Որոնել

Pope Leo XIV attends Father Roberto Pasolini's first Advent sermon

Քառասնորդաց շրջան. Հայր Փազոլինիի քարոզները Սուրբ Ֆրանչիսկոսի դարձի մասին

Մարտի 6-էն մինչև 27ն, ամէն ուրբաթ առաւօտեան ժամը 9-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ. անուան դահլիճին մէջ Քահանայապետական Տան քարոզիչը կը ներկայացնէ Քառասնորդացի խորհրդածութիւնները, որոնք կեդրոնացած են Ասսիզիի աղքատիկի «նոր մարդկայնութեան լուսաւոր վկայութեան» ըրայ, որ ծնունդ առած է Քրիստոսի հետ հանդիպումէն։ Անոր փորձառութիւնը «ոչ թէ արտաքին կերպով ընդօրինակելու օրինակ է, այլ ներքին ուղի», որ կարող է «վերստին արթնցնել Աւետարանի և Հոգիի մէջ նոր կեանքի կարօտը»։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Քահանայապետական Տան Կառավարութիւնը` յայտնած է, որ ուրբաթ՝ մարտի 6-էն սկսեալ , մինչև մարտի 27ն, ամէն ուրբաթ օր Քահանայապետական տան քարոզիչը՝ Քափուչին վանական հայր Ռոպերթօ Փազոլինի, պիտի ներկայացնէ Քառասնորդաց շրջանի քարոզները՝ «Եթէ մէկը Քրիստոսի մեջ է, ան նոր արարած է» (Բ Կորնթացիներ 5,17)։ Դարձը դէպի Աւետարան ըստ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի» նիւթով։ Խորհրդածութիւնները տեղի կ՛ունենան Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, առաւօտեան ժամը 9-ին։

Աuետարանին իսկական դարձ

«Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզազիի մահուան ութերորդ հարիւրամեակի շրջագիծէն ներս շնորհքի նոր տարի մը մեզ կը հրաւիրէ պահպանելու Յոյսի Յոբելեանի ընթացքին ստացած պարգևը և թոյլ տալ, որ ան հասուննայ որպէս իսկական դարձ դէպի Աւետարան»,— կը գրէ հայր Փազոլոնին իր հրաւէրի մէջ՝ ուղղուած կարդինալներուն, արքեպիսկոպոսներուն և եպիսկոպոսներուն, ու Քահանայապետական ընտանիքի անդամներուն, Հռոմէական Քուրիայի, Վատիկան Պետութեան Կառավարութեան և Հռոմի Թեմի աշխատակիցներուն, կրօնական կարգերու գլխաւոր պատասխանատուներուն, ինչպէս նաև Հռոմի նորընծայարաններուն և բոլոր ցանկացողներին։

Սուրբ Ֆրանչիսկոսի մարդկայնութեան լուսաւոր վկայութիւնը

Հայր Փազոլինիի խօսքով՝ «Ասիզիի աղքատիկի փորձառութիւնը կը մնայ նոր մարդկայնութեան լուսաւոր վկայութիւն, որ կը ծնի Քրիստոսի հետ հանդիպումէն»։ Անոր ուղին «աւետարանական ճանապարհ է՝ բորոտներու ողջագուրումէն մինչև Աւետարանի բացայայտումը, իւրաքանչիւր մարդու որպէս եղբայր ընդունելէն մինչև Արքայութեան աւետումը իւրաքանչիւր արարածի»։ Այդ ճանապարհը կը տանի «կատարեալ ուրախութեան», որ կը հասուննայ փորձութիւններու և տառապանքներու մէջ։

Ֆրանչիսկոսը, փաստօրէն, «կը հասնի այն աստիճանի, որ կ՛ընդունի մահը` որպէս քոյր, առանց վախի կամ ամօթի, ամբողջ կեանքը յանձնելով Աստուծոյ հաւատարմութեան», կը բացատրէ Քահանայապետական Տան քարոզիչը՝ աւելցնելով, որ սուրբի փորձառութիւնը «արտաքին կերպով ընդօրինակելու օրինակ չէ, այլ ներքին ուղի», որ կարող է «վերստին արթնցնել Աւետարանի և Հոգիին մէջ նոր կեանքի կարօտը»։

Ֆրանչիսկոսի վկայութիւնէն մեկնելով Քառասնորդաց շրջանի այս խորհրդածութիւնները «կը ցանկան առաջարկել լսելու և զանազանելու տարածք մը»՝ յիշելով Սուրբ Պօղոսի խօսքերը Կորնթացիներուն ուղղուած երկրորդ նամակին մէջ․ «Եթէ մէկը Քրիստոսի մէջ է, ան նոր արարած է»։

Քառասնորդաց քարոզներու ժամանակացոյցը

Քառասնորդաց քարոզները տեղի կ՛ունենան հետևեալ ժամանակացոյցով․

  • Մարտի 6 -  «Դարձը․ հետևել Տէր Յիսուսին խոնարհութեան ճանապարհով»

  • Մարտի 13 - «Եղբայրութիւնը․ եղբայրական հաղորդութեան շնորհՔը և պատասխանատուութիւնը»

  • Մարտի 20 - «Առաքելութիւնը․ Աւետարանի աւետումը իւրաքանչիւր արարածի»

  • Մարտի 27  - «Աստծոյ որդիներու ազատութիւնը․ կատարեալ ուրախութիւնը և մահը որպէս քոյր»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2026, 08:13