Որոնել

2025.02.28 Adorazione Eucaristica e Santa Messa - Policlinico Gemelli

13 և 14 Մարտին «24 Ժամ Տիրոջ համար» տարեկան ձեռնարկը

«24 Ժամ Տիրոջ համար» ձեռնարկը սկիզբ առած է Ֆրանչիսկոս Պապին կամքով 2014 թուականին, դառնալով տիեզերական եկեղեցւոյ տարեկան ձեռնարկ մը եւ ժամանակ որուն ընթացքին վերաբացայայտել Խոստովանանքի գեղեցկութիւնը, երկրպագութեան զօրեղ ուժը եւ ներումի ուրախութիւնը։ Ամէն տարի, ամբողջ օրուայ մը երկարութեամբ, աշխարհի բոլոր եկեղեցիները բաց կը մնան 24 ժամ շարունակ՝ հրաւիրելով բոլորը կատարելու Սուրբ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութիւնը եւ հանդիպելու Աստուծոյ ողորմածութեան՝ խոստովանութեան խորհուրդին միջոցաւ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այս տարի եւս քառասնորդաց շրջանին նախատեսուած է «24 Ժամ Տիրոջ համար» տարեկան ձեռնարկը` որ այս տարի կը բոլորէ 13 տարին եւ որ աղօթքի եւ ապաշխարութեան ծրագիր մըն է, որ ամէն տարի կը կատարուի աշխարհի բոլոր թեմերուն մէջ Քառասնորդաց Մեծ Պահքի չորրորդ կիրակիի նախօրէին։

Այս տարուան համար Լեւոն ԺԴ. Պապին կողմէ ընտրուած կարգախօսն է «Եկած եմ աշխարհը փրկելու» խօսքը, որ քաղուած է Յովհաննէսի Աւետարանէն (Յովհ.12,47)։

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ուրբաթ 13էն մինչեւ շաբաթ 14 մարտին։

Սուրբ Զատկուայ Յարութեան տօնին ի պատրաստութիւն, ուրբաթ երեկոյեան եւ շաբաթ ամբողջ օրուան ընթացքին Եկեղեցական հասարակութիւններուն կ՛առաջարկուի արտակարգ դրութեամբ բանալ բոլոր եկեղեցիներուն դռները, հաւատացեալներուն առիթ ընծայելով այնտեղ աղօթելու օրուան ու գիշերուան որեւէ պահուն ընթացքին ու նաեւ կարելիութիւնը ունենալու մօտենալ խոստովանանքի խորհուրդին։

Եկեղեցիներու բաց դռները խորհրդանիշն են Աստուծոյ ողորմած սիրոյն։

Ի պատրաստութիւն «24 Ժամ Տիրոջ համար» ձեռնարկին, Աւետարանումի Վերատեսչութիւնը հրապարակած է հովուական ուղեցոյց մը, որուն մէջ պարունակուած են անձնական աղօթքի թերթիկներ և համայնքային արարողութիւններու համար առաջարկներ։

Ուղեցոյցը կարելի է ներբեռնել անվճար՝ իտալերէն, անգլերէն և սպաներէն լեզուներով՝ Աւետարանութեան Վերատեսչութեան պաշտօնական կայքէն հետեւեալ հասցէով. https://www.evangelizatio.va/content/pcpne/it/attivita/24ore/24-ore-per-il-signore2026.htm

Յայտնենք որ «24 Ժամ Տիրոջ համար» ձեռնարկը սկիզբ առած է Ֆրանչիսկոս Պապին կամքով 2014 թուականին, դառնալով տիեզերական եկեղեցւոյ տարեկան ձեռնարկ մը եւ ժամանակ որուն ընթացքին վերաբացայայտել Խոստովանանքի գեղեցկութիւնը, երկրպագութեան զօրեղ ուժը եւ ներումի ուրախութիւնը։

Ամէն տարի, ամբողջ օրուայ մը երկարութեամբ, աշխարհի բոլոր եկեղեցիները բաց կը մնան 24 ժամ շարունակ՝ հրաւիրելով բոլորը կատարելու Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութիւնը եւ հանդիպելու Աստուծոյ ողորմածութեան՝ խոստովանութեան խորհուրդին միջոցաւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/03/2026, 09:22