Հայր Ռոպերթօ Փազոլինի Հայր Ռոպերթօ Փազոլինի  (ANSA)

Հայր Փազոլինի. Ազատ կեանքը կը կայանայ անդադար սիրելու եւ տառապանքը յաղթահարելու մէջ՝ առանց ընկճուելու

Հայր Ռոպերթօ Փազոլինի, Սուրբ Ֆրանչիսկոսի կեանքի օրինակով, կը հրաւիրէ հաւատացեալները ընդունելու սեփական տկարութիւնը եւ վերափոխելու տառապանքը սիրոյ ու ծառայութեան աղբիւրի։ Ըստ քարոզիչին, իսկական ազատութիւնը կը կայանայ Աւետարանի միջոցաւ ձեռք բերուած այն ներքին խաղաղութեան մէջ, որ թոյլ կու տայ դիմագրաւել կեանքի դժուարութիւններն ու մահը՝ առանց ընկճուելու։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Աւետարանը մեզի կ'արտօնէ քալել սրբացումի եւ դարձի այնպիսի ճանապարհէ մը, որ մեզ կ'առաջնորդէ դէպի Աստուծոյ որդիներուն ազատութիւնը»։ Այս պատգամով Քահանայապետական տան քարոզիչ Հայր Ռոպերթօ Փազոլինի եզրափակեց Քառասնորդաց շրջանի իր չորրորդ եւ վերջին խորհրդածութիւնը, որ տեղի ունեցաւ այսօր՝ Մարտ 27-ին, Պօղոս Զ. սրահին մէջ, Սրբազան Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ.-ի ներկայութեամբ։

Քափուչին միաբան հայրը վերլուծեց Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիի կեանքի վերջին հանգրուանն ու մահը՝ ընդգծելով, թէ ինչպէ՛ս սուրբը սորվեցաւ ընդունիլ սեփական տկարութիւնը, յայտնաբերելով, որ մեծագոյն ազատութիւնը Եկեղեցւոյ եւ աշխարհին առատաձեռնութեամբ ծառայելն է։

Իր քարոզին մէջ Հայր Փազոլինի յիշեցուց, որ Ֆրանչիսկոս սուրբ դարձաւ, որովհետեւ գիտցաւ թոյլ տալ, որ Աստուած զինք առաջնորդէ իր գոյութեան աղքատութեան մէջ։ Սակայն, իր կեանքի վերջին տարիներուն, սուրբը անցաւ խոր ճգնաժամի մը միջոցաւ. ան կը զգար զինք մեկուսացած եւ նոյնիսկ անարժէք իր իսկ հիմնած Միաբանութեան մէջ։

«Ճշմարիտ ուրախութիւնը կը յայտնուի այն ատեն, երբ մերժումը, նուաստացումը եւ անհասկացողութիւնը չեն կրնար խլել մեր խաղաղութիւնը», նշեց քարոզիչը։

Ըստ Հայր Փազոլինիի, երջանկութիւնը իրականութենէն փախուստ տալը չէ, այլ զայն ընդունիլը՝ նոյնիսկ երբ ան կը վիրաւորէ։ Աւետարանական ուրախութիւնը չի ջնջեր վէրքերը, այլ կը վերափոխէ զանոնք՝ թոյլ չտալով, որ ցաւը ունենայ վերջին խօսքը։

Վէրքերը (Stigmata). Սիրոյ հետեւանքները

Անդրադառնալով Վերնա լերան վրայ Ֆրանչիսկոսի ստացած սպիներուն (stigmata), քարոզիչը նշեց, որ Աստուած մեր ցաւին պէտք չունի փառաւորուելու համար։ Աստուածային միջամտութիւնը չի պատճառեր նոր տառապանք, այլ կը կերպարանափոխէ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող ցաւը՝ զայն դարձնելով սիրոյ նշան։ Ֆրանչիսկոսի համար իր ձախողութիւններն ու հիւանդութիւնները դադրեցան բեռ ըլլալէ եւ դարձան Քրիստոսի հետ միութեան կամուրջ։

Քոյր մահը եւ վերջին հրաժեշտը

Իր կեանքի ձմրան մէջ, Սուբր Ֆրանչիսկոս սորվեցաւ «մուրալ» ոչ թէ հաց, այլ մտերմութիւն եւ գուրգուրանք։ Երբ ան մահը «քոյր» կոչեց, ատիկա լոկ սփոփիչ պատկեր մը չէր, այլ հաշտութեան երկար ճանապարհի մը պտուղը։

Քարոզիչը յուզիչ կերպով նկարագրեց սուրբին վերջին պահերը Փորցիունքոլայի մէջ, ուր ան ուզեց մերկ պառկիլ մերկ գետնին վրայ։ Այս արարքը կատարեալ թափանցիկութեան եւ վստահութեան նշան էր. մարդ մը, որ այլեւս պաշտպանուելու կարիք չունի, որովհետեւ ամէն ինչ կ'ընդունի որպէս շնորհ։

Կոչ՝ Եկեղեցւոյ հովիւներուն

Հայր Փազոլինի եզրափակեց՝ յորդորելով Եկեղեցւոյ հովիւները չնսեմացնել Աւետարանի զօրութիւնը.Չյարմարեցնել Աւետարանը մեր վախերուն։ Ցոյց տալ այն ուղին, որ կը տանի դէպի լիակատար հասունութիւն ի Քրիստոս։

«Ֆրանչիսկոսի ուղին բացառութիւն չէ քիչերու համար, այլ այն խոստումն է, որ Աւետարանը կու տայ իւրաքանչիւր մկրտուածի. ապրիլ ազատ կեանք մը, սիրել մինչեւ վերջ եւ յաղթահարել տառապանքը», եզրակացուց ան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2026, 11:40