Պատերազմ, Իսրայէլ, Պաղեստին Պատերազմ, Իսրայէլ, Պաղեստին 

«Դրամահաւաք ի նպաստ Սուրբ Երկրին. Կարդինալ Կուճերոթթի. «Շօշափելի յոյս՝ հոն ուր զէնքերը չեն լռեր»

Կարդինալ Կուճերոթթին կոչ կ'ուղղէ համայն կաթողիկէ աշխարհին՝ սատարելու Սուրբ Երկրի աւանդական դրամահաւաքին, որն այսօր կենսական է պատերազմի ու տագնապի մէջ գտնուող քրիստոնեաներու գոյատեւման համար։ Այս նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի նիւթական ու բժշկական օժանդակութեամբ վերականգնել յոյսը հոն, ուր զէնքերու որոտը կը սպառնայ ամայացնել հաւատացեալներու հազարամեայ բնօրրանը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Կաթիլ մը ովկիանոսին մէջ» այսպէս բնորոշեց Սուրբ Երկրի համար կատարուած դրամահաւաքի կարևորութիւնը Արեւելեան Եկեղեցիներու վերատեսչութեան վերատեսուչ, Կարդինալ Քլուտիօ Կուճերոթթին։ Յառաջիկայ Աւագ Ուրբաթ օրուան ընդառաջ, Վատիկանը պաշտօնական կոչ ուղղեց համայն կաթողիկէ աշխարհին՝ սատարելու «Collecta pro Terra Sancta» աւանդական դրամահաւաքի, որ այս տարի կը կատարուի առաւել քան տագնապալի պայմաններու մէջ։

Աշխարհ մը՝ կրակներու մէջ

Իր նամակին մէջ Կարդինալ Կուճերոթթին ցաւով կը նշէ, որ հակառակ խաղաղութեան մասին յայտարարութիւններուն, զէնքերու որոտը չի դադրիր, իսկ լրատուամիջոցները հետզհետէ աւելի քիչ կը խօսին այս հակամարտութեան մասին։ «Այս հրդեհուած աշխարհին մէջ անտարբեր մնալը մեզ կը դարձնէ մեղսակից անոնց, որոնք կը հրդեհեն զայն», կը զգուշացնէ ծիրանաւորը՝ շեշտելով, որ իւրաքանչիւր լումայ կրնայ «մէկ օր աւելի» կեանք պարգեւել հալածուող քրիստոնեաներուն։

Ֆրանչիսկեաններու առաքելութիւնը և մարտահրաւէրները

Սուրբ Երկրի Պահակութեան (Custodia di Terra Sancta) 2024-2025 թուականներու տեղեկագիրը ցոյց կու տայ կատարուած հսկայական աշխատանքը։ Ֆրանչիսկեան միաբանութիւնը, շնորհիւ հանգանակուած գումարներուն, կրցած է օժանդակել փոքրամասնութիւններուն. Սուրիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի և Եգիպտոսի մէջ։

Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է Յորդանանեան Արևմտեան Ափի (Cisgiordania) քրիստոնեայ բանուորներուն, որոնք զուրկ են որևէ ընկերային ապահովագրութենէ։

Յոյսի նշոյլ մը անորոշութեան մէջ

Տնտեսական տագնապը եւ ուխտաւորներու բացակայութիւնը զգալիօրէն նուազեցուցած են տեղական եկամուտները։ Կարդինալը կը նշէ, որ շատերու համար այս դրամահաւաքը միակ միջոցն է գոյատևելու և իրենց հաւատքին համար չբնաջնջուելու։

Ռմբակոծումներու եւ աղէտներու հետեւանքով քանդուած տուները վերաշինելու հրատապ անհրաժեշտութիւն կայ- գրած է Արեւելեան եկեղեցիներուն վերատեսչութեան վերատեսուչը ընդգծելով որ այնտեղ, ուր աւերն ու մահը տիրական են, հանգանակուած գումարները պիտի ծառայեն դեղորայքի եւ բժշկական խնամքի ապահովման։

Լեւոն ԺԴ. Պապի Պատգամը

Կարդինալը կը մէջբերէ նաեւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին խօսքերը, որոնք արտասանուած էին 2025-ի Մայիսին. «Քրիստոնեաներուն պէտք է տրուի հնարաւորութիւն՝ ոչ միայն խօսքով, այլ գործով, մնալու իրենց հողերուն վրայ՝ ապահով գոյութեան համար անհրաժեշտ բոլոր իրաւունքներով»։

«Այս դրամահաւաքը կաթիլ մըն է ովկիանոսին մէջ, բայց ովկիանոսը, կաթիլներ կորսնցնելով, կը վերածուի անապատի», կը գրէ ծիրանաւորը՝ շեշտելով, որ իւրաքանչիւր լումայ կրնայ օգնել եղբօր մը կամ քրոջ մը՝ ապրելու եւս մէկ օր եւ վերագտնելու յոյսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2026, 13:23