Որոնել

2026.03.18 Parolin presentazione libro Prevost

Կարդինալ Փարոլին. «Թրամփին եւ Իսրայէլին պիտի ըսէի՝ շուտափոյթ վերջ դրէք պատերազմին, սրացման վտանգը դռան առջեւ է»

Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատին մէջ՝ Լեւոն Պապի մասին գիրքի ներկայացման առիթով, պատասխանելով միջազգային իրավիճակի մասին ուղղուած հարցումներուն, կոչ ըրաւ դադրեցնելու լարուածութիւնը։ Ան յայտնեց, թէ եթէ Տոնալտ Թրամփին հանդիպէր, պիտի ըսէր «շուտափոյթ վերջ տալ պատերազմին», որովհետեւ սրացման վտանգը մօտ է։ Նոյն կոչը ուղղեց նաեւ Իսրայէլին՝ շեշտելով, որ «Լիբանանը հանգիստ թողու» եւ խնդիրները լուծել երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան միջոցաւ.
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատին մէջ՝ Լեւոն Պապի մասին գիրքի ներկայացումին առիթով Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փարոլինը, որ մասնակցած էր ներկայացումին,  պատասխանելով միջազգային իրավիճակի մասին լրագրողներու կողմէ իրեն ուղղուած հարցումներուն, կոչ ըրաւ դադրեցնելու լարուածութիւնը։ Ան յայտնեց, թէ եթէ Տոնալտ Թրամփին հանդիպէր, պիտի ըսէր «շուտափոյթ վերջ տալ պատերազմին», որովհետեւ սրացման վտանգը մօտ է։ Նոյն կոչը ուղղեց նաեւ Իսրայէլին՝ շեշտելով, որ «Լիբանանը հանգիստ թողու» եւ խնդիրները լուծէ երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան միջոցաւ.

Փարոլին խօսեցաւ նաեւ իր եւ Լեւոն Պապի միջեւ յարաբերութեան մասին զայն որակելով դրական ու հիմնուած ունկնդրութեան եւ քննարկումի վրայ։

Ան ապա ընդգծեց Լեւոն ԺԴ.ի Քահանայապետութեան «բանալի» երեք յատկութիւններ.

«Զինաթափ եւ զինաթափող» խաղաղութիւն, որ զորեղ կոչ է վար առնելու զէնքերը եւ մերժելու իշխանութեան ու շահոյթի տրամաբանութիւնը, իր նախորդներու ուղիին վրայ։

Եկեղեցւոց միութիւնը, որ կը նշանակէ խուսափիլ բաժանումներէն՝ բացուածութեան եւ աւանդապաշտութեան միջեւ, եւ խթանել ներքին երկխօսութիւնը։

Սինոդական ոճ` այսինքն կառավարման ձեւ մը, որ հիմնուած է ունկնդրութեան, մասնակցութեան եւ համատեղ որոշումներու վրայ։

Լրագրող Ինաիցիօ Ինկրաօ եւ Օգոստինեան միաբան Հայր Ճուզփփփէ Փականոյի ստորագրութիւնը կրող «Լեւոն ԺԴ․ Ո՞վ կը կարծէք, որ ես եմ։ Ես Սուրբ Օգոստինոսի որդին եմ» վերնագիրը կրող գիրքի ներկայացումին բացի Կարդինալ Փարոլինէն` ելոյթ ունեցան նաեւ Հայր Ժոզէֆ Ֆարրել` Սուրբ Օգոստինոսի Միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորը, Իտալական միջխորհրդարանական միութեան խումբի նախագահ Փիեր Ֆերտինանտօ Քազինի եւ Սուրբ Սիրտ Հռոմէական Կաթողիկէ համալսարանի ռեկտոր` Էլենա Պեքքալլի։

Հայր Ֆարրելը լուսաբանեց Լեւոն Պապի (Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոստ) կերպարը՝ շեշտելով անոր հարուստ փորձառութիւններով լի ուղին եւ մեթոդական ոճը․ ան կը լսէ, կը վերլուծէ, կը խորհրդակցի եւ ապա որոշում կը կայացնէ, յայտնեց ի միջի այլոց Հայր Ֆարրելը եւ նաեւ հրաւիրեց շարունակել աղօթել Քահանայապետին համար։

Փիեր Ֆերտինանտօ Քազինին ընդգծեց Լեւոն ԺԴ-ի խաղաղութեան ի սպաս յանձնառումը, որպէս շարունակութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապի ուղիին, մինչ Էլենա Պեքքալլին շեշտեց կրթութեան արժէքը՝ որպէս ամբողջական անձի կազմաւորման գործընթաց, ներշնչուած Սուրբ Օգոստինոսի մտածումէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/03/2026, 08:00