Որոնել

Հայր Ռոպերթօ Փազոլինի Հայր Ռոպերթօ Փազոլինի  (@Vatican Media)

Հայր Փազոլինի. Աւետարանը չի քարոզուիր յաղթելու համար, այլ՝ հանդիպելու։

Հայր Ռոպերթօ Փազոլինիի խորհրդածութիւնը կը շեշտէ, որ ֆրանչիսկեան առաքելութիւնը ոչ թէ համոզելու ճիգ է, այլ կեանքի վկայութեամբ «Քրիստոսը ծնանելու» եւ դիմացինին առջեւ խոնարհ հիւրընկալուելու արուեստ: Ըստ քարոզիչին, Եկեղեցին կը զօրանայ ոչ թէ քարոզչութեամբ, այլ քրիստոնէական «փոքրութեան» գրաւչութեամբ, որ տեղ կը բանայ վաւերական մարդկային հանդիպումներուն եւ Աստուծոյ սիրոյ արտացոլացման:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Քառասնորաց շրջանի խոհրդածութիւններու ծիրէն ներս, Քահանայապետական Տան Քարոզիչ, Հայր Ռոպերթօ Փազոլինի ներկայացուց իր խորհրդածութեան երրորդ նիւթը, որ կը կեդրոնանայ Սուրբ Ֆրանչիսոս Ասիզացիի առաքելութեան տեսլականին վրայ ընդծգելով, որ Քրիստոնէական առաքելութիւնը ոչ թէ համոզելու ճիգ մըն է, այլ «Քրիստոսը ծնանելու» եւ դիմացինին առջեւ խոնարհելու արուեստ մը։

Խօսքէն առաջ՝վկայութիւն

Հայր Փազոլինի շեշտեց, որ առաքելութիւնը կը սկսի ոչ թէ քարոզով, այլ կեանքի փոխակերպումով։ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի համար մեծագոյն ամօթը սուրբերու մասին խօսիլն է՝ առանց զանոնք գործադրելու։ «Քրիստոսը ծնանիլ» կը նշանակէ թոյլ տալ, որ Անոր ներկայութիւնը նախ մեր ներսդին աճի, ինչպէս մայրը կը կրէ իր զաւակը, եւ ապա միայն կ՝արտայայտուի մեր ամենօրեայ արարքներու ընդմէջէն։

Հիւրընկալուիլ՝ որպէս առաքելութեան սկիզբ

Խորհրդածութեան ուշագրաւ կէտերէն մէկը «հիւրնկալուելու» գաղափարն է։ Յիսուս իր աշակերտները կը ղրկէր առանց քսակի ու պայուսակի՝ պատուիրելով ուտել այն, ինչ կը իրենց կը հրամցուի։ Ասիկա ցոյց կու տայ, որ առաքեալը նախ պէտք է ընդունի դիմացինին բարիքը։ Հայր Փազոլինի համար, աւետարանումը կը նշանակէ ուրիշին ըսել՝ «ի՛նչ լաւ է որ կաս», փոխանակ զայն դատելու կամ սեփական կաղապաներուն մէջ առնելու։

Հայր Փազոլինի պատմական անդրադարձ կատարեց 1219-ին Սուրբ Ֆրանչիսկոսի եւ Եգիպտոսի սուլթան Քամիլի հանդիպումին։ Հակառակ պատերազմի մթնոլորտին, Սուրբ Ֆրանչիսկոս ներկայացաւ անզէն ու խոնարհ։ Արդիւնքը ոչ թէ կրօնափոխութիւն էր, այլ մարդկային վաւերական հանդիպում մը։ «Աւետարանը չի քարոզուիր յաղթելու համար, այլ հանդիպելու», նշեց Հայր Փազոլինի՝ աւելցնելով, որ այս փորձարութենէն ետք էր, որ Ֆրանչիսկոս հրաւիրեց իր եղբայրները «հպատակ ըլլալ ամէն արարածի»։

Յարատեւ խոնարհութիւն

Առաքելութեան գագաթնակէտը, ըստ Ֆրանչիսկեան ոգիին, «փոքրութիւնն» է։ Քրիստոս Ինք զինք դատարկեց՝ ծառայի կերպարանք առնելով։ Նոյնպէս ալ քրիստոնեան կոչուած է ոչ թէ տիրելու, այլ տեղ բանալու դիմացինին համար։ Այսպիսով, Եկեղեցին կ՝աճի, ոչ թէ մարդորսութեամբ, այլ «գրաւչութեամբ» երբ մարդիկ մեր մէջ կը տեսնեն Աստուծոյ սիրոյն կենդանի արտացուլումը։

Հայր Փազոլինի քարոզը աւարտեց Սուրբ Ֆրանչիսկոսի աղօթքով, որ կոչ կ՝ընէ հաւատացեալներուն՝ լուսաւորուած Սուրբ Հոգիով, քալելու Յիսուս Քրիստոսի հետքերով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2026, 11:13