2026.03.03 Card. Parolin 100° Anniversario Ordinariato Militare

Փարոլին. «Թող Տէրը լռեցնէ զէնքերը, եւ մարդիկ հաշտուին իրար հետ»

Պետական քարտուղարը Սուրբ Պօղոսի անուան Քահանայապետական տաճարին մէջ նախագահեց Սուրբ Պատարագ մը՝ զինուորական Մատրանապետութեան հարիւրամեակին առիթով։ Մատրանապետութիւնը հիմնուած է 1926-ին՝ զինուորներու կրօնական կեանքին հոգատարութիւն մատուցելու նպատակով։ «Եկեղեցին չի դադրիր խաղաղութեան մշակոյթ մը խթանելէ, խաղաղութիւն մը՝ որ միամիտ ու անզէն պարզութիւն չէ, այլ արդարութեան համբերատար կառուցում, երկխօսութիւն եւ հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութիւն»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կարդինալ Փիերթօ Փարոլինը 3 Մարտ 2026-ի առաւօտեան Պարիսպներէն դուրս Սուրբ Պօղոսի անուան Քահանայապետական Պազիլիքային մէջ գլխաւորեց Իտալիոյ Զինուորական Մատրանապետութեան հարիւրամեակին նուիրուած պատարագը։ Մատրանապետութիւնը հիմնուած է 1926-ին՝ զինուորներուն հոգեւոր խնամքը ապահովելու համար։

Քարոզին ընթացքին Ծիրանաւորը խաղաղութեան կոչ ուղղեց՝ աղօթելով, որ «Տէրը լռեցնէ զէնքերը եւ մարդիկ հաշտուին իրար հետ»։

Դիմելով զինուորական մատրանապետներուն եւ ներկայ Զինուած Ուժերու ներկայացուցիչներուն՝ Կարդինալ Փարոլին շեշտեց իշխանութիւնը որպէս ծառայութիւն ապրելու անհրաժեշտութիւնը՝ ներշնչուած Խաչէն, եւ Եկեղեցւոյ պարտաւորութիւնը խաղաղութեան մշակոյթ մը զարգացնելու՝ հիմնուած արդարութեան, երկխօսութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ։

Ան ընդգծեց զինուորներու խղճմտանքը պահպանելու կարեւորութիւնը՝ «մարդուն ամենագաղտնի սրբավայրը», դաստիարակելով պատասխանատուութեան եւ ներքին ազատութեան, նոյնիսկ հակամարտութեան պայմաններուն մէջ։

Յիշատակ մը կատարուեցաւ նաեւ արտասահմանեան առաքելութիւններու մէջ ծառայող զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար՝ մաղթելով, որ զինուորական ծառայութիւնը դառնայ արդարութեան եւ խաղաղութեան վստահելի նշան մը։

«Եկեղեցին չի դադրիր խաղաղութեան մշակոյթ մը խթանելէ, խաղաղութիւն մը՝ որ միամիտ ու անզէն պարզութիւն չէ, այլ արդարութեան համբերատար կառուցում, երկխօսութիւն եւ հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութիւն» հաստատեց ի միջի այլոց Կարդինալ Փարոլինը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/03/2026, 13:05