Հայր Ռոպերթօ Փազոլինի. «Եղբայրութիւնը քրիստոնէական հաւատքի փորձաքարն է՝ սիրոյ եւ ներման կոչում»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Քառասնորդաց պահքի այս շրջանին, Վատիկանի առաքելական պալատի «Redemptoris Mater» մատրան մէջ, Քահանայապետական տան քարոզիչ, Քափուչին միաբանութեան անդամ Հայր Ռոպերթօ Փազոլինի ներկայացուց իր խորհրդածութիւնը՝ խորհրդածելով եղբայրութեան աստուածաբանական եւ գոյութենական խորքերուն մասին։
Քարոզիչը իր խօսքը սկսաւ շեշտելով, որ եղբայրութիւնը քրիստոնէական հոգեւոր կեանքի մէջ ոչ թէ լրացուցիչ տարր է, այլ այն կենսական միջավայրը, ուր իրականացում կը գտնէ իւրաքանչիւր հաւատացեալի դարձը։ Յենուելով Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզեցիի կեանքի փորձառութեան վրայ, Հայր Փազոլինին ընդգծեց, որ եղբայրութիւնը «Աստուծոյ կողմէ տրուած անակնկալ եւ շնորհալի պարգեւ մըն է, որ կը պահանջէ ինքնազոհողութիւն ու յանձնառութիւն»։
Իր ելոյթին մէջ քարոզիչը առանձնացուց հինգ հիմնական կետեր, որոնք կը ձեւաւորեն ֆրանչիսկեան եղբայրութեան ուղին՝ պարգեւի ընկալումէն մինչեւ յաւիտենականութեան հորիզոնը։ Ան անդրադարձաւ Կայէնի եւ Աբէլի աստուածաշնչական պատմութեան՝ նշելով, որ եղբայրութեան մերժումը յաճախ կը սկսի «հայեացքի խնդրով»։ Երբ մարդ չի կրնար ընդունիլ իր կեանքը որպէս պարգեւ, ան ուրիշին ներկայութիւնը կը սկսի դիտարկել որպէս իր ինքնութեան սպառնացող վտանգ։
«Իսկական եղբայրութիւնը կը ծնի այն ատեն, երբ մենք կը ճանչնանք մեր մէջ բնակող «Կայէնին»՝ մեր ներքին բռնութեան, նախանձի եւ մեկուսացման հակումները, եւ զանոնք կը յանձնենք Աստուծոյ ողորմածութեան», – բացատրեց Հայր Փազոլինին։ Ան շեշտեց, որ Քրիստոսի հետեւորդները կանչուած են ոչ թէ «լաւերը» ըլլալու, այլ անոնք, որոնք քաջութիւն ունին ճանչնալու իրենց տկարութիւնը եւ ապրելու ներողամտութեան ոգիով։
Յատկանշական է, որ քարոզիչը եղբայրութիւնը որակեց որպէս «քրիստոնէական ճշմարտութեան փորձաքար»։ Ըստ անոր, մեր յարաբերութիւններու որակը, յատկապէս դժուարին կամ հակասական իրավիճակներու մէջ, ցոյց կու տայ, թէ արդեօք Յարուցեալ Քրիստոսի կեանքը իսկապէս կը գործէ մեր մէջ։ Ան մէջբերեց Յովհաննէս առաքեալի խօսքը՝ «Մենք գիտենք, որ մահէն կեանքին անցած ենք, որովհետեւ կը սիրենք մեր եղբայրները», ընդգծելով, որ սիրոյ այս ճանապարհը կը սկսի ամէնօրեայ փոքրիկ, բայց անկեղծ քայլերէն։
Եզրափակելով իր խորհրդածութիւնը՝ Հայր Փազոլինին կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն, որպէսզի եղբայրութիւնը չդիտարկեն որպէս վերացական իտէալ մը, այլ որպէս հրատապ պատասխանատուութիւն։ «Մեր յարաբերութիւնները կը դառնան յաւիտենական կեանքի նախատիպ, երբ մենք կը սորվինք ուրիշին մէջ տեսնել ոչ թէ մրցակից կամ ոսոխ, այլ Քրիստոսի կողմէ սիրուած եղբայր կամ քոյր»,- եզրափակեց ան՝ հրաւիրելով ներկաները աղօթքով եւ հոգեւոր զգօնութեամբ վերանորոգելու իրենց ուխտը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ