Որոնել

Կարդինալ Լուտովիքօ Ալթիերի Կարդինալ Լուտովիքօ Ալթիերի  

Եկեղեցին կ՝ունենայ վեց նոր Ասուծոյ ծառայ եւ աղախիններ

Սուրբ Աթոռը պաշտօնապէս վաւերացուց շարք մը հրամանագիրներ, որոնք կը ճանչնան տարբեր երկիրներէ եկած հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու, ինչպէս Կարդինալ Ալթիերիի եւ Հայր Ֆլանականի հերոսական առաքինութիւններն ու կեանքի ընծայումը։ Այս որոշումով Եկեղեցին կը մեծարէ անոնց բացառիկ նուիրումը չքաւորներուն, ընտանիքներուն եւ որբերուն՝ զանոնք հռչակելով հաւատքի տիպարներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 23 Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը հաղորդեց, թէ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը, Սուրբերու դատի Վերատեսչութեան վերատեսուչ, Կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոյի հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, արտօնեց հրապարակելու շարք մը հրամանագիրներ, որոնք կը վերաբերին նոր Աստուծոյ ծառաներու եւ աղախիններուն։

Աստուծոյ ծառայ Լուտովիքօ Ալթիէրի։ Ան ծնած է Հռոմ 17 յուլիս 1805-ին եւ մահացած է 11 օգոստոս 1867ին։ Եղած է Եպիսկոպոս եւ ծիրանաւոր Ալպանոօ Թեմի։

Հայր Էտուարտօ Ճուզեփփէ Ֆլանական (1886-1948): Իրլանտացի քահանայ, որ ԱՄՆ-ի մէջ հիմնեց նշանաւոր «Մանչերու Քաղաքը» (Boys Town)՝ յոյս եւ ապագայ պարգեւելով հազարաւոր որբ ու լքուած պատանիներու։

Հայր Անրի Քաֆարել (1903-1996): Ֆրանսացի քահանայ, որ հիմնադիրն է «Equipes Notre Dame» շարժում՝ նուիրուած քրիստոնեայ ընտանիքներու հոգեւոր վերելքին։

Քոյր Ստանիսլաւա Սամուլովսկա (1865-1950): Լեհ կրօնաւորուհի, որ իր առաքելութիւնը ծաւալեց Կուաթեմալայի մէջ՝ ծառայելով չքաւորներուն։

Քոյր Մարիա տի Պեթլեմէ Ռոմերօ Ալկարին (1916-1977): Սպանացի կրօնաւորուհի, որ յատկանշուեցաւ իր խոնարհութեամբ եւ Աստուծոյ հանդէպ բացառիկ սիրով։

Ճուզեփփէ Քասթանյեթթի (1909-1965): Իտալացի աշխարհական եւ ընտանիքի հայր, որ ապրեցաւ իր քրիստոնէական կոչումը ամենօրեայ կեանքի ու աշխատանքի մէջ՝ դառնալով տիպար հաւատացեալ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/03/2026, 13:06