Սուրբ Երկրի դրամահաւաքը համախմբման ձեւ մըն է՝ արթնցնելու մարդկային խիղճը եւ օգնելու տառապողներուն․ Կարդինալ Կուճերոթթի
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Աւագ Ուրբաթ օրը տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Երկրի Եկեղեցիներուն եւ քրիստոնեայ համայնքներուն ի նպաստ աւանդական դրամահաւաքը։ Այս տարի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը կը կատարուի պատերազմի պայմաններու մէջ, որ իւղի կաթիլի պէս կը տարածուի եւ աղէտալի հետեւանքներ կը պատճառէ տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդներուն։
Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ, Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին անցեալ 16 Մարտին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ուղղած իր նամակին մէջ, հրաւիրելով մասնակցելու «Collecta pro Terra Sancta» նուիրատուութիւններուն, դատապարտած էր զէնքերու անդադար որոտը եւ հրաւիրած բոլորը խորհելու ու մերժելու աշխարհը հրդեհողներուն համակիրներ ըլլալը։
Մինչ երեկ՝ 19 Մարտին, Վատիկանի Բարձրաստիճան Ներկայացուցիչը, հարցազրոյց մը ունենալով Վատիկան Նիուզին հետ, նշեց, թէ զգացողութիւն ունի, «որ աշխարհի մեծամասնութիւնը չի գիտակցիր այն աղէտին, որ կը հարուածէ մեր քաղաքակրթութիւնը։ Այսօր պատերազմը խթանողներ կը կործանեն ամէն բան, որ կառուցուած էր Երկրորդ Աշխարհամարտէն ետք։ Խօսքը միայն գաղափարներու մասին չէ, այլ նաեւ մարդկանց եւ իրերու, նոյնիսկ անգնահատելի արժէք ունեցող պատմական յուշարձաններու։ Իշխանամոլութիւնը՝ ինքնանպատակ կերպով, եւ ուրիշին ենթարկելը ուժի գործադրութեամբ, ինքնասպան ծրագիր մըն է մարդկութեան համար։ Մեզի՝ քրիստոնեաներուս համար, այս բոլորը հայհոյանք է։
“Սիրէ մերձաւորդ քու անձիդ պէս”, ըսած է մեզի Յիսուս», յարեց Ան եւ բացատրեց, որ այս իրավիճակին մէջ Սուրբ Երկրի դրամահաւաքին առաջնահերթութիւնն է պատասխանատուութիւն ստանձնել մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդէպ, որոնք կը շարունակեն մեռնիլ աշխարհը պատած խելագար բռնութեան պատճառաւ ու կը տառապին սովէն եւ բժշկական օգնութեան պակասէն։
Քրիստոնեայ համայնքներու ապագան՝ վտանգուած
Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ համայնքները, որոնք արդէն խոցելի էին, այսօր կը վախնան իրենց ապագայէն եւ շատեր, հետեւաբար, կ՚ուզեն փախչիլ ։ Ասիկա վտանգ կը ներկայացնէ այդ հին համայնքներու գոյութեան եւ իրենց ինքնութեան համար, ընդգծեց ի միջի այլոց Կարդինալ Կուճերոթթին եւ, օրինակ բերելով Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածը, ըսաւ. «Քանի մը տարիներու ընթացքին կորսնցուցինք քրիստոնեաներուն 80 առ հարիւրը։ Ասիկա կը նշանակէ, որ Սուրբ Երկիրը՝ այն հողը ուր ծնաւ Յիսուս, ուր զարգացաւ առաջին քրիստոնէութիւնը, ուր ծնունդ առին առաջին պատարագները, ուր Եկեղեցւոյ առաջին Հայրերը խօսեցան աշխարհին եւ հարստացուցին վարդապետութիւնը, ուր գումարուեցան Ժողովները, ամբողջովին կը դատարկուի քրիստոնէական խմորէն, որ վկայուած է կենդանի տղամարդկանց եւ կիներու միջոցաւ եւ, որ էապէս մաս կը կազմէ իրենց ինքնութեան։ Որպէս Եկեղեցի չենք կրնար հաշտուիլ այս իրողութեան հետ եւ չենք կրնար իրենց ճակատագրին լքել այս համայնքները` որոնք մեր մէկ մասն են», յարեց Ան։
Գոյատեւումը որպէս առաջնահերթութիւն
Ներկայ պայմաններուն մէջ, ըստ Ծիրանաւորի, նուիրատուութիւններու գլխաւոր նպատակը ոչ թէ ինչպէս միշտ զարգացման ծրագիրներու, փոքր ձեռնարկութիւններու, վերակառուցման եւ սրբավայրերու վերանորոգումն է, այլ՝ կեանքերու փրկութիւնը եւ անմիջական օգնութիւնը։
Կրթութեան կարեւորութիւնը
Միեւնոյն ժամանակ, Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը կարեւոր համարեց աջակցիլ կրթութեան․ աջակցութիւնը դպրոցներուն եւ ընտանիքներուն կ՚օգնէ, որ երեխաները շարունակեն ուսումը եւ ընտանիքները չլքեն իրենց հայրենիքը։
«Կը մտածենք Սուրբ Հօր առաջարկել, որ հաւաքագրութեան մէկ մասը տրամադրուի Սուրբ Երկրի եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ մեր դպրոցները յաճախող քրիստոնեայ երեխաներու ուսման վարձքերու վճարմանը։ Խօսքը աղքատ ընտանիքներու մասին է, որոնք երբեմն իրենց տունը գրաւի կը դնեն, որպէսզի իրենց զաւակներուն կրթութիւն տան եւ իրենց մշակոյթը չկորսուի», յարեց Ան։
Արթնցնել մարդկային խիղճը, վերադառնալ քրիստոնէական արժէքներուն, օգնել տառապողներուն
Կարդինալ Կուճերոթթին նկատել տուաւ այնուհետեւ, որ «շատերու մտքին մէջ, դժբախտաբար, Աստուած փոխարինուած է դրամով, եւ այս կուռքը մարդկային զոհեր կը պահանջէ» որմէ մեկնելով Ան շարք մը հարցումներ ուղղեց․ «Արդեօք ասիկա՞ է այն աշխարհը, զոր կ՚ուզենք»։ «Ի՞նչ պիտի ըլլար մեր արձագանգը, եթէ օր մը մեր զաւակները տանէին պատերազմ»։ «Ինչո՞ւ մեր երիտասարդները կ՚ապրին մոլորութեան զգացում եւ աւելի ու աւելի կը գայթակղին բռնութեան կամ ինքնակործանման»։
Ծիրանաւորը առ այդ ամփոփեց, որ Սուրբ Երկրի դրամահաւաքը համախմբման ձեւ մըն է՝ արթնցնելու մարդկային խիղճը եւ վերադառնալու քրիստոնէական արժէքներուն, օգնելու տառապողներուն, անոնց, որոնք, «կը տառապին այն վայրերուն մէջ, ուր կը շնչուի Յիսուս Քրիստոսը։ Չթողունք, որ ամբողջ աշխարհի համար խորհրդանիշ հանդիսացող այդ վայրերուն եւ ժողովուրդներուն խորհուրդներուն բնոյթը ջնջուի» եղաւ Անոր վճռական ամփոփիչ կոչը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ