Որոնել

Հայր Ռոպերթօ Փազոլինիի առաջին քարոզը՝ խոնարհութեան եւ դարձի մասին

Հայր Ռոպերթօ Փազոլինի կը շեշտէ, որ իսկական դարձը կը սկսի աստուածային շնորհքին առջեւ խոնարհութեամբ փոքրանալով, ինչ որ թոյլ կը տայ մարդուն վերագտնել իր ճշմարիտ ազատութիւնն ու արժանապատուութիւնը։ Այս հոգեւոր ուղին լոկ անձնական վերափոխում չէ, այլ կոնկրետ պատասխանատուութիւն՝ բռնութենէն հրաժարելու եւ աշխարհի մէջ երկխօսութեամբ խաղաղութիւն հաստատելու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Քառասնորդաց շրջանի սեմին, Վատիկանի Առաքելական Պալատի մէջ, Քահանայապետական Տան քարոզիչ Հայր Ռոպերթօ Փազոլինի արտասանեց իր առաջին քարոզը՝ Լեւոն ԺԴ. Պապին եւ Հռոմի Քուրիայի անդամներու ներկայութեամբ։ Մտածականներու այս շարքը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Մարտ 27, կը կեդրոնանայ Սուրբ Պօղոսի «Եթէ մէկը Քրիստոսի մէջ է, նոր արարած է» (Բ. Կորնթ. 5,17) խօսքին վրայ՝ զայն ընթերցելով Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիի աւետարանական փորձառութեան լոյսին տակ։

Փոքրութիւնը որպէս աշխարհի ճակատագիր

Այնպիսի ժամանակներու մէջ, ուր բռնութիւնն ու ցաւը դարձեալ կը տիրապետեն աշխարհին, Քարոզիչը ընդգծեց, որ «փոքրութեան» մասին խօսիլը ոչ թէ վերացական շռայլութիւն է, այլ «շօշափելի պատասխանատուութիւն՝ կապուած աշխարհի ճակատագիրին»։ Հայր Փազոլինի նշեց որ խաղաղութիւնը չի ծնիր միայն քաղաքական համաձայնագիրներէ, այլ այն անհատներէն, որոնք քաջութիւնը ունին քայլ մը ետ քաշուելու, հրաժարելու վրէժխնդրութենէն եւ ընտրելու երկխօսութիւնը՝ նոյնիսկ ամենադժուար պայմաններուն մէջ։

Դարձը՝ Աստուծոյ նախաձեռնութիւն

Հայր Փազոլինի սահմանեց «դարձ» հասկացողութիւնը որպէս Աստուծոյ նախաձեռնութիւն, որուն մարդը կը պատասխանէ իր ազատութեամբ։ Ան նշեց, որ դարձը կը կայանայ մարդու ներաշխարհին մէջ դրոշմուած Աստուծոյ պատկերի «արթնացման» մէջ։

Սուրբ Ֆրանչիսկոսի օրինակով, դարձը կը նշանակէ «զգայնութեան փոփոխութիւն»։ Անիկա սեփական ուժերով կեանքը շտկելու փորձ մը չէ, այլ պատասխան մը՝ աստուածային շնորհքին, որ կը վերափոխէ մարդուն ընկալումները, դատողութիւնն ու յոյսերը։

Մեղքի իրականութիւնը եւ ազատութեան վերագտնումը

Քարոզիչը մտահոգութիւն յայտնեց, որ արդի գիտակցութեան մէջ «մեղք» բառը կարծես անհետացած է՝ փոխարինուելով «տկարութիւն» կամ «սահմանափակում» եզրերով։

«Եթէ մեղքը անհետանայ, սրբութիւնն ալ կը դառնայ անհասկնալի վերացականութիւն», յայտնեց ան՝ շեշտելով, որ մեղքի գիտակցումը մարդուն կը վերադարձնէ իր ազատութեան լրջութիւնը։

Խոնարհութիւն. Վերադարձ դէպի ճշմարիտ մեծութիւն

Անդրադառնալով Սուրբ Ֆրանչիսկոսին՝ Հայր Փազոլինի պարզաբանեց, որ սուրբին աղքատութիւնը անբաժանելի է խոնարհութենէն։ Խոնարհութիւնը մարդը չի պզտիկցներ, այլ զայն կը վերադարձնէ իր իրական մեծութեան։ Մարդկային առաջին մեղքը՝ խոնարհութեան մերժումն էր՝ Աստուծմէ կախեալ ըլլալու իրողութիւնը չընդունիլը։

Նոր մարդու դիմագիծը

Հայր Փազոլինի Քարոզը եզրափակեց յիշեցնելով, որ դարձը շարունակական ընթացք է։ Փոքրութիւնը կամ տկարութիւնը ոչ թէ յաղթահարելի փուլեր են, այլ քրիստոնէական կեանքի մշտական ձեւը։ Յատկապէս հակամարտութիւններու եւ խաւարի պահուն է, որ աւետարանական փոքրութիւնը կը ցուցադրէ իր իրական զօրութիւնը՝ դառնալով «նոր մարդու» իսկական դիմագիծը։

Նշենք, թէ այսօր առաւօտեան, Քարասնորդաց քարոզին մասնակցելէն ետք, Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Հաւատայոյ Վարդապետութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Վիքթոր Մանուէլ Ֆէրնատէս, ապա հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ,  Նիճերիոյ եպիսկոպոսները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2026, 11:38