Որոնել

Սուրբ Պետրոսի տաճարը Սուրբ Պետրոսի տաճարը  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Վատիկանը կը պատրաստուի Սուրբ Զատկուան տօնակատարութիւններուն

Վատիկանի Սուրբ Շաբթուան եւ Զատկուան հանդիսութիւններուն առթիւ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակն ու տաճարը պիտի զարդարուին Իտալիայէն եւ Հոլանտայէն նուիրուած հազարաւոր ծաղիկներով ու արմաւենիներով։ Այս տարի կը նշուի Հոլանտայի կողմէ Քահանայապետին ծաղիկներ նուիրելու աւանդոյթին 40-ամեակը, որուն ձեաւորման պիտի մասնակցին նաեւ միջազգային մասնագէտներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Շաբթուան առթիւ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակն ու համանուն տաճարը պիտի զարդարուին Իտալիայէն եւ Հոլանտայէն ժամանած հազարաւոր բազմագոյն ծաղիկներով ու բոյսերով։ Այս գեղարուեստական յարդարանքները պիտի իրկանացուին Վատիկան Քաղաքի Պետութեան Ենթակառուցուածքներու եւ Ծառայութիւններուն Տնօրէնութեան «Պարտէզներուն եւ շրջակայ Միջավայրի ծառայութեան» մասնագէտներուն կողմէ։

Ծաղկազարդի տօնը եւ ձիթենիի ճիւղերու բաշխումը

Կիրակի, 29 Մարտին, Ծաղկազարդի տօնակատարութեան ընթացքին պիտի բաշխուին 120 արմաւենիներ եւ 120,000 ձիթենիի ճիւղեր, որոնք նուիրուած են «Ձիթաիւղի Քաղաքներու Ազգային Միութեան» (Անպրիա շրջան) կողմէ: Այս առթիւ Վատիկանի մէջ ներկայ պիտի գտնուի յատուկ պատուիրակութիւն մը՝ նախագահ Միքելէ Սոննեսայի եւ տնօրէն Անթոնիօ Պալենզանոյի գլխաւորութեամբ:

Նոյն օրը, Նէոքաթէքումնենալ շարժումի (Cammino Neocatecumenale) կողմէ նուիրուած «Phoenix» տեսակի արմաւենիները պիտի բաշխուին Քահանայապետական Ծիսական Արարողութեանց Գրասենեակի հսկողութեամբ:

Յատուկ յիշատակութեան արժանի են Իտալիոյ Սանրեմօ քաղաքէն ժամանած աւանդական հիւսուած արմաւենիներ, որոնք օրհնուած են մարտ 24-ին, Սան Սիրօ մայր տաճարին մէջ:

Միջազգային Համագործակցութիւն եւ գիտական աջակցութիւն

Սուրբ Զատկուան Հսկումի արարողութեան համար, Վատիկանի պարտիզպաններուն պիտի միանան Սլովենիոյ Նաքլօ եւ Նովօ Մեսթօ կենսաարուեստագիտական կեդրոններու մասնագէտ դասախօսները՝ ստեղծելով եզակի ծաղկային յօրինումներ:

Յոբելենական 40-ամեակ. Հոլանտական ծաղիկներու շքեղութիւնը

Կիրակի, 5 Ապրիլին, Սուրբ Զատկուան հանդիսաւոր տօնին առթիւ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը պիտի վերածուի հսկայ պարտէզի մը: Այս տարի կը լրանայ 40-րդ տարեդարձը այն գեղեցիկ աւանդոյթին, որով Հոլանտան ծաղիկներ կը նուիրէ Քահանայապետին:

Այս տարուան ձեւաւորման համար օգտագործուած են՝ 65,000 կակաչի, նարգիսի եւ հակինթի սոխուկներ: 7,800 թարմ ծաղիկներ (վարդեր, մեխակներ եւ այլն): Հարիւրաւոր ուռենիի եւ եւկալիպտի ճիւղեր:Այս բոլոր ծաղիկները, նախքան Հռոմ փոխադրուիլը, պիտի օրհնուին Երեքշաբթի, 31 Մարտին, Լիսսէի «Keukenhof» ծաղկանոցին մէջ՝ Ռոթերտամի եպիսկոպոս եւ Հոլանտայի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախագահ գերպ. Եոհաննէս վան տեն Հենտէի ձեռամբ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2026, 14:38