Վատիկանի Ռատիօն իր 95-ամեակին առիթով կը նորոգէ իր ձայնային ինքնութիւնը
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Վատիկանի Ռատիօն – Vatican News-ը, իր հիմնադրութեան 95-ամեակին առիթով, 12 Փետրուար 2026-ին, կը նորոգէ իր ինքնութեան ամենաճանաչելի տարրերէն մէկը՝ ձայնային ident-ը, այն երաժշտական նշանաբանը, որ միշտ ուղեկցած է Քահանայապետի կայանի ունկնդիրներուն։
Այս նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի այս պատմական տարեդարձը նշել նշանով մը, որ կը միացնէ աւանդութիւնը եւ արդիականութիւնը։ Նոր ident համակարգը վստահուած է Մաէստրօ Մարչելլօ Ֆիլոթէիին՝ Երաժշտական Ծրագրերու խմբագրութեան անդամ, զոր կը ղեկավարէ Մաէսէրօ Փիեռլուիճի Մորէլլին։ Անիկա պիտի ուղեկցի ունկնդիրներուն ամբողջ 12 Փետրուարի օրուան ընթացքին եւ ապա պիտի դառնայ կայանի կանոնաւոր ծրագրութեան մասը։
Վատիկանի Ռատիօն պիտի ներմուծէ նոր ident համակարգ մը, որ պիտի միանայ «Christus Vincit»-ի պատմական նուագախմբային մշակման, որ իրականացուած էր Մաէսթրօ Ալպերիքօ Վիթալինիի կողմէ, չեքոսլովաք երաժիշտ յօրինող Յան Քունցի թեմայի հիման վրայ, որ միշտ եղած է կայանի ձայնային ինքնութիւնը յատկանշող եւ ճանաչելի տարրը։
«Christus Vincit»-ի բնօրինակ թեման վերամշակուած է արդիական ոճով՝ պահելով ուղիղ կապը աւանդութեան հետ եւ միեւնոյն ժամանակ առաջարկելով նոր ձայնային զգեստ, որ կրնայ հաղորդակցիլ ժամանակակից զգայունութեան հետ։
«Վատիկանի Ռատիօն միշտ ալ, նոյնիսկ իր jingl-ով, մշակած է յատուկ յարաբերութիւն մը երաժշտութեան հետ, որ կը յատկանշէ իր ինքնութիւնը,– կը շեշտէ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Փաոլօ Ռուֆֆինին։ – Երաժշտութիւնը կը խօսի այն շարժական ներդաշնակութեան մասին, որ երբեք նոյնը չէ եւ որ բոլորս կը փնտռենք մեր կեանքին մէջ։ Ան կը ստեղծէ արձագանգներ, որոնք կը դառնան երկխօսութիւն, երկխօսութիւն՝ որ կը դառնայ հաղորդակցութիւն, եւ յիշողութիւն՝ որ կը դառնայ կեանք։ Այսօր մեր ռատիոյի 95-ամեակը նշել՝ վերանայելով մեր ident-ները, մեզի համար ունի ճիշդ այս իմաստը։ Մի քանի վայրկեան տեւող ձայնային պատկերին մէջ ամփոփել պատմութիւն մը, ուր ինքնութիւնն ու հաղորդակցութիւնը կը միաձուլուին, միասին կը զարգանան միասին եւ մեզ զգացնել կու տան, թէ տան մէջ ենք»։
Ծրագիրը կը ներառէ չորս հիմնական ident-ներ, բոլորն ալ հիմնուած «Christus Vincit»-ի թեմային վրայ, իւրաքանչիւրը նախատեսուած՝ օրուան տարբեր պահերու համար. մէկ տարբերակը՝ զարթնումի, մէը՝ առաւօտուան, մէկը՝ յետմիջօրէին եւ մէկը՝ գիշերուան։
Ասոնց կը միանան երկու կարճ ident-ներ (short). առաջինը կ’օգտագործէ թեմայի սկզբնամասը, երկրորդը՝ աւարտական մասը, ստեղծելով անմիջական եւ ճանաչելի կապ մը սկզբնական ձայնային ինքնութեան հետ։
«Ասիկա հաւասարակշռութեան վարժութիւն մը եղաւ աւանդութեան եւ նորութեան միջեւ,– կը նշէ Մաէսթրօ Մարչելլօ Ֆիլոթէին։ – Ինչպէս քալել լարի մը վրայ՝ երկու երկնաքերներու միջեւ, փորձելով չիյնալ ակնյայտին մէջ։ Արդիականացնելը չի նշանակեր լքել անցեալը, այլ զայն վերարժեւորել նոր աչքերով»։
Մաէսթրօ Փիեռլուիճի Մորէլլիի կողմէ նաեւ ստեղծուած է յատուկ ident մը, որ կը յիշեցնէ Պարոք շրջանի նուագախմբային մշակումը՝ արթնցնելով պատմական եւ երաժշտական մթնոլորտ մը, որ ներդաշնակ կերպով կը տեղաւորուի Քահանայապետական Ռատիոյի աւանդութեան մէջ։
Բոլոր ident-ները պիտի հնչեն միաժամանակ (Հռոմի ժամով) թէ՛ իտալերէն լեզուի ալիքով եւ թէ՛ Վատիկանի Ռատիոյի 30 ցանցային-ռատիօներով՝ առաջարկելով համաշխարհային մակարդակի միասնական ունկնդրման փորձառութիւն։
Վատիկանի Ռատիօ Vatican News-ի Խմբագրական Փոխ տնօրէն եւ Պատասխանատու Մասիմիլիանօ Մենիքեթթիի համաձայն՝ «Երաժշտական Ծրագրերու կողմէ առաջարկուած եւ իրականացուած այս նորոգումով կայանը ձայնային ձեւով կը վերահաստատէ եւ կը վերակենդանացնէ պապական ռատիոյի առաքելութիւնը՝ շեշտելով անցեալի եւ ներկայի միջեւ կամուրջը՝ հաւատքի լոյսին ներքոյ»։
Ծրագրութեան ժամանակացոյցը հետեւեալն է՝
7.00 – 9.00՝ Զարթնումի Ident
9.00 – 11.00՝ Առաւօտեան Ident
12.00՝ Ալպերիքօ Վիթալինիի պատմական նուագախմբային ident
14.00 – 18.00՝ Յետմիջօրէի Ident
24.00՝ Ալպերիքօ Վիթալինիի պատմական նուագախմբային ident
24.00 – 6.00՝ Գիշերուան Ident
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ