Իսֆահանի Կաթողիկէ Հայոց Թեմի Եպիսկոպոսի հրաժարականը (Իրան) եւ Թափուր Աթոռի Առաքելական Կառավարիչի նշանակումը
Արհ. Սարգիս Եպիս. Դաւիթեան տարիքի բերումով ներկայացուցած է իր հրաժարականը եւ անոր հրաժարականի արդիւնքով ստեղծուած Թափուր Աթոռի դրութեամբ Լեւոն ԺԴ. Պապը զայն նշանակած է նոյն Թեմին Առաքելական Կառավարիչ
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
«Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սինոդը ընդունած է Արհ. Սարգիս Եպիս. Դաւիթեանի Իսֆահանի Հայոց Թեմի (Իրան) առաջնորդութենէն հրաժարականը, զոր Սրբազան Պապը նշանակեց նոյն շրջանի Թափուր Աթոռի Առաքելական Կառավարիչ»։ Լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին տարածած հաղորդագրութեան մէջ.
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
09/02/2026, 12:15