Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին  (ANSA)

Կարդինալ Փարոլին. «Ներդրում կատարել երիտասարդութեան վրայ՝ յանուն խաղաղ ապագայի»

Վատիկանի Պետական քարտուղարը Սաքրոֆանոյի մէջ շեշտեց երիտասարդներուն դերը խաղաղութեան կերտման եւ միջազգային հաստատութիւններու վերանորոգման գործին մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Սաքրոֆանոյի մէջ տեղի ունեցած «Հիւրընկալութեան Աթոռ» (Cattedra dell’Accoglienza) համագումարի ընթացքին հանդէս եկաւ կոչով մը՝ ի նպաստ նոր սերունդին։ Ըստ ծիրանաւորին, ներկայիս երիտասարդութիւնը կը գտնուի միջազգային լարուածութեանց, աղքատութեան եւ անորոշութեան վիճակի մէջ։

Ապագայի վախը եւ ժողովրդագրական տագնապը

Իր ելոյթին մէջ Վատիկանի Պետական քարտուղարը անդրադարձաւ ծնելիութեան անկման երեւոյթին, զայն որակելով որպէս «ապագայի հանդէպ փակուածութիւն»։ Ան նշեց, որ պատերազմներն ու ընկերային ճնշումները երիտասարդներուն մէջ կը սերմանեն վախ, ինչ որ արգելք կը հանդիսանայ ընտանիք կազմելու եւ կեանք պարգեւելու կամքին։ «Երբ զաւակը կը սկսի ընկալուիլ որպէս բեռ կամ անձնական յաջողութեան սահմանափակում, կեանքի ճանապարհը կը փակուի», յայտնեց ան։

Ծայրայեղականութիւն եւ ներկայութիւն հաստատութիւններու մէջ

Կարդինալ Փարոլին ահազանգ հնչեցուց այն մասին, որ առանց կրթական եւ աշխատանքային հեռանկարներու, երիտասարդները դիւրին թիրախ կը դառնան ծայրայեղական գաղափարախօսութիւններու եւ զինուած հակամարտութիւններու, ինչպէս կը տեսնուի Ափրիկէի եւ Ուքրանիոյ պարագային։

Միեւնոյն ժամանակ, ան քննադատեց միջազգային հաստատութիւններու կառոյցը, ուր որոշումները յաճախ կը տրուին միայն «տարեցներու» կողմէ։ Կարդինալ Փարոլինը կոչ ուղղեց վերանորոգելու այդ հաստատութիւնները՝ տեղ բանալով պատրաստուած երիտասարդներուն համար, որոնք կրնան բերել նորարար եւ խաղաղարար լուծումներ։

Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը. Լսել եւ ուղեկցիլ

Վերջապէս, Պետական քարտուղարը շեշտեց Եկեղեցւոյ դերը այս հոլովոյթին մէջ։ Ան յորդորեց քրիստոնէական համայնքը՝ որդեգրել «լսելու եւ ուղեկցելու» քաղաքականութիւն մը։ Ըստ անոր, անհրաժեշտ է երիտասարդներուն ներկայացնել Աստուած մը, որ կը սիրէ զանոնք անվերապահօրէն, եւ ստեղծել միջավայրեր (ինչպէս կաթողիկէ դպրոցներն ու Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերը), ուր անոնք կրնան գտնել իրենց ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2026, 12:44