Որոնել

Seconda edizione de �Il Tavolo del Ramadan � Iftar�

Կարդինալ Փարոլին. Զատիկը խաղաղութեան տօն է, դադրեցնել պատերազմը

Վատիկանի Հրատարակչական Գրադարանի մէջ իտալացի քաղաքական գործիչ Ալչիտէ Տէ Կասփերիին նուիրուած ուսումնասիրութեան օրուան ծիրէն ներս, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը պատասխանած է լրագրողներու հարցերուն։ յոյս յայտնելով, որ Սուրբ Երկրի մէջ առնուազն սրբավայրերուն մէջ կարելի ըլլայ մատուցեց Սուրբ Շաբաթուան ծիսակատարութիւնները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Վերջ տալ այս յիմարութեան` որ պատերազմն է։» Կոչն է սա, որ հնչեցուց Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը Վատիկանի Հրատարակչական Գրադարանի մէջ իտալացի քաղաքական գործիչ Ալչիտէ Տէ Կասփերիին նուիրուած ուսումնասիրութեան օրուան ծիրէն ներս, պատասխանելով լրագրողներու կողմէ իրեն ուղղուած հարցումներուն

Ան յոյսյայտնեց, որ Միջին Արեւելքի «սրբատեղիներուն մէջ», «կարելի ըլլայ կատարել Սուրբ Շաբաթուան պաշտամունքային կարգերը»։ Սուրբ Զատկուան առիթով ան կրկին կոչ բարձրացուց՝ դադարեցնելու բռնութիւնները.․ «Զատիկը խաղաղութեան տօնն է, վերածնած Քրիստոսի խաղաղութեան տօնը, ուստի այս մէկը յատուկ առիթ է՝ նորէն հնչեցնելու այս հրաւէրը եւ աւարտելու այս յիմարութիւնը, որ պատերազմն է» ըսաւ ի միջի այլոց Փարոլինը։

Իտալիոյ քաղաքականութեան մասին խօսելով Ծրանաւորը նկատել տուաւ, որ հակամարտութիւնը օգտակար չէ հանրային բարիքի համար, նշելով թէ ինք կը հաւատայ աւելի մեծ համերաշխութեան եւ համագործակցութեան։

Երիտասարդներուն եւ դպրոցական բռնութեան մասին արտայայտուելով, ան շեշտեց արժէքներուն վրայ կրթութեան կարեւորութիւնը եւ դպրոցի դերը՝ որպէս յարգանքի, համատեղ գոյակցութեան եւ դրական կապեր կառուցելու վայր։

Վերջապէս, հին Պատարագի եւ պաշտամունքի թեմայի շուրջ, Կարդինալ Փարոլին վերահաստատած է, որ այս բոլորը պէտք չէ դառնան հակամարտութեան կամ բաժանման պատճառ, այլ պէտք է կառավարուին՝ համադրելով օրինական պահանջները առանց պաշտամունքը վերածելու «պայքարի դաշտի»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2026, 12:00