FILES-CAFRICA-TRANSPORT-FEATURE

Պահպանել անձերու արժանապատուութիւնը՝ վերացնելով անհաւասարութիւնները․ Սուրբ Աթոռ

Ընկերային Արդարութեան Համաշխարհային Օրուան ընդառաջ, Ամերիկեան Պետութիւններու Կազմակերպութեան մօտ Սուրբ Աթոռի Մնայուն Դէտ` Գերապայծառ Քրուզ Սերրանօ, ելոյթ ունեցած է այդ նպատակով այսօր կայացած Աշխատանքային նիստին ընթացքին՝ ի միջի այլոց, կոչ ուղղելով նաեւ յանուն Ամերիկայի մայրցամաքի մէջ կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Ընկերային արդարութիւնը միշտ աւելիով կարեւոր կը դառնայ, քանզի կը նշանակէ ընդհանուր արդարութեան զարգացում, որ կը կանոնաւորէ հասարակական յարաբերութիւնները՝ օրէնքի յարգման սկզբունքին համաձայն»։ Այս յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ Ամերիկեան Պետութիւններու Կազմակերպութեան (OAS) մօտ Սուրբ Աթոռի Մնայուն Դէտ` Գերապայծառ Խուան Անթոնիօ Քրուզ Սերրանոն՝ 18 Փետրուարին կայացած Մշտական Խորհուրդի հերթական նիստին ընթացքին, Ընկերային Արդարութեան Համաշխարհային Օրուան առթիւ, զոր կը նշուի այսօր՝ 20 Փետրուարին։

Համաշխարհային հարթութիւն

«Ընկերային արդարութիւնը ընկերային հարցին առնչուող պահանջ մըն է, որ ներկայիս ունի համաշխարհային հարթութիւն եւ կը վերաբերի ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական բնոյթներուն, խնդիրները եւ անոնց լուծումները դիտելով յատկապէս կառուցուածքային հարթութեան մէջ», բացատրեց ան՝ աւելցնելով, թէ ներկայ պայմաններուն մէջ այդ խնդիրը առանձնապէս կարեւոր է, որովհետեւ՝ պայմանաւորուած օգտակարութիւնը եւ տիրապետութիւնը գերադասող միտումով, լրջօրէն կը վտանգուին անձի արժէքը, անոր արժանապատուութիւնն ու իրաւունքները»։

Խնդիրը Ամերիկաներու մէջ

«Ամերիկաներու ծիրէն ներս», ըստ Սերրանոյին, «անհաւասարութիւնները կը դրսեւորուին արժանապատիւ աշխատանքի, բնակարանի եւ հիմնական ծառայութիւններու հասանելիութեան պակասով, մարդավաճառով, գաղթի տագնապով, խտրականութեամբ, երկիրներու միջեւ ու անոնց ներսը անհաւասարակշռութիւններով եւ Արարչագործութեան վատթարացմամբ»։ Աղքատութիւն ծնող կառուցուածքները շտկելու եւ ի նպաստ մարդկութեան ամբողջական ու զօրակից զարգացում խթանելու նպատակով՝ Ան անհրաժեշտ նկատեց արդար բաշխում ապահովող հանրային քաղաքականութիւնները։

Կիներու իրաւունքները

Մշտական Խորհուրդի նիստին, որ նուիրուած էր, ի միջի այլոց, Ամերիկաներու Կիներու Միջազգային Օրուան յիշատակութեան, Սուրբ Աթոռի Մնայուն Դէտը խօսեցաւ նաեւ կիներու իրաւունքներուն մասին։ «Սուրբ Աթոռը կը վերահաստատէ, թէ կիներու իրաւունքներու՝ ներառեալ անոնց տնտեսական, աշխատանքային եւ ընկերային իրաւունքներու տարածումն ու պաշտպանութիւնը, արդարութեան հարց ըլլալով հանդերձ, նաեւ հրամայական է՝ յանուն ամէն հասարակութեան ամբողջական զարգացման», յայտարարեց ի վերջոյ ան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2026, 08:00