Լիբանանի դրօշակը, հաւատացեալ, աղօթք Լիբանանի դրօշակը, հաւատացեալ, աղօթք  (AFP or Licensors)

Լիբանան. Արտաքին գործոց նախարարը Սուրբ Աթոռէն օգնութիւն կը խնդրէ հարաւի քրիստոնեաներուն համար

Լիբանանի կառավարութիւնը պաշտօնապէս դիմած է Սուրբ Աթոռի միջնորդութեան՝ կանխելու համար երկրի հարաւային շրջաններու քրիստոնեայ բնակչութեան տեղահանումը պատերազմական գործողութիւններու պատճառով։ Վատիկանը վստահեցուցած է, որ դիւանագիտական քայլեր կը ձեռնարկէ բռնութիւնները դադրեցնելու եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութիւնը պահպանելու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ բռնութիւններու նոր ալիքի եւ Իսրայէլի հետ սահմանակից շրջաններու ռմբակոծումներուն լոյսին տակ, Լիբանանի կառավարութիւնը պաշտօնապէս դիմած է Վատիկանի միջամտութեան։ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի, Սուրբ Աթոռի Պետութիւններուն հետ յարաբերութեանց քարտուղար, արք. Փոլ Ռիչարտ Կալլակերի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին, խնդրած է Վատիկանի միջնորդութիւնը՝ կանխելու համար հարաւային գիւղերու քրիստոնեայ բնակչութեան տեղահանումը։

Դիւանագիտական ջանքեր եւ տագնապալի կացութիւն

Նախարար Ռաժժի «X» ընկերային ցանցի իր հարթակով տեղեկացուցած է, որ Սուրբ Աթոռէն խնդրած է «միջամտել եւ միջնորդել՝ պահպանելու համար քրիստոնեայ ներկայութիւնը» սահմանամերձ գիւղերուն մէջ։ Ան շեշտած է, որ այս համայնքները միշտ զօրավիգ կանգնած են լիբանանեան պետութեան եւ անոր զինուորական հաստատութիւններուն։

Արքեպիսկոպոս Կալլակեր վստահեցուցած է, որ Սուրբ Աթոռը արդէն իսկ ձեռնարկած է անհրաժեշտ բոլոր դիւանագիտական քայլերուն՝ սրացումը կասեցնելու եւ բնակիչները իրենց հողերուն վրայ պահելու համար։ Ան նաեւ փոխանցած է Լեւոն ԺԴ. Պապի աղօթքներն ու զօրակցութիւնը Լիբանանի ժողովուրդին։

Եկեղեցականներու զոհողութիւնը

Իրավիճակի լուրջ ըլլալը կը հաստատուի նաեւ գետնի վրայ արձանագրուած ողբերգական դէպքերով։ Յունուար 9-ին, Քլայաա գիւղին մէջ սպաննուած է մարոնի քահանայ հայր Փիեռ Էլ Ռայիին, երբ վերջինս կը փորձէր օգնութեան հասնիլ ռմբակոծումէն վիրաւորուած իր ծխականներէն մէկուն։

Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարտինալ Փիետթօ Փարոլին, անդրադառնալով այս դէպքին, յայտնած է, որ Եկեղեցին եւս զերծ չի մնար ընդհանուր տառապանքէն։ Ան մտահոգութիւն յայտնած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան նուազման վտանգին շուրջ՝ նշելով, որ պատերազմն ու ատելութիւնը միայն կը խորացնեն այս տագնապը։

Յիշեցնենք, որ անցեալ դեկտեմբերին Լեւոն ԺԴ. Պապը իր անդրանիկ միջազգային ճամբորդութեան ծիրէն ներս այցելած էր Լիբանան։ Պէյրութի մէջ Սրբազան Քահանայապետը քրիստոնեաներու ներկայութիւնը որակած էր որպէս «առաքելութիւն»՝ յանուն խաղաղութեան քաղաքակրթութեան։

Ներկայիս, մինչ բախումները կը շարունակուին, Վատիկանը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը՝ օգտագործելու « բանականութեան եւ իմաստութեան» դիւանագիտական գործիքները, որպէսզի Լիբանանը չկորսնցնէ իր դարաւոր բազմազանութիւնը եւ քրիստոնեայ դիմագիծը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2026, 10:12