Սուրբ Աթոռը կոչ կընէ դադրեցնելու «ատելութեամբ եւ վրէժխնդրութեամբ լեցուն» լեզուի գործածութիւնը։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռը կոչ կ՛ ընէ «դադրեցնել ատելութեամբ եւ վրէժխնդրութեամբ լեցուն լեզուի գործածութիւնը եւ յանձն առնելու անկեղծ երկխօսութիւն մը», նպատակ ունենալով գտնել արդար եւ տեւական լուծումներ աշխարհը հարուածող ճգնաժամերուն։ Ան նաեւ կ՛ ողջունէ ՄԱԿ-ի Փախստականներու Բարձր Յանձնակատարութեան (UNHCR) ջանքերը՝ «մարդասիրական օգնութիւնը կապելու զարգացման եւ խաղաղութեան կառուցման հետ՝ պետութիւններու եւ տեղական դերակատարներու սերտ համագործակցութեամբ»։ Այս մասին շեշտած է Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դէտ` Գերապայծառ Էթթորէ Պալեսթրերօ, 25 Մարտին կատարած ի մէկ յայտարարութեան մէջ՝ UNHCR-ի Մշտական Յանձնաժողովի 95-րդ նիստին առիթով, ուր ներկայացուած է Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ գործողութիւններու նորագոյն վիճակը։
Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը խոր մտահոգութիւն յայտնած է ի տես ընթացող հակամարտութիւններուն, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ, շեշտելով որ մարդասիրական կարիքները կ՛աճին, մինչդեռ միջոցները կը նուազին, եւ գոյութիւն ունի անհամաչափութիւն զինուորական ծախսերու եւ մարդասիրական օգնութիւններուն միջեւ։
Ան շեշտած է նաեւ` աւելի մեծ աջակցութիւն ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը այն երկիրներուն, որոնք կը հիւրընկալեն փախստականներ, եւ յիշեցուցած, որ տեղահանուածները թիւեր չեն, այլ մարդիկ՝ իրենց պատմութիւններով եւ արժանապատուութեամբ։
Գերապայծառ Պալեսթրերօ յատուկ ուշադրութեան հրաւիրած է փախստականութեան ճամբարներու մէջ մեծցող երեխաներուն իրավիճակը, որոնք զրկուած են կայունութենէ եւ կրթութենէ. Ապա ընդգծած է որ Կրօնական կազմակերպութիւնները կրնան նպաստել խաղաղութեան՝ խթանելով հաշտութիւն եւ համերաշխութիւն։
Ան ի վերջոյ յղում կատարած է Լեւոն ԺԴ Պապի խօսքերուն վերահաստատելով` որ խաղաղութիւնը կը կառուցուի միայն երկխօսութեան միջոցաւ, ոչ թէ զէնքերով, եւ հրաւիրած է միջազգային համայնքը ստանձնելու բռնութիւնը դադրեցնելու պատասխանատուութիւնը եւ վերակենդանացնելու դիւնագաիտական ուղին։
Իր այլ մէկ յայտարարութեան մը մէջ Սուրբ Աթոռի ՄԱԿ,ի մօտ մնայուն դէտը խոր մտահոգութիւն կը յայտնած է նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ հակամարտութեան սրման կապակցութեամբ, դատապարտելով յարձակումները, ու բոլոր կողմերը հրաւիրելով դադրեցնելու բռնութիւնը, նախ քան որ ան դառնայ «անվերադարձ անդունդ»։
Գերապ. Պալեսթրերօ ցաւ արտայայտած է ապա ի տես բազմաթիւ անմեղ զոհերուն, յատկապէս երեխաներու,ն եւ տեղահանուած ընտանիքներու համար։
Վերահրատարակելով Լեւոն Պապին կոչերը, Սուրբ Աթոռի դէտը շեշտած է որ մարդկային տառապանքին առջեւ կարելի չէ անտարբեր մնալ, եւ կը վերահաստատէ, որ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը ձեռք չեն բերուիր զէնքերով եւ վրէժով, այլ միայն դիւանագիտութեամբ, երկխօսութեամբ եւ միջազգային իրաւունքի նկատմամբ յարգանքով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ