Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապի մահուան առաջին տարելիցին առիթով կը ներկայացուի «Ֆրանչիսկոսի Արժանթինը» վերտառութեամբ վաւերագրական ֆիլմը

Ժամանակի մէջ յետադարձ ակնարկ մը՝ բացայայտելու Ֆրանչիսկոս Պապը երբ տակաւին Քահանայապետը չէր եւ տեսնելու այն վայրերը ուր ան ապրած է,Պուէնոս Այրէսի մէջ երբ Ան տակաւին «պարզապէս» Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոն էր։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Իտալիոյ Ասդի քաղաքին մէջ յառաջիկայ 8 ապրիլին ժամը 18:30-ին Ալֆիերի թատերասրահին մէջ պիտի ներկայացուի «Ֆրանչիսկոսի Արժանթինը» վաւերագրական ֆիլմը, որ պատրաստուած է Էուճենիօ Պոնանաթայի կողմէ՝ համագործակցութեամբ Telepace-ի և Վատիկան Նիուզի։

Այս նախաձեռնութիւնը, որ կազմակերպուած է թեմի և քաղաքի կողմէ, նպատակ ունի յիշել Ֆրանչիսկոս Պապը անոր մահուընէ մէկ տարի ետքը։

Ֆիլմը կը պատմէ Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի կեանքը Պուենըս Այրեսի մէջ, ուղիղ վկայութիւններու միջոցաւ, առանց գեղարուեստական պատմողի ձայնի, Ֆլորես և Ալմաքրօ թաղամասերէն մինչև աղքատ համայնքներ՝ «Վիլաս»-ներէն մինչև եկեղեցիներ ու ուսումնական հաստատութիւններ, ուր ան դասաւանդած է։

Պարզ կ՛ երևին անոր անձին բնոյթը ու հովուական գործունութիւնը, խոնարհութիւնը, միջկրօնային երկխօսութիւնը և աղքատներու նկատմամբ ուշադրութիւնը։

Միջոցառման բացումը պիտի կատարէ թեմի եպիսկոպոս Գերապ. Մարքօ Փրասթարօն և քաղաքապետ Մաուրիցիօ Ռազերոն, ինչպէս նաև Վատիկանի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը Տիար Փաոլօ ՌուֆՖինին հերակապ ելոյթով։

Ասդի քաղաքէն ետքը կը նախատեսուին այլ խորհրդանշական ցուցադրութիւններ՝ Լամփետուզայի և Հռոմի Ռեճինա Չելի բանտին մէջ։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2026, 11:31