Որոնել

Լեւոն ԺԴ- ի Քահանայապետական Աստուածաբանութեան Ակադեմիային անդամներուն հետ Հանդիպումը Լեւոն ԺԴ- ի Քահանայապետական Աստուածաբանութեան Ակադեմիային անդամներուն հետ Հանդիպումը  (@Vatican Media)

Աստուածաբանութիւնը՝ որպէս կենդանի ուժ. Միջազգային համագումար Հռոմի մէջ։

Աստուածաբանութեան Քահանայապետական Ակադեմիան կը հիւրընկալէ 13-րդ միջազգային համագումարը. Ուշադրութեան կեդրոնը՝ Արհեստական բանականութիւնն ու Եղբայրութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Մարտ 6-էն 7-ը, Հռոմի «Palazzo Maffei Marescotti» պալատին մէջ տեղի պիտի ունենայ Աստուծաբանութեան Քահանայապետական Ակադեմիայի 13-րդ միջազգային համագումարը՝ «Զարգացնելու համար Աստուածաբանութիւնը. Իմացաբանական յեղափոխութիւ՞ն. Հաւատացեալի մտածողութեան նոր հորիզոններ» խորագրով։

Այս նախաձեռնութիւնը կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ սկսած բարեփոխումներուն շարունակութիւնը, որուն նոր թափ տուած է Լեւոն ԺԴ. Պապ անցեալ սեպտեմբերին յղած պատգամով շեշտելով  աստուաբանութեան կարեւորութիւնը՝ որպէս գիտութիւններուն, տնտեսութեան, իրաւունքի եւ թուային մշակոյթի հետ երկխօսող կենդանի ուժ։

Քահանայապետական Աստուծաբանութեան Ակադեմիայի նախագահ, Գերապայծառ Անթոնիօ Սթալիանօ, բացատրելով համագումարի էութիւնը, նշած է.

«Վաւերական աստուածաբանութիւնը միաժամանակ գիտական է, իմաստասիրական եւ համերաշխ։ Այն պէտք է երկխօսի գիտութիւններուն հետ, հարցադրումներ կատարէ Արհեստական Բանականութեան շուրջ, պաշտպանէ մարդկային արժանապատուութիւնը եւ սերմանէ եղբայրութիւն»։

Յայտագիրը եւ բանախօսներ

Համագումարի առաջին օրը պիտի յատկացուի աստուածաբանութեան «իմացաբանական յեղափոխութեան« քննարկման։

Զեկուցողներուն շարքին են՝ Մասսիմօ Նարօ, որ պիտի անդրադառնայ աստուածբանութեան եւ արդի գիտութիւններուն փոխյարաբերութեան։
Թէոտորա Ռոսի, որ պիտի ներկայացնէ բարոյական աստուածաբանութեան վերահիմնաւորումը յետ արդիական շրջանին մէջ։ Ֆրանչէսքա Քոլինի եւ Ժան Էրէ, որոնք պիտի վերլուծեն հայրաբանական արմատներն ու դասական տիպարները՝ Սուրբ Օգոստինոս, Սուրբ Թովմաս Աքուինացի՝ զանոնք կապելով արդիականութեան հետ։

Շաբաթ օրը՝ մարտ 7-ին, տեղի պիտի ունենայ կլոր սեղան մը, ուր արուեստի, քաղաքականութեան, օրինականութեան եւ բնապահպանութեան ներկայացուցիչներ պիտի քննարկեն աստուածաբանութիւնը՝ որպէս «համերաշխութեան մշակոյթի» հիմք։

Յայտնենք, որ համագումարը բաց է հանրութեան համար եւ ուղիղ եթերով պիտի հեռարձակուի Ակադեմիայի YouTube-եան պաշտօնական էջով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2026, 08:20