Որոնել

Գերապ. Էթթորէ Պալեսթրերօ Գերապ. Էթթորէ Պալեսթրերօ 

Սուրբ Աթոռը․ «Քրիստոնեաները աշխարհի ամենէն շատ հալածուած համայնքն են»

Ժընեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդ Գերապ. Էթթորէ Պալէսթրերօ՝ հաստատած է. «2025-ին գրեթէ 5000 հաւատացեալ սպաննուած են իրենց հաւատքին պատճառով․ այսինքն՝ օրական մօտաւորապէս տասներեք մարդ»։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

«Մօտ 400 միլիոն քրիստոնեաներ՝ այսինքն իւրաքանչիւր եօթներէն մէկը, հալածանքներու կամ բռնութիւններու զոհ կը դառնան։ Ասոնք աշխարհի մէջ ամենէն շատ հալածուած կրօնական համայնքն են։ 2025-ին գրեթէ 5000 հաւատացեալ սպաննուած են իրենց հաւատքին համար, այսինքն օրական տասներեք անձ»։ Այս մասին յայտարարած է Գերապայծառ Էթթորէ Պալէսթրերօ, ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդը, ելոյթ ունենալով Ժընեւի մէջ կազմակերպուած նախաձեռնութեան՝ որուն նիւթն էր. «Հալածուած քրիստոնեաներու կողքին․ պաշտպանել հաւատքն ու քրիստոնէական արժէքները»։

Նահատակներ եւ վկաներ

«Անոնք, որոնք սպաննուած են իրենց հաւատքին համար, բառի իսկական իմաստով նահատակներ են․ անոնք իրենց հաւատքին վկաներն են» բացատրած է ի միջի այլոց Գերապ. Պալէսթրերօ միեւնոյն ժամանակ շեշտելով, թէ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն անոնք «մարդկային իրաւունքներու աղաղակող խախտումներու զոհեր են»։ Անոնց վկայութիւնը պէտք չէ մոռցնել պետութիւններու պատասխանատուութիւնը, որոնք պարտաւոր էին զանոնք պաշտպանել։

Կրօնական ազատութիւնը

Ան ընդգծած է, որ պետութիւնները պարտաւոր են պաշտպանել կրօնական ազատութիւնը եւ կանխել այսպիսի բռնութիւնները, մինչդեռ անպատժելիութիւնը կը մնայ մեծ խնդիր մը։

Արքեպիսկոպոսը խոր մտահոգութիւն յայտնած է այն միլիոնաւոր հաւատացեալներուն համար, որոնք կը դառնան բռնութեան, ապօրինի կալանաւորումներու, ունեցուածքի բռնագրաւման, ստրկութեան, հարկադրական արտաքսման եւ նոյնիսկ սպանութեան զոհ՝ իրենց կրօնական համոզումներուն պատճառով։

Բացի բացայայտ բռնութիւններէն, գոյութիւն ունին նաեւ աւելի նուրբ եւ երբեմն լուռ հալածանքներ։ Անոնցմէ մէկը, ըստ անոր, կարելի է կոչել «քաղաքավար հալածանք», որ կը դրսեւորուի խտրականութեամբ եւ քրիստոնեաներու աստիճանական մեկուսացմամբ քաղաքական, ընկերային եւ մասնագիտական կեանքէն, նոյնիսկ աւանդաբար քրիստոնէական երկիրներու մէջ։

Խաչի խորհրդանիշը

«Երբեմն օրէնքներն ու վարչական կանոնները սահմանափակում կամ փաստացի կը վերացնեն քրիստոնեաներուն տրուած իրաւունքները, նոյնիսկ Եւրոպայի որոշ շրջաններու մէջ» դիտել տուած է Սուրբ Աթոռին ներկայացուցիչը որ իր ելոյթի աւարտին խօսքը կեդրոնացուց Խաչին վրայ նշելով որ ան «կազմուած է երկու գիծերէ. ուղղահայեաց գիծը որ կը խորհրդանշէ մարդու բացուածքը դէպի Աստուած, եւ հորիզոնական գիծը՝ մարդու կապը ուրիշներուն հետ»։

Ուղղահայեաց չափանիշին դէմ յարձակումները կը փորձեն կտրել մարդու խիղճին եւ Աստուծոյ միջեւ կապը՝ հաւատքը լռութեան մէջ փակելով։ Իսկ հորիզոնական չափանիշին դէմ յարձակումները կը պատահին, երբ քրիստոնեաները կը հալածուին, ինչ որ մարդուն կը զրկէ ճշմարտութեան կոչին ազատօրէն արձագանգելու իր բնական կարողութենէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2026, 12:18