2026.03.13 Il nunzio in Libano, monsignor Paolo Borgia, nei villaggi del Sud

Լիբանան. Պապական Նուիրակը հարաւային գիւղերուն մարդասիրական օգնութիւն տարաւ. «Ժողովուրդը աջակցութեան կարիքն ունի» ըսաւ Ան

Գերապայծառ Փաոլօ Պորճա` Լիբանանի մէջ Սուրբ Աթոռի առաքելական Նուիրակը ուրբաթ 13 Mարտի երեկոյեան այցելեց Լիբանանի հարաւային շրջանը՝ բաժնելով 15 թոն մարդասիրական օգնութիւն պարունակող փաթեթներ։ «Այս մէկը շատ գեղեցիկ փորձառութիւն մըն էր։ Հանդիպեցանք տարբեր համայնքներու, որոնք մեծ վստահութիւն ունին Սուրբ Աթոռին եւ Պապին նկատմամբ, զոր տեսած էին Պէյրութի մէջ», ըսաւ ան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Լիբանանի մէջ Սուրբ Աթոռի առաքելական Նուիրակը՝ Գերապ. Փաոլօ Պորճա, այցելած է երկրի հարաւային շրջանի մի քանի գիւղեր՝ բաժնելու համար շուրջ 15 թոն մարդասիրական օգնութիւն որ տրամադրուած էր «L’Œuvre d’Orient» կազմակերպութեան կողմէ պատերազմէն տուժած համայնքներուն համար։

Վատիկան Նիուզի Իտալական խմբագրութեան լրագրող Սալվաթորէ Չեռնուցիոյի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Նուիրակը պատմեց, որ այցելութեան ընթացքին հանդիպեցաւ տարբեր կրօնական եւ համայնքային խումբերու հետ՝ մարոնիթ, ուղղափառ, յոյն-մելքիթ, լատին ինչպէս նաեւ տիւրզի եւ սիւննի բնակիչներ, ընդգծելով` որ ժողովուրդը մեծ վստահութիւն ունի Սուրբ Աթոռին եւ Պապին նկատմամբ, յատկապէս վերջինիս Պէյրութ կատարած այցելութենէն ետքը` անցեալ տարուայ Նոյեմբերի աւարտին եւ Դեկտեմբերի սկիզբը։

Հակառակ վտանգաւոր իրավիճակին՝ Նուիրակը անձամբ ուզած է մասնակցիլ օգնութեան բեռնաթափման եւ բաշխման աշխատանքներուն։ Ան նշեց, որ այդ պահերը եղբայրութեան եւ համերաշխութեան գեղեցիկ փորձառութիւն եղան, նոյնիսկ այն պարագային, երբ աղօթքի ընթացքին մօտակայ վայրերուն մէջ ականանետային կրակոցներ հնչեցին։

Գերապայծառ Պորճան մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ, որ հարաւային շրջաններու շատ ճամբաներ ռմբակոծուած են եւ որոշ գիւղեր գրեթէ մեկուսացած, քանի որ հաղորդակցութեան ուղիները կը կտրուին։ Միեւնոյն ժամանակ ան նշեց որ Պէյրութի մէջ բնակչութեան մեծ տեղահանութիւն կայ հարիւր հազարաւոր մարդիկ գրանցուած են պետական աջակցութիւն ստանալու համար, իսկ այլ հազարաւորներ ապաստան գտած են ընդունման կեդրոններու մէջ։

«Այսօր Պէյրութի շիիթ թաղամասերու մեծ մասը գրեթէ դատարկ է, որովհետեւ բնակչութիւնը զանգուածաբար կը տեղափոխուի։ Մօտ 800 հազար մարդ գրանցուած է Սոցիալական հարցերու նախարարութեան կայքին մէջ օգնութիւն ստանալու համար, մինչդեռ ընդունման կեդրոններու մէջ կը գտնուին շուրջ 120 հազար տեղահանուածներ» նշած է Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը յոյս յայտնելով նաեւ, որ պատերազմը շուտով աւարտի եւ Լիբանանը կրկին գտնէ խաղաղութեան ճանապարհը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2026, 08:02