Սուրբ Աթոռ. «Արտաքին պարտքի բեռը չի կրնար գերակայել մարդկային արժանապատուութեան»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
ՄԱԿ-ի Ժնեւի գրասենեակի Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդ՝ Գերապայծառ Էթորէ Պալեսթրերօ, խստօրէն արտայայտուեցաւ Մարդկային իրաւանց խորհուրդի 61-րդ նիստին ընթացքին։ Ան անդրադարձաւ այն ծանր կացութեան, որուն մէջ կը գտնուին բազմաթիւ երկիրներ՝ յատկապէս «Համաշխարհային Հարաւի» մէջ, ուր պետական պարտքերու վճարումը կը խոչընդոտէ հասարակաց բարիքի եւ մարդկային տարրական կարիքներու ապահովումը։
Տնտեսական երկնտրանք թէ՞ բարոյական տագնապ
Իր ելոյթին մէջ Արքեպիսկոպոսը նշեց, որ չափազանց բարձր պարտքերը պետութիւնները կը կանգնեցնեն «անհնարին ընտրութեան» առջեւ. կա՛մ վճարել պարտատէրերուն, կա՛մ հոգալ սեփական ժողովուրդի սնունդը, ջուրը, առողջապահութիւնն ու բնակարանային պայմանները։ ըստ վատիկանեան ներկայացուցիչին, ասիկա պարզապէս տնտեսական հարց չէ, այլ «խորունկ բարոյական եւ մարդկային իրաւանց տագնապ»։
«Չափազանց մեծ պարտքը կը նուազեցնէ պետութեան ֆինանսական կարողութիւնները, կը պարտադրէ խիստ խնայողական միջոցառումներ եւ կը ստեղծէ աղքատութեան ու անհաւասարութեան անվերջանալի շրջապատ մը», շեշտեց Պալեսթրերօ։
Պատասխանատուութիւն՝ թէ՛ պարտապանին, թէ՛ պարտատիրոջ
Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը յստակ պահանջներ ներկայացուց երկու կողմերուն ալ.
Պարտապան երկիրները պէտք է որդեգրեն թափանցիկ եւ պատասխանատու հարկային համակարգեր։ Երբ ժողովուրդը կը տեսնէ, որ պետական ծախսերը արդար են եւ ուղղուած են ընդհանուր բարիքին, ապա հասարակական համախմբումը կը զօրանայ։
Պարտատէրերը (բազմակողմ, երկկողմ կամ մասնաւոր) պարտաւոր են երաշխաւորել, որ վարկաւորման պայմանները յարգեն մարդկային արժանապատուութիւնը եւ չսաստկացնեն աղքատութիւնը։
Ո՛չ «կողոպտիչ վարկերուն»
Արքեպիսկոպոսը խստօրէն դատապարտեց «անօրինական պարտքերը» եւ «կողոպտիչ վարկերը» (predatory loans), որոնք կը քայքայեն հասարակական դաշինքը եւ պետութիւններուն թոյլ չեն տար կատարել իրենց հիմնական պարտաւորութիւնները քաղաքացիներուն հանդէպ։
Եզրափակելով իր խօսքը՝ Գերապայծառ Պալեսթրերօ յղում կատարեց Լեւոն ԺԴ Պապի պատգամին՝ յորդորելով միջազգային ընտանիքը գործադրել ամէն ջանք՝ յաղթահարելու համար համաշխարհային անհաւասարութիւնները, որոնք խոր անդունդներ կը ստեղծեն ցամաքամասերու, երկիրներու եւ նոյնիսկ հասարակութիւններու ներսը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ