Որոնել

2026.03.15 cardinale Parolin ad Assisi

Սուրբ Ֆրանչիսկոսէն աշխարհին ուղուած խաղաղութեան եւ եղբայրութեան պատգամ. Կարդինալ Փարոլին

Կիրակի 15 մարտին, Ասսիզիի վերին Պազիլիքային մէջ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիի մահուան 800-ամեակի առիթով տեղի ունեցաւ յատուկ պատարագ։ Պատարագը նախագահեց Վատիկանի պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Խոնարհութիւնը, փոքր բաներու ուրախութիւնը, եւ իրար եղբայրներ զգալը մեր միջեւ, բոլորին եւ ամէն ինչի հետ», «արդիւնաւէտ դարմանն» է, զոր սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին կ՛ առաջարկէ այն աշխարհին, որ այսօր յատկանշուած է «անսանձ տիրանալու ցանկութեամբ, շքեղութեամբ, վատնումով եւ սպառողականութեամբ», եւ ուր կ՚ապրի սերունդ մը, որ կը տառապի «անհանգստութենէ եւ տխրութենէ»՝ «անապահով աշխատանքի», տնտեսական ճգնաժամերու, կլիմայի խնդիրներու եւ բոլորը բոլորի դէմ պատերազմի պատճառով։

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի մտածումներն են ասոնք` զոր Ան ներկայացուց Կիրակի` 15 Մարտի առաւօտեան ժամը 11-ին, Ասսիզիի վերին Պազիլիքային մէջ մատուցած պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Ասսիզիի աղքատիկ սուրբի մահուան 800-ամեակի ծիրէն ներս ձեռնարկուած մասունքներու արտակարգ ցուցադրութեան առիթով։

Իր քարոզին մէջ ան նշեց, որ այսօրուան աշխարհը լի է անհանգստութեամբ, պատերազմներով, տնտեսական դժուարութիւններով եւ ապագայի նկատմամբ անորոշութեամբ։ Այս իրավիճակին մէջ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի պատգամը կը դառնայ շատ արդիական։ Ան կը սորվեցնէ զսպուածութիւն, փոքր բաներուն մէջ ուրախութիւն գտնել եւ բոլոր մարդոց ու ամբողջ արարչագործութեան հետ եղբայրութիւն ապրիլ։

Կարդինալ Փարոլինը յիշեցուց, որ Սուրբ Ֆրանչիսկոս, հակառակ իր համեստ ծագումին ու գիտութեան բացակայութեան, մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ ամբողջ աշխարհի վրայ։ Անոր անձնաւորութիւնը բնութագրուած էր խոնարհութեամբ, խաղաղ բնաւորութեամբ, աղօթքով եւ Աստուծոյ նկատմամբ խոր նուիրումով։

Սուրբ Ֆրանչիսկոսի երեք հիմնական արժէքները՝ «կատարեալ ուրախութիւն», «բարձրագոյն աղքատութիւն» եւ «համընդհանուր եղբայրութիւն», այսօր եւս կարող են դարման ըլլալ մարդկութեան տխրութեան եւ անհանգստութեան։

Քարոզին աւարտին Ծիրանաւորը յիշեց, որ Ֆրանչիսկոս «Արարչագործութեան օրհներգը» գրեց ծանր ու մութ ժամանակի մը մէջ։ Նմանապէս այսօր, երբ պատերազմները կը մթագնեն աշխարհի հորիզոնը, անոր պատգամը կը յիշեցնէ խաղաղութեան, հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ կարեւորութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2026, 07:40