Որոնել

Հիւանդաց համաշխարհային օրը Հիւանդաց համաշխարհային օրը 

Հիւանդաց համաշխարհային օրը Փերուի Չիքայօ քաղաքին մէջ. Յոյսի եւ Գթութեան երռօրեայ հանդիսութիւններ

Փերուի Չիքլայօ թեմը 2026-ի Փետրուար 9-էն 11-ը պիտի հիւրընկալէ Հիւանդաց 34-րդ համաշխարհային օրուան հանդիսութիւնները, որոնց ընթացքին Լեւոն ԺԴ Պապին յատուկ պատուիրակ, կարդինալ Մայքըլ Չերնին պիտի այցելէ հիւանդանոցներ եւ մասնակցի գիտաժողովներու։ Միջոցառումը պիտի եզրափակուի հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով եւ հիւանդաց օծման խորհուրդով՝ վերահաստատելով Եկեղեցւոյ հոգատարութիւնն ու զօրակցութիւնը տառապողներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

2026 թուականի Փետրուար 9-էն 11-ը, Փերուի Չիքլայօ թեմը պիտի հիւրընկալէ հիւանդաց (34-րդ) համաշխարհային օրուան հանդիսաւոր նշումները։ Այս տարուան խորագիրն է՝ «Սամարացիին գթութիւնը. Սիրել՝ կրելով դիմացինին ցաւը»։

Հիւանդաց համաշխարհային օրուան իրադարարձութեան համար, Լեւոն ԺԴ. Պապը իր յատուկ պատուիրակ նշանակած է Կարդինալ Մայքըլ Չերնին, Մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան բաժանմունքի նախագահը։

Իրադարձութիւնը պիտի համախմբէ Լատին Ամերիկայի եւ Քարայիպեան կղզիներուն 22 եպիսկոպոներու դասերուն պատուիրակաները, Փերուի մէջ Պապական նուիրակ՝ Գերպ Փաուլօ Ռոքօ Կուալթիերին, ինչպէս նաեւ Փերուի 46 եկղեցական թեմերուն ներկայացուցիչները։ Նպատակն է վերհաստատել Եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը տառապողներուն եւ բժշկական անձնակազմին։

Եռօրեայ Յայտագիրը

9 Փետրուար: Այցելութիւն հիւանդներուն

Առաջին օրը նուիրուած է հիւանդներուն այցելութեան։ Վատիկանեան պատուիրակութիւնը՝ Կարդինալ Չերնիի գլխաւորութեամբ, պիտի այցելէ երեք հիւանդանոցներ.

Las Mercedes հիւանդանոցի ներքին հիւանդութիւններու բաժանմունքը, Almanzor Asenjo հիւանդանոցը ապա Belén հիւանդանոցի հիւանդները։ Օրը պիտի եզրափակուի Սուրբ Թորիպիօ Կաթողիկէ Համալսարանին (USAT) մէջ կայանալիք աշխատանքային հանդիպումով։

10 Փետրուար: Աստուածաբանական եւ գիտական սեմինար

Սանթօ Թորիպիօ տէ Մոկրովեխօ վարժարանի թատրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ գիտաժողով՝ «Սամարացիին գթութիւնը. ամոքիչ խնամքի յառաջխաղացքը Լատին Ամերիկայի մէջ» թեմայով։ Զեկուցողներու շարքին են տոքթ. Լուիս Սոլարի տէ լա Ֆուենթէն եւ աստուածաբան հայր Ալեխանտրօ Ալվարես Կայեկոսը։

11 Փետրուար: Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ

Հիւանդաց Համաշխարհային օրուան միջոցառումի գագաթնակէտը պիտի հանդիսանայ Nuestra Señora de la Paz սրբավայրին մէջ մատուցուելիք Սուրբ Պատարագը՝ առաւօտեան ժամը 9,00ին։ Արարողութեան ընթացքին, հիւանդութիւններէ տառապող անձերուն պիտի շնորհուի հիւանդաց օծման խորհուրդը։

«Այս օրերը հրաւէր են ամրապնդելու խնամքի հոգեւորականութիւնը եւ յիշեցնելու, որ ոչ ոք պէտք է առանձին մնայ իր ցաւին մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2026, 10:35