Որոնել

Կանայք, առաջնորդութիւն եւ երկխօսութիւն Կանայք, առաջնորդութիւն եւ երկխօսութիւն 

Կարդինալ Քուվաքատ. Կանանց համակրանքը, քաջութիւնը եւ դիմադրողականութիւնը կը կառուցեն խաղաղութիւնը

Իտալիոյ Հանրապետութեան Սենատին մէջ Միջկրօնական երկխօսութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը՝ Կարդինալ Ճորճ Եաքոպ Քուվաքատը, ելոյթ ունեցաւ «Կանայք, առաջնորդութիւն եւ երկխօսութիւն․ կամուրջներ գիտելիքներու, մշակոյթներու եւ հասարակութիւններու միջեւ» համաժողովին, որ կազմակերպուած էր Սուրբ Աթոռի մօտ Ալպանիոյ դեսպանատան կողմէ։ «Տագնապով եւ ապամարդկայնացմամբ լեցուն այս ժամանակաշրջանին անհրաժեշտ է սրտի ապազինում», ըսաւ Ան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Միջկրօնական երկխօսութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ՝ Կարդինալ Ճորճ Եաքոպ Քուվաքատը, ուրբաթ վեց մարտ 2026-ին ելոյթ ունեցաւ Իտալիոյ Հանրապետութեան Ծերակոյտին մէջ կազմակերպուած «Կանայք, առաջնորդութիւն եւ երկխօսութիւն․ կամուրջներ գիտելիքներու, մշակոյթներու եւ հասարակութիւններու միջեւ» խորագրով համաժողովին, որ կազմակերպուած էր Սուրբ Աթոռի մօտ Ալպանիոյ դեսպանատան կողմէ։

Իր խօսքին մէջ ան ընդգծեց խաղաղութեան կառուցման մէջ կանանց հիմնարար դերը՝ շեշտելով, թէ համակրանքը, քաջութիւնը եւ դիմադրողականութիւնը կրնան նպաստել հակամարտութիւններու եւ բաժանումներու յաղթահարման։

Ծիրաաւորը ներկայ համաշխարհային վիճակը նկարագրեց որպէս տագնապով եւ ապամարդկայնացմամբ յատկանշուած ժամանակաշրջան, որ աւելի կը ծանրանայ զինուորական արհեստագիտութիւններու միշտ աւելի զարգացած կիրառութեամբ։ Այս պատճառով ան կոչ ուղղեց «ապազինելու սրտերը»՝ այսինքն զարգացնելու կարողութիւնը հասկնալու ուրիշին ցաւը եւ տեսանկիւնը՝ խթանելով ներողամտութեան եւ հաշտեցման ճանապարհներ հասարակութիւններուն մէջ։

Կարդինալ Քուվաքատը յիշեց ապա պատմութեան մէջ խաղաղութեան ի սպաս յանձնառու շարք մը կիներ, ինչպէս՝ Սիէնացի Սրբուհի Կատարինէն, Էլեանոր Ռուզվելթը եւ Նոպէլեան մրցանակակիր Վանգարի Մաթայը։ Ան ակնարկեց նաեւ իսրայէլացի եւ պաղեստինցի կիներու շարժումներու գործունէութեան, մատնանշելով Women Wage Peace եւ Women of the Sun շարժումներուն, որոնք տարիներէ ի վեր կը խթանեն երկխօսութիւնը եւ կը պահանջեն ներառական դիւանագիտական բանակցութիւններ՝ իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան վերջ տալու համար։

Միջկրօնական երկխօսութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչի համաձայն՝ կանանց բնական համակրանքը եւ դիմադրողականութիւնը կրնան օգնել վերականգնելու ընկերային եւ մշակութային ճեղքերը՝ յաղթահարելով նախապաշարումները եւ բաժանումները։ Ան եզրակացուց, թէ մարդոց եւ կիներու համագործակցութիւնը էական է աւելի արդար, խաղաղ եւ համերաշխ հասարակութիւններ կառուցելու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2026, 09:00