Որոնել

Նոր «Խաչի Ճանապարհ» մը Սուրբ Պետրոս տաճարի օծման 400-ամեակին առթիւ

Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարի օծման 400-ամեակին առթիւ, հանդիսաւորապէս բացուեցաւ Զուիցերացի արուեստագէտ Մանուէլ Անտրէաս Տիւրի հեղինակած «Խաչի Ճանապարհ» նոր պատկերաշարը: Այս արդիական գործը, որ ներդաշնակօրէն կը միախառնէ դասական ազդեցութիւններն ու հոգեւոր խորութիւնը, Քառասնորդաց շրջանին պիտի առաջնորդէ հաւատացեալներուն աղօթքի եւ հայեցողութեան ուղիով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 20 փետրուարի կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը՝ նուիրուած նոր «Խաչի Ճանապարհ» պատկերաշարի բացման: Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթթիի նախագահութեամբ կատարուած այս նախաձեռնութիւնը կը զուգադիպի տաճարի օծման 400-ամեակին (1626-2026), որուն առթիւ յատուկ միջազգային մրցոյթ մը յայտարարուած էր:

Յաղթող ճանչցուած է Զուիցերացի երիտասարդ արուեստագէտ Մանուէլ Անտրէաս Տիւը՝ ծնեալ 1989-ին։ Անոր հեղինակած տասնչորս կտաւները, որոնք զետեղուած են տաճարի կեդրոնական նաւին երկայնքով, պիտի մնան ցուցադրուած ամբողջ Քառասնորդացի շրջանին՝ մինչեւ ապրիլի 4-ը։ Մրցոյթին մասնակցած են աւելի քան հազար արուեստագէտներ՝ աշխարհի 80 երկիրներէ, ինչ որ ցոյց կու տայ այս ձեռնարկին համաշխարհային արձագանգը։
Յատկանշական է, որ մասնակիցներուն գրեթէ 48 առ հարիւրը կիներ եղած են։

Կարդինալ Կամպեթթին իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ այս գեղարուեստական գործը լոկ զարդարանք չէ, այլ աղօթքի հրաւէր՝ Յիսուսի քայլերուն հետեւելով դէպի Յարութիւն քալելու համար։ Ան յիշեցուց Խաչի Ճանապարհի աւանդութիւնը՝ սկսեալ Դ. Դարուն Եճերիա ուխտաւորէն մինչեւ Սուրբ Լեոնարտօ Տա Փորթօ Մաուրիզիօ։

Մանուէլ Անտրէաս Տիւրի արուեստը կը բնորոշուի գծագրական յստակութեամբ եւ կառուցողական ուժով, ինչ որ կը վկայէ Ֆլորանսի գեղարուեստի ակադեմիայի մէջ ստացած իր կրթութեան մասին։ Կտաւներուն վրայ կը նկատուի Միքելանճելոյի եւ Ճոթթոյի ազդեցութիւն, միախառնուած ԺԹ. Դարու վերջաւորութեան եւ Ի. Դարու սկզբնաւորութեան իրապաշտութեան հետ։ Գոյներուն ընտրութիւնը՝ տաք դեղնահողը, մոխրագոյնը եւ խորունկ կապոյտը, կատարեալ ներդաշնակութեան մէջ են տաճար մարմարեայ յատակին եւ բնական լոյսին հետ։

Առանձնակի ուշադրութեան արժանի է 12-րդ կայանը՝ «Յիսուս կը մեռնի խաչին վրայ», որ կը հանդիսանայ ամբողջ շարքին գագաթնակէտը։ Հոն Քրիստոսի դէմքը պատկերուած է խոր ներամփոփումով, իսկ խաչի փայտը ներկայացուած է իր բնակական, կոպիտ վիճակով՝ շեշտելով հոգեւոր իրադարձութեան շօշափելի իրականութիւնը։ Նաեւ 6-րդ կայանը՝ Վերոնիքայի սրբիչը, կը հանդիսանայ իբրեւ «պատկեր պատկերի մէջ», յարգանքի տուրք մատուցելով տաճարի ամենանուիրական մասունքներուն մէկուն

Այս նոր պատկերաշարը պիտի ուղեկցի հաւատացեալներուն ամէն ուրբաթ՝ ժամը 17։00-ին կատարուող Խաչի Ճանապարհի արարողութիւններուն ընթացքին
Անիկա կը հանդիսանայ ժամանակակից արուեստի եւ դարաւոր հաւատքի հանդիպման փայլուն օրինակ մը Վատիկանի սրտին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/02/2026, 11:50