Լիբանանի մէջ Առաքելական Նուիրակը դարձեալ այցելեց Հարաւային Լիբանանի տարածքները
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Ամայի տարածքներ՝ առանց որևէ կենդանի շունչի», «փլատակներ», «ցաւոտ լռութիւն, որ կ՛ընդհատուի միայն ականանետի կրակոցներով»։ Պատկերաւոր այս կերպով է` որ Լիբանանի մէջ Առաքելական Նուիրակ` Գերապ. Փաոլօ ՊորՃան նկարագրեց սարսափի տեսարանները, որոնք բացայայտուեցան իր աչքերուն առջեւ` երկուշաբթի, մարտ 16-ին, Պէյրութէն դէպի երկրի հարաւ կատարած իր ճանապարհորդութեան ընթացքին՝ մինչև Լիբանանը Իսրայէլէն բաժնող սահմանագիծ։
Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը այնտեղ մեկնած է մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու համար, ինչպէս նաև փոխանցելու «մերձեցումի, խաղաղութեան և յոյսի» պատգամ մը։
Վերջին օրերուն այս երկրորդ անգամն է, որ պապական ներկայացուցիչը կ՛այցելէ քրիստոնէական գիւղեր, ինչպէս նաև այնտեղ ապրող մահմետական համայնքներ, որոնք ներկայիս կը գտնուին Իսրայէլի և Հըզպալլայի խաչաձև կրակի տակ։
Այցելութեան ընթացքին,Վատիկանի ներկայացուցիչը Ռմէյշ, Տեպել եւ Այն Էպել գիւղեր տարաւ մարդասիրական օգնութեան կարաւան մը, տարբեր տեսակի օգնութիւններով եւ դեղորայքով կազմակերպուած Caritas-ի եւ L’Œuvre d’Orient-ի կողմէ, ռմբակոծումներու եւ վախի տակ ապրող բնակչութեան։
«Ես հանդիպեցայ քրիստոնեայ համայնքներուն, այցելեցի նաև ապաստանարաններ, ուր տեղաւորուած են հարևան գիւղերէն եկած փախստականներ՝ նախ և առաջ անոնց տանելու մօտիկութեան զգացում մը, հուսկ Լեւոն ԺԴ. Պապի մերձաւորութեան, խաղաղութեան եւ յոյսի պատգամը՝ ինչպէս նաեւ տիեզերական Եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը» ըսաւ Նուիրակը Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յիշելով նաեւ անցեալ Կիրակի օր Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Լեւոն ԺԴ. Պապին «խաղաղութեան կոչը», որով Ան «ձայն տուաւ Մերձաւոր Արևելքի քրիստոնեաներուն և բոլոր բարի կամքի տէր մարդոց խաղաղութեան ճիչին», յարեց Գերապ. Պորճա ու յայտնեց թէ դէպի Պէյրութ վերադարձի ճանապարհի ընթացքին ինք կանգ առաւ Սուրի մէջ, ուր հանդիպեցաւ շիիթ կրօնական առաջնորդներու եւ գաղթականներու հետ, որոնք ապաստան գտած էին մարոնիթ համայնքներու մօտ՝ նշելով որ «անոնց եւս ուզեցի իմ մօտիկութիւն արտայայտել»։
Հակամարտութիւնը կը հարուածէ առանց տարբերութեան քրիստոնեաներն ու մահմետականները, յայտնեց Գերապ Պորճա որուն առաքելութիւնը կը կատարուի աճող բռնութիւններու պայմաններուն մէջ, որոնք արդէն պատճառ դարձած են մօտ մէկ միլիոն տեղահանուածներու։
«Պատերազմը այս է», ըսաւ տխրութեամբ Առաքելական Նուիրակը ՝ ընդգծելով մարդասիրական աջակցութեան հրատապ կարիքը եւ խաղաղութեան նոր ջանքերու անհրաժեշտութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ