2026.03.19 Monsignor Luigi Roberto Cona

Գերապ. Լուիճի Ռոպէրթօ Քոնա նշանակուեցաւ Սուրիոյ մօտ Առաքելական

Նոր Նուիրակը կը ստանձնէ պաշտօն մը` որ տասնութ տարուայ ընթացքին, 2008-էն մինչև անցեալ փետրուար ամիսը, վարեց Կարդինալ Մարիօ Զենարին, որ հրաժարականը ներկայացուց տարիքի բերումով։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Սուրիան ունեցաւ իր նոր Պապական Նուիրակը յանձինս Գերապ. Լուիիճի Ռոպէրթօ Քոնայի, որուն Լեւոն ԺԴ. Պապին կողմէ նշանակումը հրատարակուեցաւ այսօր` 19 Մարտին։

Գերապ. Քոնա 2022 թուականէն ի վեր կը ծառայէր Էլ Սալվաթորի մէջ, որպէս Քահանայապետի ներկայացուցիչ։ Ան եղած է նաեւ Պետական քարտուղարութեան Գլխաւոր Գործերու Խորհրդատու։

Նոր Նուիրակը կը ստանձնէ պաշտօն մը` որ տասնութ տարուայ ընթացքին, 2008-էն մինչև անցեալ փետրուար ամիսը, վարեց Կարդինալ Մարիօ Զենարին, որ հրաժարականը ներկայացուց տարիքի բերումով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/03/2026, 12:05