Որոնել

Էլեթթրա Մարքոնի. «Ռատիոն աւելի վստահելի է, քան որեւէ այլ միջոց»

Իշխանուհի Էլեթթրա Մարքոնի, Վատիկանի Ռատիոյի 95-ամեակին առիթով, կը վերյիշէ իր հօր՝ Կուլիելմո Մարքոնիի հաւատքն ու նուիրումը աշխարհը հաղորդակցութեամբ միացնելու վեհ գործին։ Ան կը շեշտէ ռատիոյի բացառիկ վստահելիութիւնը նաեւ այսօր՝ յորդորելով զգուշութեամբ և հսկողութեամբ մօտենալ արհեստական բանականութեան նորարարութիւններուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Ռատիոյի հիմնադրման 95-ամեակին առիթով, Իշխանուհի Էլետտրա Մարքոնի՝ մեծն գիտնական Կուլիելմո Մարքոնիի դուստրը, իր երախտագիտութիւնն ու սէրը կը յայտնէ հօրը ստեղծած այս պատմական կայանին հանդէպ։ 12 Փետրուար 1931-ին, Պիոս ԺԱ. Պապի հրաւէրով, Մարքոնի անձամբ նախագծեց և հաստատեց այս ձայնասփիւռը, որուն նպատակն էր Պապին ձայնը հասցնել աշխարհի չորս ծագերուն։

Իշխանուհին իր յուշերուն մէջ կը վերյիշէ հօրը սերտ կապը Պապին հետ, որ նոյնպէս գիտութեան սիրահար էր։ «Հայրս շատ յուզուած էր. ան կը հաւատար, որ ռատիոն պիտի միացնէր մարդկութիւնը», կը նշէ ան՝ յիշեցնելով Հռոմի մէջ անցուցած այն օրերը, երբ Մարքոնի ամենօրեայ հետևողականութեամբ կը հսկէր կայանի շինութեան։

Խօսելով մերօրեայ արհեստական բանականութեան (AI) մասին՝ Իշխանուհի Էլետտրան զգուշաւոր լաւատեսութիւն կը ցուցաբերէ. «Արհեստական բանականութիւնը կրնայ դրական ըլլալ, բայց պէտք է հսկել զայն», կը շեշտէ ան՝ ընդգծելով, որ հաղորդակցութեան միջոցները պէտք է միշտ ծառայեն բարիքին։

Իր պատգամին մէջ ան կը քաջալերէ երիտասարդները հետևելու իր հօր օրինակին՝ ունենալով նոյնպիսի կրքոտ սէր դէպի գիտութիւնն ու յայտնագործութիւնները։ Ան կը հաստատէ, որ նոյնիսկ այսօր, տեղեկատուութեան աշխարհին մէջ, ռատիոն կը մնայ ամենավստահելի միջոցը։

«Իմ մաղթանքս է, որ մարդիկ շարունակեն խօսիլ ռատիոյի մասին և ոգեշնչուին հօրս օրինակով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2026, 11:03