Քոյր Նինա Քրապիչ՝ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակի նոր փոխտնօրէն։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Վատիկանի մամլոյ Գրասենեակի փոխտնօրէն նշանակեց Քոյր Նինա Պենետիքթա Քրապիչ, որ մինչ այժմ իր ծառայութիւնը կը մատուցէր Հաղորդակցութեան Բաժանմունքէն ներս։ Նորանշանակ փոխտնօրէնը իր պարտականութիւնները պիտի ստանձնէ սոյն թուականի Մարտ 1-ին։
Հակիրճ կենսագրական գիծեր
Քոյր Քրապիչ ծնած է 7 Յունիս 1989-ին, Խրուաթիոյ Ռիյեքա քաղաքին մէջ։ Ան օժտուած է հարուստ կրթական եւ փորձառական պաշարով.
2015-ին աւարտած է Ռիյեքայի Համալսարանի իրաւաբանական նիստը, իսկ 2023-ին մասնագիտացած է Հանրային Կապերու մէջ՝ Զակրեպի Համալսարանին մէջ։ Ան իր ուխտը կատարած է Սուրբ Վինսենթ տը Փոլի Ողորմութեան Քոյրերու միաբանութեան մէջ 13 Օգոստոս 2023-ին։
Գործած է որպէս լրագրող եւ իրաւաբանական խորհրդատու՝ սատարելով կենցաղային բռնութեան ենթարկուած կիներուն։ Եղած է նաեւ Ռիյեքայի Առաջնորդարանի «Քարիթաս»ի հաղորդակցութեան պատասխանատուն։
2023-էն ի վեր Քոյր Նինա Պենետիքթա Քրապիչ կը պաշտօնավարէ Վատիկանի Հաղորդակցութեան բաժանմունքին մէջ, միաժամանակ ըլլալով Ընկերային Գիտութիւններու դոկտորականի թեկնածու Հռոմի Գրիգորեան Քահանայապետական Համալսարանին մէջ։
«Ի սրտէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Քրիսթիան Մարէյին,– յայտարարեց Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի նախագահ Փաոլօ Ռուֆինի,– այն նուիրումին եւ արհեստավարժութեան համար, որով ան կատարեց իր ծառայութիւնը: Նոյն ոգիով լաւագոյն մաղթանքներս կը յղեմ քոյր Նինա Պենետիքթա Քրապիչին՝ վստահելով իր մասնագիտական եւ մարդկային մեծ ձիրքերուն»:
Այս նշանակումը կը վերահաստատէ Սուրբ Աթոռի յանձնառութիւնը՝ եկեղեցական հաղորդակցութեան ոլորտը վստահելու պատրաստուած եւ մասնագիտական բարձր որակներ ունեցող անձնաւորութիւններու։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ