Ապու Տապի. Զայէտ մրցանակը՝ խաղաղութեան, կրթութեան եւ մարդասիրական նուիրումի համար
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Չորեքշաբթի` 4 Փետրուար 2026-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնները Ապու Տապիի «Founders Memorial»-ի մէջ ստացան «Զայէտ Մարդկային Եղբայրութեան Մրցանակը», զոր կ’արժեւորէ երկու երկիրներուն միջեւ 2025 թուականի Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած խաղաղութեան հռչակագիրին պատմական նշանակութիւնը։
2019-ին հիմնադրուած մրցանակը, որ հասած է իր եօթներորդ թողարկումին, շնորհուեցաւ նաեւ աֆղան աղջիկներու կրթութեան պաշտպան Զարքա Եաֆթալիին եւ պաղեստինեան «Taawon- Թաաոն» ոչ շահութաբեր կազմակերպութեան։
Մրցանակակիրներու խօսքերը
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, յիշեցուց, որ մրցանակը հաստատուած է Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայըպի կողմէ «Մարդկային Եղբայրութեան վերաբերեալ փաստաթուղթի» ստորագրութեամբ, եւ, «մեծ պատիւ» համարելով զայն ստանալը, ընդգծեց, որ մրցանակը կը պատկանի երկու ժողովուրդներուն, բոլոր անոնց, որոնք «համարձակեցան հաւատալ խաղաղութեան»։
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նշեց, որ 30 տարի պատերազմէն ետք «կը սորվինք խաղաղ ապրիլ» եւ աւելցուց, որ «այս համաձայնութիւնը կրնայ օրինակ ծառայել ուրիշ հակամարտութիւններու համար»։
Գիտելիքի որոնումը հիմնարար իրաւունք է ըլլայ՛ տղամարդոց, ըլլայ՛ կանանց համար
Զարքա Եաֆթալի մրցանակը նուիրեց աֆղան կիներուն եւ աղջիկներուն՝ դատապարտելով անոնց կրթութենէ զրկումը եւ շեշտելով, որ գիտելիքի որոնումը հիմնարար իրաւունք է թէ՛ տղամարդոց, թէ՛ կիներու համար։
Մարդասիրական ծառայութիւն՝ ի սպաս մէկ միլիոն պաղեստինցիներու
«Թաաոն» կազմակերպութիւնը արժանացաւ ճանաչման իր մարդասիրական աշխատանքներուն համար, որոնցմով ամէն տարի կ՛օժանդակէ մէկ միլիոնէ աւելի պաղեստինցիներու՝ Արեւմտեան Ափին, Կազայի եւ Լիբանանի փախստական ճամբաներուն մէջ։
«Զայէտ Մարդկային Եղբայրութեան Մրցանակը» անկախ միջազգային ճանաչում մըն է, որ կը պատուի համերաշխութեան, արդարութեան եւ յոյսի արժէքները խթանող անձեր ու հաստատութիւններ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ