Աւետարանով դիւանագէտ մը. Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի մասին գիրքը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երեքշաբթի` 10 Մարտին-ին, Հռոմի Santa Maria in Montesanto Եկեղեցւոյ մէջ ներկայացուեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին նուիրուած առաջին գիրքը, Կարդինալ Էլիա Տալլա Քոսթա-ի արտայայտութենէն վերցուած «Մենք ենք Աւետարանը» խորագիրը կրող հատոր մը, որուն մէջ պարունակուած են Ծիրանաւորին ճառերը, միջամտութիւններն ու մտածումները՝ դասաւորուած իբրեւ օրական խորհրդածութիւն ամբողջ տարուան համար։
Ներկայացման, զոր վարեց Վատիկանի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան խմբագրական տնօրէն` Անտրէա Թոռնիելլին, մասնակցեցան ի միջի այլոց Կարտդինալ ֆրանչեսքօ Քոքքոփալմիերիօն` Օրէնսդրական գիրգերու Քահանայապետական խորհուրդի պատուաւոր նախագահ եւ Գերապայծառ Անթոնիօ Սթալիանոն` Քահանայապետական աստուածաբանական ակադեմիայի նախագահ։ Անոնք ընդգծեցին Փարոլինի պատկերը որպէս «Աւետարանը ձեռքին դիւանագէտ», որ մարդը կը դնէ որպէս կեդրոն, իր իրաւունքներով եւ փոխադարձ պարտաւորութիւններով, իբրեւ խաղաղութեան հիմք։
Զեկուցողները շեշտեցին, թէ Վատիկանի դիւանագիտութիւնը, որ ղեկավարուած է Կարդինալ Փարոլինի կողմէ, մարդկութեան ծառայութիւն մըն է՝ հիմնուած երկխօսութեան վրայ՝ իբրեւ հակամարտութիւնները լուծելու գլխաւոր միջոց։
Գիրքը կը ներկայացնէ Ծիրաանւորին քրիստոնէական տեսլականը, ըստ որուն Քրիստոսի սէրը եւ «սիրոյ քաղաքակրթութիւնը» աշխարհին ընկերային եւ քաղաքական վերափոխման բանալին են։
Հատորը կը ներառէ 365 կարճ հոգեւոր եւ հովուական խորհրդածութիւններ, որոնք կը վկայեն Փարոլինի ոճին մասին՝ միացնել հաւատքը, դիւանագիտութիւնը եւ երկխօսութիւնը՝ ժողովուրդներու միջեւ հաղորդակցութիւն եւ խաղաղութիւն խթանելու համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ