Սուրիա. Նորանշանակ Նուիրակը. «Յուսամ, որ քրիստոնեաները կարողանան մնալ որպէս երկխօսութեան կամուրջ»
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Սուրիոյ նոր առաքելական նուիրակը՝ Գերապ. Լուիճի Ռոպերթօ Քոնա, կը պատրաստուի սկսելու իր առաքելութիւնը յստակ պատգամով մը`․ քրիստոնեաները կրնան եւ պէտք է մնան որպէս «երկխօսութեան կամուրջ» մը՝ հակամարտութիւններով եւ բաժանումներով յատկանշուած երկրի մը մէջ։
Ան այս մէկը կը յայտնէ Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին։
Յիշելով Յորդանանի մէջ իր փորձառութիւնը՝ Մոսուլի փախստականներու ճգնաժամին ընթացքին, Գերապ. Քոնա կը շեշտէ դժուարութիւններու մէջ ապրուած հաւատքի զօրութիւնը եւ միջազգային զօրակցութեան կարեւորութիւնը։
Սուրիոյ համար՝ կը մաղթէ այնպիսի պայմաններ, որոնք հնարաւորութիւն տան քրիստոնեաներուն մնալու, ճանչնալով անոնց պատմական դերը՝ տարբեր հաւատքներու միջեւ երկխօսութիւն, զարգացում եւ համակեցութիւն խթանելու մէջ։
Սուրիոյ փխրուն պայմաններուն մէջ, Վատիկանի դիւանագէտը կը շեշտէ ապա երկխօսութեան կարեւորութիւնը՝ որպէս խաղաղութեան միակ ճանապարհ, հետեւելով Լեւոն ԺԴ-ի ուղղութեան։ Ան կը յայտնէ, թէ պատրաստ է համագործակցելու իշխանութիւններուն հետ, «այժմէն իսկ» «վստահեցնելով իր պատրաստակամութիւնը» եւ խթանելու գործնական նախաձեռնութիւններ՝ վերաշինութեան եւ պատերազմէն ու աղէտներէն տուժած բնակչութեան աջակցելու համար։
Այս ուղղութեամբ ան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց նաեւ աջակցելու մարդասիրական ծրագրերուն, յատկապէս անոնց որոնք տակաւին անօթևան են երկրաշարժէն յետոյ, ապա շեշտեց ու պաշտպանեց «լուռ» դիւանագիտութեան արժէքը, որ յաճախ քիչ տեսանելի է, բայց արդիւնաւէտ։
Ի վերջոյ յիշելով Սուրբ Օսքար Ռոմերոն, Գերապ. Քոնա զայն ներկայացուց որպէս քաջ և ոչ գաղափարական հովիւ օրինակ, հաւատարիմ Աւետարանին մինչև կեանքի զոհաբերութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ