Կարդինալ Փարոլին. Սուրբ Աթոռը պիտի չմասնակցի «Board of Peace»-ին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռը «պիտի չի մասնակցի Board of Peace-ին՝ իր առանձնայատուկ բնոյթի պատճառով, որ cի համապատասխաներ միւս պետութիւններու բնոյթին»։ Այս է այն ինչ որ յայտարարեց Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Հռոմի մէջ Իտալիոյ կառավարութեան հետ երկկողմ հանդիպումէն ետքը, որ տեղի ունեցաւ Փալացցօ Պորրոմէոյի մէջ, Սուրբ Աթոռի մօտ Իտալիայի դեսպանութեան նստավայրը, Լատերանեան պայմանագրերու ստորագրման տարեդարձին առիթով։ Հանդիպման ներկայ էր նաև Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Սերճօ Մաթթարելլան։
Անդադառնալով ապա լրագրողներու հարցին, թէ Իտալիան որպէս դիտորդ կը մասնակցի Board of Peace-ին, Փարոլինը նշեց. «Կան կէտեր, որոնք որոշ չափով տարակուսանք կը յառաջացնեն։ Կան որոշակի խնդիրներ, որոնք պարզաբանման կարիք ունին։ Կարևորն այն է, որ փորձ կը տարուի պատասխան տալու։ Սակայն մեզի համար կան որոշ քննադատական հարցեր, որոնք պէտք է լուծում ստանան»։ «Մտահոգութիւններէն մեկն այն է, — բացատրեց Ան, — որ միջազգային մակարդակով ՄԱԿ-ն է որ պէտք է զբաղուի նման ճգնաժամային իրավիճակներով։ Սա այն կէտերէն մէկն է, որու վրայ մենք կը պնդենք»։
Ծիրանաւորը մտահոգուին յայտնեց նաեւ Ուքրանիայի պատերազմի վերաբերեալ նշելով, որ չորս տարի ետք տակաւին իրական առաջընթաց մը չկայ, թէև յոյս կայ «որ այս երկխօսութիւնները կարողանան յառաջընթաց մը արձանագրել, բայց կը խորհիմ որ մեծ յոյսեր չկան» նկատել տուաւ Ան։
Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղաը հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիայի կառավարութեան՝ սոցիալական կարևոր թեմաներու՝ ընտանիքի, կրթութեան, հաշմանդամութեան և բանտերու հարցերու նկատմամբ ցուցաբերած ուշադրութեան համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ