Գաղթական, աղքատ Գաղթական, աղքատ 

Սուրբ Աթոռը Միջազգային Համագործակցութեան կոչ կ’ընէ. «Միասնական պատասխան՝ մարդկային իրաւանց ոտնահարումներուն դէմ»

Ամերիկեան Պետութիւններու Կազմակերպութեան մօտ Սուրբ Աթոռի դիտորդը վերահաստատեց Վատիկանի յանձնառութիւնը՝ պաշտպանելու ժողովրդավարութիւնը, մարդկային իրաւունքները եւ կրօնական ազատութիւնը որպէս հասարակաց տան հիմնասիւներ։ Ան կոչ ըրաւ միջազգային համակարգուած պայքար մղելու աղքատութեան ու բռնութեան դէմ՝ շեշտելով գաղթականներուն եւ լքուած խաւերուն հանդէպ համերաշխութեան կարեւորութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ամերիկեան Պետութիւններու Կազմակերպութեան OSA) մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդ՝ Գերպ. Խուան Անթոնիօ Քրուզ Սերանօ, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած Մշտական Խորհուրդի արտակարգ նիստին ընթացքին, վերահաստատեց Վատիկանի յանձնառութիւնը՝ ի նպաստ ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան։

«Ամերիկեան Տան» չորս սիւները

Իր արտասանած խօսքին մէջ, գերպ. Սերանօ յատուկ շեշտ դրաւ «Ամերիկեան Տան» չորս հիմնական սիւներուն վրայ, որոնք են՝ ժողովրդավարութիւնը, մարդկային իրաւունքները, բազմակողմանի անվտանգութիւնը եւ համապարփակ զարգացումը։ Ըստ անոր, այս հիմնաքարերը պէտք է արտացոլեն մարդ անհատի եւ ընկերութեան ամբողջական տեսլականը, զոր Սուրբ Աթոռը հետեւողականօրէն կը ջատագովէ միջազգային բեմերու վրայ։

Մարդկային Իրաւանց եւ Կրօնական Ազատութեան Պաշտպանութիւն

Վատիկանի ներկայացուցիչը վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի անսասան դիրքորոշումը՝ պաշտպանելու կեանքի իրաւունքը՝ բեղմնաւորումէն մինչեւ բնական մահ։ Ան յատկապէս մատնանշեց կրօնական ազատութեան կարեւորութիւնը, զայն որակելով որպէս «խաղաղ համակեցութեան եւ բազմազանութեան յարգանքի էական սիւն»։

Համակարգուած պայքար՝ ընդդէմ մարտահրաւէրներու

«Մարդկային հիմնարար իրաւանց ոտնահարումներու, աղքատութեան, բռնութեան եւ բնապահպանական տագնապի դէմ պայքարը կը պահանջէ համակարգուած ու համերաշխ պատասխաններ»,- յայտարարեց գերպ. Սերանօ։ Ան աւելցուց, որ Սուրբ Աթոռը պատրաստ է իր փորձառութիւնն ու համագործակցութիւնը տրամադրել՝ շրջանը աւելի խաղաղ, կայուն եւ հիւրընկալ դարձնելու համար, յատկապէս գաղթականներու եւ լքուած խաւերուն հանդէպ։

Եզրափակելով՝ ան բարձր գնահատեց ԱՊԿ-ի դերը որպէս քաղաքական երկխօսութեան եւ համագործակցութեան արդիւնաւէտ հարթակ, վերահաստատելով Վատիկանի շարունակական պատրաստակամութիւնը՝ սերտօրէն գործակցելու կազմակերպութեան հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2026, 11:31