Փարոլին. Կանխարգելիչ պատերազմները կը սպռանան աշխարհը բոցավառել
Անտրէա Թորնիելլի
«Իրաւապէս մտահոգիչ է միջազգային իրաւունքի այս նահանջը․ ուժը գրաւած է արդարութեան տեղը»։ Կարտինալ Փիերթրօ Փարոլին, Պետական Քարտուղարը, Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ զրոյցին ընթացքին կը խօսի Միջին Արեւելքի մէջ ընթացող պատերազմի մասին եւ մտահոգութեամբ կը նշէ, որ «վտանգաւոր կերպով կը հաստատուի բազմաբեւեռութիւն մը, որ կը բնորոշուի ուժի առաջնահերթութեամբ եւ ինքնակեդրոնութեամբ»։
Ձերդ Գերազանցութիւն, ինչպէ՞ս կ՛ ապրիք այս ողբերգական ժամերը
Մեծ ցաւով, քանի որ Մերձաւոր Արևելքի ժողովուրդները, անոնց կարգին նաեւ արդեն իսկ դիւրաբեկ քրիստոնեայ համայնքները, կրկին կը գտնուին պատերազմի սարսափի մէջ, որ դաժանօրէն կը խլէ մարդկային կեանքեր, կը յառաջացնէ աւերածութիւններ և ամբողջ ազգերը կը ներքաշէ բռնութեան պարոյրի մէջ՝ անորոշ արդիւնքներով։ Անցեալ կիրակի՝ Հրեշտակ Տեառն աղօթքի ընթացքին Քահանայապետը խօսեցաւ «հսկայական մասշտաբներու ողբերգութեան» և «անուղղելի անդունդի» վտանգի մասին։ Ասոնք աւելին են, քան պարզ պերճախօս խօսքեր՝ նկարագրելու այն պահը, որուն մէջ կ՛ ապրինք։
Ի՞նչ կարծիքի էք ԱՄՆ-ի և Իսրայէլի Իրանի վրայ յարձակման մասին
Ես կը կարծեմ, որ խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը պէտք է մշակուին և հետապնդուին դիւանագիտութեան կողմէ առաջարկուող հնարաւորութիւններու միջոցաւ, յատկապէս ան որ կ՛իրականացուի բազմակողմ մարմիններուն կողմէ, ուր պետութիւնները հնարաւորութիւն ունին լուծել հակամարտութիւնները անարիւն և աւելի արդարացի ձևով։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետքը, որ մօտ 60 միլիոն մարդու մահուան պատճառ դարձաւ, հիմնադիր հայրերը՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ստեղծմամբ, կը ցանկանային իրենց զաւակները խնայել այն սարսափներէն, որոնք իրենք ապրած էին։ Հետևաբար, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան մէջ անոնք կը ձգտէին հակամարտութիւններու կառավարման վերաբերեալ տալ ճշգրիտ ուղեցոյցներ։ Այսօր այս ջանքերը, կարծես, ապարդիւն են մնացած են։ Աւելին, ինչպէս որ արփիասկզբին Սրբազան Պապը դիւանագիտական Մարմնին յիշեցուց «դիւանագիտութիւնը, որ կը խթանէ երկխօսութիւնը և կը ձգտի բոլորի միջև համաձայնութեան, փոխարինուած է ուժի, անհատներու կամ դաշնակիցներու խմբերի դիւանագիտութեամբ», և համոզմունքն այն է, որ խաղաղութիւնը կարելի է հետապնդել «զէնքի միջոցաւ»։ Պատերազմի պատճառները քննարկելով դժուար է որոշել, թէ ով է ճիշտ, և ով է սխալ։ Սակայն հաստատ է, որ ան միշտ կը հանգեցնէ զոհերու և աւերածութիւններու, ինչպէս նաև քաղաքացիական բնակչութեան վրայ աւերիչ հետևանքներու։ Այս պատճառով Սուրբ Աթոռը կը նախընտրէ ընդգծել պետութիւններու միջև վէճերը լուծելու համար դիւանագիտութեան կողմէ առաջարկուող բոլոր գործիքներու օգտագործման անհրաժեշտութիւնը։ Պատմութիւնը արդեն մեզ սորվեցուցած է, որ միայն քաղաքականութիւնը՝ բանակցութիւններու ջանքերով և շահերի հաւասարակշռման ուշադրութիւն դարձնելով, կարող է մեծցնել ժողովուրդներու միջև վստահութիւնը, խթանել զարգացումը և պահպանել խաղաղութիւնը։
Յարձակման արդարացումը նոր հրթիռներու մշակումը կանխելն էր՝ մէկ խօսքով «կանխարգելիչ պատերազմ»...
Ինչպէս կ՛ընդգծէ ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը, ուժի կիրառումը պէտք է դիտարկել միայն որպէս վերջին և ամենալուրջ միջոց, քաղաքական և դիւանագիտական երկխօսութեան բոլոր գործիքները սպառելէն ետքը, անհրաժեշտութեան և համաչափութեան սահմանները ուշադիր գնահատելէն յետոյ, խիստ գնահատականներու և հիմնաւորուած պատճառներու հիման վրայ, և միշտ բազմակողմ կառավարման շրջանակներուն մէջ: Եթէ պետութիւնները ճանչցուէին որպէս «կանխարգելիչ պատերազմի» իրաւունք ունեցողներ՝ ըստ իրենց սեփական չափանիշներու և առանց վերազգային իրաւական շրջանակի, ամբողջ աշխարհը հրդեհուելու վտանգի մէջ պիտի ըլլար: Միջազգային իրաւունքի այս փլուզումը իսկապէս մտահոգիչ է. արդարութիւնը փոխարինուած է ուժով, օրէնքի ուժը՝ ուժի օրէնքով, այն համոզմամբ, որ խաղաղութիւնը կարող է հաստատուի միայն թշնամիի ոչնչացումէն ետքը։
Ի՞նչ կշիռ ունին վերջին շաբաթներու զանգուածային ցոյցերը, որոնք արիւնով ճնշուեցան Իրանի մէջ։ Կարելի՞ է զանոնք մոռնալ։
Անշուշտ ոչ։ Ասիկա եւս խոր մտահոգութեան պատճառ եղած է։ Ժողովուրդներու ձգտումները պէտք է նկատի առնուին եւ երաշխաւորուին այնպիսի հասարակութեան մը օրինական շրջանակին մէջ, որ բոլորին կը թոյլատրէ ազատօրէն եւ հրապարակաւ արտայայտել իրենց գաղափարները, եւ ասիկա կը վերաբերի նաեւ սիրելի իրանցի ժողովուրդին։ Միաժամանակ, կարելի է հարցնել, թէ արդեօ՞ք որևէ մէկը իսկապէս կը հաւատայ, որ լուծումը կարող է իրականացուիլ հրթիռներու և ռումբերու արձակման միջոցաւ։
Ինչո՞ւ միջազգային իրաւունքն ու դիւանագիտութիւնը այսօր այսպիսի անկումի հասած են
Թուլացած է այն գիտակցութիւնը, թէ ընդհանուր բարիքը իսկապէս օգուտ կու տայ բոլորին, այսինքն՝ ուրիշին բարիքը նաեւ իմ բարիքս է։ Արդարութիւնը, բարգաւաճումը եւ անվտանգութիւնը կ՛ իրականանան այն չափով, որքանով բոլորն ալ կրնան օգտուիլ անոնցմէ։ Ասիկա սկզբունքն մըն է, որ կը գտնուի բազմակողմանի համակարգի ստեղծման հիմքին կամ այնպիսի համարձակ ծրագրի մը, ինչպիսին է Եւրոպական Միութիւնը։ Այս գիտակցութիւնը մարած է՝ աճեցնելով սեփական շահերու ախորժակը։
Ասիկա ունի նաեւ այլ հետեւանք մը․ պետութիւններու միջեւ բազմակողմանի դիւանագիտութեան համակարգը կ՛ապրի խոր ճգնաժամի մէջ, ի միջի այլոց՝ այն անվստահութեան պատճառաւ, զոր պետութիւնները կը տածեն իրենց գործունէութիւնը սահմանափակող իրաւական պարտաւորութիւններուն նկատմամբ։ Այս կեցուածքը կը ներկայացնէ իշխանութեան ձգտումի միւս երեսը՝ ցանկութիւնը ազատ գործելու, ուրիշներուն սեփական կարգը պարտադրելու, խուսափելով քաղաքականութեան ծանր, բայց ազնիւ ջանքէն, որ կը բաղկանայ քննարկումներէ, բանակցութիւններէ, ինքն իրեն համար շահերէ եւ ուրիշներուն ի նպաստ զիջումներէ։
Վտանգաւոր կերպով կը հաստատուի բազմաբեւեռութիւն մը, որ կը բնորոշուի ուժի առաջնահերթութեամբ եւ ինքնակեդրոնութեամբ։ Ցաւօք, կասկածի տակ կը դրուին այնպիսի սկզբունքներ, ինչպիսիք են ժողովուրդներու ինքնորոշումը, տարածքային ինքնիշխանութիւնը, նոյնիսկ պատերազմը կանոնակարգող կանոնները (jus in bello)։ Հարցականի տակ կը դրուի եւ աստիճանաբար մէկդի կը դրուի ամբողջ այն կառուցուածքը, որ միջազգային իրաւունքը կերտած է զինաթափման, զարգացման համագործակցութեան, հիմնարար իրաւունքներու յարգման, մտաւոր սեփականութեան եւ առեւտրային փոխանակումներու ու տարանցումներու ոլորտներուն մէջ։ Եւ մանաւանդ կը թուայ, թէ մոռցուած է այն գիտակցութիւնը, զոր արդէն 1795-ին Իմմանուէլ Քանթ կը գրէր․ «Իրաւունքի խախտումը, որ տեղի կ’ունենայ երկրի մէկ կէտին վրայ, կը զգացուի բոլոր կէտերուն մէջ»։ Աւելի ծանր է, որոշ առումներով, միջազգային իրաւունքը յիշել եւ գործածել ըստ սեփական շահերու եւ յարմարութեան։
Ի՞նչի մասին է ձեր խօսքը
Խօսքս կը վերաբերի այն իրողութեան, որ կան դէպքեր, երբ միջազգային հասարակութիւնը կը զայրանայ եւ կը շարժի, իսկ կան դէպքեր, երբ չի շարժիր կամ շատ աւելի մեղմ կերպով կը շարժի՝ տպաւորութիւն ստեղծելով, թէ կան իրաւունքի խախտումներ, որոնք պէտք է պատժուին, եւ ուրիշներ՝ որոնք կարելի է հանդուրժել, քաղաքացիական զոհեր՝ որոնք պէտք է դատապարտել, եւ ուրիշներ՝ որոնք կարելի է համարել «կողմնակի վնասներ»։ Չկան Ա դասի եւ Բ դասի մահեր, ոչ ալ մարդիկ, որոնք աւելի մեծ իրաւունք ունին ապրելու, քան ուրիշները՝ միայն այն պատճառով, որ ծնած են մէկ ցամաքամասի մը մէջ եւ ոչ թէ ուրիշի, կամ որոշակի երկրի մը մէջ։ Կ’ուզեմ յիշեցնել միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կարեւորութիւնը, որուն յարգումը չի կրնար կախեալ ըլլալ հանգամանքներէ կամ զինուորական եւ ռազմավարական շահերէ։ Սուրբ Աթոռը վճռական կերպով կը վերահաստատէ իր դատապարտումը քաղաքացիական անձերու եւ քաղաքացիական կառոյցներու՝ ինչպիսիք են բնակարանները, դպրոցները, հիւանդանոցները եւ պաշտամունքի վայրերը, ռազմական գործողութիւններուն մէջ ներքաշելու ամէն ձեւի, եւ կը պահանջէ, որ միշտ պաշտպանուի մարդկային արժանապատուութեան անձեռնմխելիութեան եւ կեանքի սրբութեան սկզբունքը։
Ի՞նչ կարճաժամկէտ հեռանկարներ կը տեսնէք այս նոր ճգնաժամին համար
Կը յուսամ եւ կ’աղօթեմ, որ անցեալ Կիրակի օր Լեւոն ԺԴ. Պապին ուղղած պատասխանատուութեան կոչը ընդունուի եւ հասնի որոշումներ առնողներու սրտերուն։ Կը փափաքիմ, որ շուտով դադրի զէնքերու աղմուկը եւ վերադառնանք բանակցութիւններուն։ Պէտք չէ բանակցութիւններու իմաստը դատարկել․ հիմնարար է անհրաժեշտ ժամանակ տրամադրել, որպէսզի անոնք կարենան հասնիլ շօշափելի արդիւնքներու՝ գործելով համբերութեամբ եւ վճռականութեամբ։
Աւելին, պէտք է ընդունինք, որ միջազգային կարգը խորապէս փոխուած է՝ համեմատած ութսուն տարի առաջ գծուած այն կարգին հետ, որ ստեղծուեցաւ ՄԱԿ-ի հաստատումով։ Առանց անցեալի հանդէպ կարօտախտի, անհրաժեշտ է հակազդել միջազգային հաստատութիւններու ամէն տեսակ ապաիրաւացիութեան եւ խթանել վերազգային կանոններու ամրապնդումը, որոնք պետութիւններուն կ’օգնեն խաղաղ միջոցներով լուծելու իրենց վէճերը՝ դիւանագիտութեան եւ քաղաքականութեան միջոցաւ։
Ի՞նչ յոյս՝ այս բոլորին դիմաց
Քրիստոնեաները կը յուսան, որովհետեւ կը վստահին մարդացած Աստուծոյ, որ Գեթսէմանիի մէջ Պետրոսին հրահանգեց իր սուրը պատեանին մէջ դնել, եւ որ Խաչին վրայ անձամբ ապրեցաւ կոյր ու անիմաստ բռնութեան սարսափը։ Կը յուսան նաեւ, որովհետեւ, հակառակ պատերազմներուն, կործանումներուն, անորոշութիւններուն եւ տարածուած մոլորութեան զգացումին, աշխարհի բազմաթիւ վայրերէն կը շարունակեն բարձրանալ ձայներ, որոնք կը պահանջեն խաղաղութիւն եւ արդարութիւն։ Մեր ժողովուրդները խաղաղութիւն կը պահանջեն։ Այս կոչը պէտք է ցնցէ կառավարիչները եւ բոլոր անոնք, որոնք կը գործեն միջազգային յարաբերութիւններու դաշտին մէջ՝ մղելով զանոնք բազմապատկելու իրենց ջանքերը ի նպաստ խաղաղութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ