Summit in Paris

Սուրբ Աթոռ. Դաստիարակութիւն տրամադրել՝ ճանաչելու թուային ոլորտէն ներս ցեղապաշտական նախապաշարումներու վտանգները

Ցեղապաշտական խտրականութեան վերացման միջազգային օրուան 60-ամեակին նուիրուած յուշաժողովի ժամանակ Սուրբ Աթոռի ներկայացուցչութիւնը Միացեալ Ազգերէն պահանջեց ուժեղացնել թուային գրագիտութիւնը՝ բարձրացնելու “պատկերացումներու վրայ ալկորիթմների ազդեցութեան և մարդկային արժանապատուութեան վրայ անոնց ներգործութեան” մասին գիտակցութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան 

Ցեղապաշտական  խտրականութեան վերացման միջազգային օրուան 60-ամեակին առիթով կազմակերպուած յուշաժողովի առիթով Սուրբ Աթոռը ընդգծած է, որ գեղապաշտութիւնը այսօր կը դրսևորուի  նաև թուային աշխարհում։ Ալկորիթմներն ու արհեստական բանականութեան համակարգերը կարող են վերարտադրել տուեալներու մէջ առկայ կարծրատիպներն ու նախապաշարումները։ 

Յայտարարութեան համաձայն՝ արհեստական բանականութեան համակարգերը չէզոք չեն․ անոնք կրնան արտացոլել եւ ուժեղացնել այն նախապաշարումները, որոնք կը պատկանին իրենց ստեղծողներուն կամ այն տուեալներուն, որոնց վրայ պատրաստուած են։ Այս պատճառով հիմնարար կը դառնայ քաղաքացիներն ու օգտատէրերը կրթել՝ հասկնալու համար ալկորիթմներու գործունէութիւնը։

Լեւոն ԺԴ. Պապը այս ուղղութեամբ ընդգծած է, որ նոր արհեստագիտութիւնները պէտք չէ կասեցնել, այլ պէտք է պատասխանատու կերպով կառավարել զանոնք, որպէսզի  մնան մարդուն ծառայող գործիքներ։

Սուրբ Աթոռը նաև կը վերահաստատէ ցեղապաշտութեան  դատապարտումը և կ՜ընդգծէ ոչ միայն քաղաքական, այլեւ իրական բարոյական յանձնառութեան մը անհրաժեշտութիւնը՝ բոլորին իրաւունքները պաշտպանելու համար։

Կեդրոնը կը մնայ հիմնարար սկզբունք մը՝ մարդկային արժանապատուութիւնը համընդհանուր է եւ կախում չունի պայմաններէ կամ տարբերութիւններէ։ Միայն այս արժէքը գործնական, քաղաքական եւ մշակութային ընտրութիւններու վերածելով կարելի պիտի ըլլայ պայքարիլ նոյնիսկ խտրականութեան ամենանուրբ ձեւերուն դէմ եւ կառուցել աւելի արդար թուային հասարակութիւն մը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/03/2026, 14:03