Որոնել

Զամզամ, Կանայք, աղքատութիւն Զամզամ, Կանայք, աղքատութիւն 

Սուրբ Աթոռը. «Վերացնե՛լ կիներուն դէմ խտրականութեան պատնէշները»

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Սուրբ Աթոռի առաքելութիւնը կոչ ուղղեց վերացնելու կիներու դէմ ծառացած իրաւական ու ընկերային բոլոր խտրականութիւնները՝ շեշտելով արդարութեան հաւասար հասանելիութեան անհրաժեշտութիւնը։ Պատուիրակութիւնը յատկապէս դատապարտեց մարդկային առեւտուրն ու շահագործման բոլոր ձեւերը՝ պահանջելով պաշտպանել կիներու եւ աղջիկներու արժանապատուութիւնն ու յատուկ կարիքները թէ՛ ընտանիքէն ներս եւ թէ՛ կալանավայրերու մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Միացեալ Ազգերուն Կազմակերպութեան մօտ Վատիկանի մնայուն առաքելութիւնը, մասնակցելով Կիներու կարգավիճակի հարցերով 70-րդ յանձնաժողովի նիստերուն, հանդէս եկաւ կոչով մը՝ պահանջելով կիներու համար արդարադատութեան հաւասար ու անխտիր հասանելիութիւն։

Իրաւական պաշտպանութենէն անդին

Վատիկանի պատուիրակութիւնը շեշտեց, որ կիներն ու աղջիկները կարիքը ունին աւելիին, քան պարզապէս «պաշտօնական լուծումներ գտնել այն պատճառներուն, որոնք կիները կ՝ենթարկեն վտանգներու՝ խլելով անոնցմէ արդարութիւն փնտռելու կարելիութիւնը եւ վիրաւորելով անոնց արժանապատուութիւնը»։ Որպէս հիմնական արգելքներ նշուեցան աղքատութիւնը, իրաւական օգնութեան պակասը, ինչպէս նաեւ գիւղական շրջաններուն մէջ փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան դժուարութիւնները։

Հաւասար հնարաւորութիւններ եւ ընտանեկան առողջ միջավայր

Մէջբերելով Լեւոն ԺԴ. Պապին խօսքերը՝ Վատիկանի ներկայացուցիչները յայտարարեցին. «Արդարադատութեան հաւասար հասանելիութիւնը կը պահանջէ, որ դուստրերը ստանան նոյն միջոցներն ու հնարաւորութիւնները, ինչպէս մանչ զաւակներ»։ Անոնք նաեւ ընդգծեցին, որ արդարութիւնը չի կրնար սահմանափակուիլ լոկ օրէնքի չոր կիրառումով կամ դատաւորներուն գործունէութեամբ, այլ պէտք է դառնայ ապրելակերպ։

Պայքար մարդկային առեւտուրի եւ շահագործումի դէմ

Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ մարդկային առեւտուրի ողբերգութեան, որուն զոհերուն մեծամասնութիւնը կիներ եւ աղջիկներ են։ Սուրբ Աթոռը դատապատեց սեռային շահագործումը, բռնի ամուսնութիւնները եւ փոխնակ մայրութեան գործադրութիւնը, զորս որակեց որպէս կնոջ մարմնի շահագործում։

Իրաւունքներուն պաշտպանութիւն բանտարկութեան ընթացքին

Սուրբ Աթոռը նաեւ պահանջեց արդար պայմաններ ապահովուել կին բանտարկեալներուն համար՝ շեշտելով անոնց առողջապահական եւ սննդառական յատուկ կարիքները, յատկապէս յղիութեան եւ մայրութեան պարագային։ «Միջազգային իրաւունքի համաձայն՝ աղջիկներ պէտք է ստանան յատուկ խնամք եւ տեղաւորուին իրենց տարիքին համապատասխանող վայրերու մէջ», եզրափակեց պատուիրակութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2026, 11:28