Բարի տարեդարձ, Ռատիօ Վատիկան. 95 տարի Քահանայապետի ծառայութեան ի սպաս
Մասսիմիլիանօ Մենիքեթթի - Վատիկան
Խորապէս յուզիչ է խորհիլ, որ ինըսունհինգ տարիներ ետք Վատիկանի Ռատիոյի ձայնը կը շարունակէ շրջիլ համայն աշխարհ՝ ամէնուր տարածելով Աւետարանի աւետիսը, յոյսը, Պետրոսի Յաջորդի խօսքը, յաղթահարելով ամէն սահման ու հեռաւորութիւն` ոչ մէկը թողելով առանձին։
Այսօր մտածումը անխուսափելիօրէն կ՛երթայ 1931 թուականի փետրուար 12-ին, երբ Statio Radiophonica Vaticana-ի միքրօֆոններէն, առաջինը, որ խօսեցաւ եղաւ` գիտնական Կուլիելմօ Մարքոնին, որուն Պիոս ԺԱ. վստահած էր այս հրաշալի հաղորդակցութեան միջոցը ծրագրելու եւ կառուցելու պարտականութիւնը եւ կառավարումը յանձնած էր Յիսուսեան միաբանութեան։
Ռատիոյի հայրը յայտարարեց, թէ առաջին անգամ Պապին ձայնը պիտի «ընկալուի միաժամանակ ամբողջ երկրի մակերեսին վրայ», եւ Սրբազան Պապը՝ լատիներէն գեղեցիկ բառերով, ուղղղեց Վատիկանի պատմութեան առաջին ռատիօ պատգամը «բոլոր ժողովուրդներուն եւ ամէն արարածի»։ Հուսկ հնչեց 78 պտոյտանի սկաւառակ մը, որ կը պարունակէր Պեթհովընի սիմֆոնիայի հատուածներ։
Պապին այդ ներշնչումը վկայեց վստահութիւնը` մարդկային հաղորդակցութեան եւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան ծառայութեան տակ դրուած արհեստագիտութեան հնարաւորութիւններուն նկատմամբ։ Ան պարզ թեքնիք փորձ մը չէր, այլ յստակ հովուական ընտրութիւն՝ ժամանակի ամենէն առաջադէմ միջոցները գործածել՝ հասնելու համար մարդոց սրտերուն։ Այդ պահէն ի վեր Վատիկանի Ռատիօն անցաւ պատմութեան ընդմէջէն՝ պատերազմներ եւ խաղաղութեան համաձայնութիւններ, աղքատութիւն եւ օգնութիւն, աւերածութիւններ եւ վերաշինութիւն, բացառումներ եւ ընդունելութիւն, հասարակական, քաղաքական եւ արհետագիտական փոփոխութիւններ՝ միշտ բերելով քրիստոնէական աւետիսը, յոյսի լոյսը եւ իրադարձութիւնները մեկնաբանելով եկեղեցական ընկերային վարդապետութեան լոյսին տակ։ Ռատիօն մինչեւ այժմ ծառայած է ինը Պապերու, օգնած է վերամիաւորելու հազարաւոր կորսուածներ Համաշխարհային Բ պատերազմի ընթացքին, եղած է փարոս ամբողջատիրական տարիներուն, պատմած է Երկրորդ Վատիկանեան Ժողովը, Յոբելեանները, համաշխարհային Եկեղեցւոյ մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ՝ եւ չափազանց շատ, պատերազմները՝ Ուքրանիոյ, Միջին Արեւելքի, Քոնկոյի, Միանմարի, Եմէնի, Սուրիոյ մէջ... եղած է եւ կը մնայ աղօթքի, տեղեկատուութեան եւ կազմաւորման ուղի։
Բազմամշակոյթը առանձնայատուկ գիծ մըն է եւ աշխարհը հասկնալու թանկարժէք բանալի։ Այսօր պապական կայանին մէջ աշխատող անձերը կու գան վաթսունինը ազգերէ, եւ 34 խմբագրութիւններու միջոցաւ - գումարած մէկ բազմամետիա խմբագրութեան - տարբեր լեզուներով կը հասնինք աշխարհի աշխարհագրական եւ գոյութենական ծայրամասերուն՝ ձայն տալով այն համայնքներուն, որոնք յաճախ հեռու են մեծ լրատուական շրջաններէն եւ ընկերանալով տեղական Եկեղեցիներու կեանքին։ Շատ երկիրներու մէջ Պապին Ռատիօն տասնամեակներ շարունակ՝ եւ երբեմն տակաւին այսօր ալ, եղած է լուռ, բայց հիմնարար ներկայութիւն քրիստոնեայ եւ այլ համայնքներուն համար։
Այս տարիներուն Պապին Ռատիօն ապրեցաւ խոր փոխակերպում մը՝ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ սկսած հաղորդակցութեան բարեկարգութեան լայն ընթացքին մէջ։ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան ստեղծումը եւ տարբեր հաղորդամիջոցներու իրականութիւններու համարկումը աւելի միասնական եւ համակարգուած համակարգի մը մէջ պահանջեցին կազմակերպչական, մասնագիտական եւ տեսլականային փոփոխութիւններ։ Ճամբան դիւրին չէր եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր, սակայն ոգեւորուած է մեր առաքելութեան գիտակցութեամբ՝ ծառայելու Սրբազան Քահանայապետին, Ճշմարտութեան, անընդհատ փոփոխուող համատեքստի մը մէջ, ուր գործիքներն ու լեզուները արագ կը նորոգուին։
Այս ուղղութեամբ մեզ կը քաջալերեն Լեւոն Պապին խօսքերը, որ բազմիցս բարեմաղթած է մեր աշխատանքը եւ ընդգծած՝ միաւորելու, ճշմարտութեան ծառայելու եւ Աստուծոյ Ժողովուրդի կեանքին ընկերանալու կարեւորութիւնը «զինաթափ եւ զինաթափող հաղորդակցութեան» միջոցով, որ կրնայ նպաստել աւելի եղբայրական, զօրակից, ընդունող եւ խաղաղ հասարակութեան մը կառուցման։
Վատիկանի Ռատիօն արտադրած է եւ կը սնուցանէ Vatican News-ի թուային էկոհամակարգը, որ 56 լեզուներով - գրուած, խօսուած եւ նշանային -, կը տարածուի ռատիօալիքներու, արբանեակային հաղորդման, հոսքային ծառայութիւններու, փօտքասթներու, ընկերային ցանցերու, տեսանիւթերու եւ թուային հարթակներու միջոցաւ։
Վատիկանի Ռատիոյի ինըսունհինգերորդ տարեդարձը կը համընկնի արհեստական բանականութեան դարաշրջանին, արհեստագիտութիւն մը, որ խորապէս կը փոխէ նաեւ լրագրութեան եւ հաղորդակցութեան աշխարհը։ Արհեստական բանականութիւնը անշուշտ օգտակար եւ արժէքաւոր գործիք մըն է, բայց ալկորիթմը չի կրնար եւ պէտք չէ փոխարինէ մարդը՝ միտքը, ստեղծագործութիւնը, դատողութիւնը։
Մեր տարեդարձը 2012-էն ի վեր կը զուգադիպի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ փետրուար 13-ին հռչակուած Ռատիոյի Համաշխարհային Օրուան, որուն այս տարուան խորագիրն է՝ «AI is a tool, not a voice» («Արհեստական բանականութիւնը գործիք է, ոչ թէ ձայն»)։ Արտայայտութիւն մը, որ խորապէս համահունչ է Սրբազան Պապին 2026 թուականի Հաղորդակցութեան Համաշխարհային Օրուան պատգամին, ուր կը շեշտուի անձնական պատասխանատուութիւնը, զանազանութիւնը եւ հաղորդակցութեան մարդկային անփոխարինելի արժէքը։
Ռատիօ Վատիկանը , միշտ ուշադիր արհեստագիտութիւններու յառաջապահութեան հանդէպ, կը հետազօտէ նաեւ արհեստական բանականութեան այս սահմանը, սակայն երբեք չի հրաժարիր այն գիտակցութենէն, թէ ռատիօն մարդոց միջեւ հանդիպում է, խօսք՝ որ ծնունդ կ՛առնէ դէմքէ, խղճմտանքէ եւ պատասխանատուութենէ։ Այս իմաստով Պապին Ռատիօն կը շարունակէ վկայել, որ արհետագիտութիւնը, Մարքոնիի օրերէն ի վեր, մարդու ծառայութեան համար է եւ ոչ թէ հակառակը։ Այսօր, ինչպէս 1931-ին, Պապին Ռատիօն կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ տարածելու Աւետարանի պատգամը, Պապին ձայնը եւ հովուապետական ուսուցումը ամբողջ աշխարհին մէջ՝ հանդիպելով համայնքներու, ունկնդրելով եւ ծառայելով։
Բարի տարեդարձ, Վատիկանի Ռատիօ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ