Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (@Vatican Media)

Ռատիօ Վատիկանը կը տօնէ իր 95-ամեակը. «Արհեստական բանականութիւնը գործիք է եւ ոչ թէ ձայն»

Ռատիօ Վատիկանը իր հիմնադրութեան 95-ամեակը կը նշէ «Արհեստական բանականութիւնը գործիք է եւ ոչ թէ ձայն» կարգախօսով՝ շեշտելով մարդկային ձայնի եւ պատասխանատուութեան անփոխարինելի դերը հաղորդակցութեան մէջ: Այս առթիւ կազմակերպուած միջազգային յայտագիրները պիտի քննարկեն, թէ ինչպէ՛ս կարելի է նորագոյն արհեստագիտութիւնները ծառայեցնել ի նպաստ աւետարանութեան եւ հանրային ծառայութեան՝ առանց կորսնցնելու ռատիոյի մարդկային ինքնութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ռատիօ Վատիկանը կը պատրաստուի նշելու իր հիմնադրութեան 95-ամեակը՝ յատուկ եւ արդիական նախաձեռնութեամբ մը, որ պիտի զուգադիպի 2026-ի Փետրուար 13-ի Ռատիոյի համաշխարհային օրուան (WRD) հետ: Այս առթիւ, «Vatican News»-ը պիտի ներկայացնէ եօթը լեզուներով յայտագիրներու շարք մը, որոնք պիտի քննարկեն հաղորդակցութեան ապագան՝ նորագոյն արհեստագիտութեանց լոյսին տակ:

Պատմական ակնարկ եւ արդիականութիւն

Քահանայապետերու ձայնասփիւռը հիմնադրուած է 12 Փետրուար 1931-ին՝ Պիոս ԺԱ. Պապի փափաքով եւ Կուլիելմօ Մարքոնիի կողմէ: Այն կը հանդիսանայ աշխարհի հնագոյն ձայնասփիւռի կայաններէն մէկը, որուն առաքելութիւնն է եղած կապել Սուրբ Աթոռը աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն հետ՝ խօսելով տարբեր մշակոյթներու եւ լեզուներու միջոցով: Այսօր, 95 տարի անց, այդ առաքելութիւնը կը շարունակուի նաեւ «փոտքասթ»-ներու եւ թուային հարթակներու միջոցով:

«Արհեստական բանականութիւնը գործիք է եւ ոչ թէ ձայն» Այս տարուան տօնակատարութեանց կեդրոնական նիւթն է՝ «AI is a tool, not a voice» Արհեստական բանականութիւնը գործիք է եւ ոչ թէ ձայն: Այս կարգախօսը համահունչ է Լեւոն ԺԴ. Պապի՝ 2026-ի Հաղորդակցութեան միջոցներու համաշխարհային օրուան պատգամին հետ, ուր շեշտը կը դրուի մարդկային պատասխանատուութեան, զատորոշման եւ հարազատ ձայնի արժէքին վրայ:

Միջազգային երկխօսութիւն

Եօթը յատուկ յայտագիրները պիտի համախմբեն միջազգային փորձագէտներ, գիտնականներ եւ լրատուամիջոցներու պատասխանատուներ՝ Եւրոպայէն, Ափրիկէէն, Լատին Ամերիկայէն եւ Ասիայէն: Քննարկումները պիտի կեդրոնանան այն հարցին շուրջ, թէ ինչպէ՛ս ռատիոն, որպէս մարդկային յարաբերութեան եւ մօտիկութեան միջոց, կրնայ գոյակցիլ արհեստական բանականութեան հետ՝ առանց կորսնցնելու իր ինքնութիւնը:

Մարդկային ձայնի անփոխարինելիութիւնը

Նախաձեռնութիւնը կը վերահաստատէ, որ թէեւ արհեստագիտութիւնը կրնայ հզօր օժանդակ միջոց ըլլալ կրթութեան, աւետարանութեան եւ հանրային ծառայութեան համար, սակայն ձայնը միշտ պիտի մնայ մարդկային: Ռատիօ Վատիկանը այսպիսով աշխարհին կը յիշեցնէ, որ իսկական հաղորդակցութիւնը հիմնուած է ձայնի, կապի եւ մօտիկութեան վրայ, որոնք միայն մարդկային արարածը կրնայ փոխանցել:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/02/2026, 13:52