«Գովեալ ըլլաս աւանը»՝ համապարփակ բնապահպանութեան համաշխարհային հարթակ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
9 եւ 10 Մարտ 2026ին, «Գովեալ ըլլաս» աւանին մէջ կ’ընթանայ միջազգային նշանակալի հանդիպում մը, ուր աշխարհի տարբեր ցամաքամասերէն ժամանած աւելի քան 60 համալսարաններու, հետազօտական կեդրոններու եւ միջազգային հիմնական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ՝ ներգրաւուած բնապահպանական ճգնաժամին դէմ պայքարին մէջ, համախմբուած են խորհրդածութիւններու եւ փորձառութիւններու փոխանակման համար։
Հաւատք, գիտութիւն, ընկերային արդարութիւն
Համապարփակ բնապահպանութեան աջակցելու նպատակով կազմուած այս դաշինքը, զոր կը խթանուի «Գովեալ ըլլաս» Բարձրագոյն Կրթութեան Կեդրոնին եւ «Նոթր Տամ» Համալսարանին կողմէ, նպատակ ունի կառուցելու կայուն զարգացման նկատմամբ ամբողջական եւ համակցուած մօտեցում՝ հիմնուած Ֆրանչիսկոս Պապի «Laudato si’ – Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականի տեսլականի եւ Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութեան սկզբունքներուն վրայ։
Հակազդել անհաւասարութիւններուն եւ անարդարութիւններուն
Այդպիսով, միաւորելով հաւատքը, գիտութիւնը եւ ընկերային արդարութիւնը եւ ստեղծելով ընդհանուր ենթակառուցուածք, կայուն գործելակերպերու խթանմամբ զբաղուող այս ցանցը կ’ուզէ ուժեղացնել համապարփակ բնապահպանութեան համաշխարհային ազդեցութիւնը՝ հակազդելու համար շրջակայ միջավայրի քայքայումին, անհաւասարութիւններուն եւ բնապահպանական անարդարութիւններուն։
Աշխատիլ միասին
«Գովեալ ըլլաս» Բարձրագոյն Կրթութեան Կեդրոնին Ընդհանուր Տնօրէն, Կարդինալ Ֆապիօ Պաճօ, կը բացատրէ, թէ ծրագիրին նպատակն է Ֆրանչիսկոս Պապի ընկերային շրջաբերականը վերածել գործնական բովանդակութեան եւ դիմագրաւել բնապահպանական մարտահրաւէրը՝ աշխատելով միասին եւ ձեռքբերելով ու տարածելով գիտելիքներ ամբողջ աշխարհին մէջ։
Գոհունակութիւն՝ ծրագիրի առաջին վեց ամիսներուն համար
Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վերատեսչութեան քարտուղար, Քոյր Ալեսսանտրա Զմերիլլի իր գոհունակութիւնը յայտնեց ծրագիրի պաշտօնական մեկնարկէն սկսեալ առաջին վեց ամիսներուն առիթով․ «Իմ յոյսս է, որ այս հանդիպումէն մարդիկ հեռանան մեծ ցանկութիւններով, բայց նաեւ մեծ պատրաստակամութեամբ՝ միասին գործադրելու զանոնք»։
Ներառական կրթութիւն, վերականգնողական տնտեսութիւն եւ շրջակայ միջավայրի կայունութիւն
Մինչ «Գովեալ ըլլաս» Բարձրագոյն Կրթութեան Կեդրոնին ընդհանուր քարտուղար, ճարտարագէտ Անթոնինօ Էրրիքօ կը բացատրէ, թէ՝ Աւանէն կը ծնի ձեւաչափ մը, որ կրնայ օրինակ դառնալ ամբողջ աշխարհին համար» եւ հիմնուած է երեք հիմնական սիւներու վրայ` ներառական կրթութիւն, վերականգնողական տնտեսութիւն եւ շրջակայ միջավայրի կայունութիւն։
Ըստ անոր աշխատանքի առաջընթաց արդեն կայ, ինչպէս օրինակ Աւանին մէջ առկայ է արեւային համակարգերու ծրագիրով առաջին գրեթէ զրոյական ուժանիւթի սպառում ունեցող (այսպէս կոչուած՝ NZEB - Nearly Zero Energy Building) շէնքը։ Բացի այդ, վերջնական փուլին մէջ է ջրային համակարգի աշխատանքները՝ անձրեւաջուրի եւ օգտագործուած ջուրի մաքրման համակարգով խելացի ոռոգման կայանով՝ ի սպաս ըլլա՛յ աւանդական, ըլլա՛յ վերականգնողական գիւղատնտեսութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ