Գերապ. Կապրիելէ Քաչչան դարձաւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Առաքելական Նուիրակ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Պապը Գերապ. Կապրիելէ Ճորճօ Քաչչան նշանակեց Միացեալ Նահանգներու մէջ Առաքելական Նուիրակ: Ան մինչեւ այժմ կը վարէր Նիուս Եորքի ՄԱԿ-ի գրասենեակի Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդի պաշտօնը։
Գերապ. Քաչչա կը փոխարինէ Ֆրանսացի Կարդինալ Քրիսթոֆ Փիերը որ անցեալ 30 Յունուարին դարձաւ 80 տարեկան. Քահանայապետը ընդունեց վերջինիս հրաժարականը։
Ի լուր նշանակման լուրին Գերապ. Քաչչա ընդգծեց, որ ինք կ՛ ընդունի այս առաքելութիւնը՝ «միութեան ու խաղաղութեան ծառայութեան համար», և ոգեշնչուած է տեղի Եկեղեցւոյ, ժողովուրդի ու պետական մարմինների ջերմ ընդունելութեամբ:
Գեարպ. Քաչչա ծնած է Միլան 24 Փետրուար 1958-ին: Քահանայ ձեռնադրուած է 1983-ին՝ Կարդինալ Քարլօ Մարիա Մարթինիի ձեռամբ։ Ոուղարկուելով Հռոմի Քահանայապետական Եկեղեցական Ակադեմիայ Ան Աստուածաբանական եւ Եկեղեցական կանոնագիտութեան վկայականներ ձեռք բերած է՝ Գրիգորեան Քահանայապետական համալսարանին մէջ:
1991-ին ներգրաւուած է Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ծառայութեան մէջ նշանակուելով Թանզանիա։ 2009-ին Պենետիկտոս ԺԶ. Զինք կը նշանակէ Լիբանանի մէջ Առաքելական Նուիրակ անոր շնորհելով եպիսկոպոսական տիտղոսն ու ձեռնդրութիւնը։ 2017-ին՝ կը մեկնի Ֆիլիփին որպէս Պապական Նուիրակ եւ 2019-ին կը նշանակուի ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ