Քահանայապետի Աղօթքի Համաշխարհային Ցանցը հրապարակեց իր նոր Ընդհանուր կանոնադրութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Քահանայապետի Աղօթքի Համաշխարհային Ցանցը` 19 Մարտին, Սուրբ Յովսէփի տօնին օրը, հրատարակեց իր նոր Ընդհանուր կանոնադրութիւնը։
Փաստաթուղթը հիմնովին վերաձեւակերպած է այս կառոյցի ինքնութիւնը եւ կառուցուածքը, որ այլեւս չի ներկայացուիր որպէս պարզ շարժում, այլ՝ որպէս համաշխարհային ցանց, ի սպաս Քահանայապետի ծառայութեան, որ ներկայ է աւելի քան 90 երկիրներու մէջ եւ կազմուած շուրջ 22 միլիոն հաւատացեալներէ։
Կանոնադրութիւնը կը յստակեցնէ Ցանցի առաքելութիւնը՝ շարժման մէջ դնել քրիստոնեաները աղօթքի, հոգեւոր կազմաւորման եւ ծառայութեան միջոցաւ՝ պատասխանելու աշխարհի մարտահրաւէրներուն, որոնք ամէն ամսուայ սկիզբը կը ներկայացուին Պապին կողմէ, որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն։
Այս հոգեւորութիւնը հիմնուած է Յիսուսի Սրտին վրայ եւ կրթական ուղեգիծ «Սրտի ճանապարհ»ին վրայ, որ կը միացնէ ներքին կեանքը գործնական նուիրումին հետ։
Չորս բաժիններէ բաղկացած փաստաթուղթը կը սահմանէ ինքնութիւնը, կազմակերպչական կառուցուածքը, մասնակցութեան ձեւերը եւ անչափահասներու ու խոցելի մեծահասակներու պաշտպանութեան կանոնները՝ ապահովելով թափանցիկութիւն եւ պատասխանատուութիւն։
Նաեւ կը վերահաստատուի «ցանց» ըլլալու բաց բնոյթը՝ երկու մասնակցութեան ձեւերով՝ ազատ եւ աւելի պարտաւորեցնող, որ կը ներառէ ամենօրեայ աղօթքի կեանքը։
Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի երիտասարդներուն՝ Երիտասարդական Հաղորդութեան Շարժումի միջոցաւ, որ այս առաքելութեան բաղկացուցիչ մասն է։
Նոր կանոնադրութիւնը, համահունչ Լեւոն ԺԴ-ի ուղղութիւններուն, կարեւոր քայլ մըն է՝ ամրապնդելու համաշխարհային հաղորդակցութիւնը՝ հիմնուած աղօթքի եւ գործունեայ կարեկցութեան վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ