2026.02.08 cardinale Pietro Parolin Santuario Monte Berico Vicenza

Մարեմեան եւ Վերածնունդի Յոբելենական Տարուայ բացման առթիւ Կարդինալ Փարոլինի Պատարագը

Տօնախմբութիւնը նուիրուած էր Սուրբ Կոյս Մարիամի առաջին յայտնութեան 600-ամեակին։ Ծիրանաւորը հրաւիրեց Մարիամին նայելով վերագտնել այն «մարդասիրութեան իսկական դպրոցը», զոր «կը բժշկէ քաղաքը ընկերային թշնամութենէն, որ ժանտախտի նման կը սպաննէ մարմինն ու հոգին՝ իւրաքանչիւրը մեկուսացնելով իր վախերուն եւ իր մղձաւանջներուն մէջ»
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Կիրակի՝ 8 Փետրուարին, Վիչենցայի Մոնթէ Պերիքոյի Սուրբ Մարիամի Սրբավայրին մէջ, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի նախագահութեամբ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով բացուեցաւ Մարեմեան եւ Վերածնունդի Յոբելենական Տարին՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի առաջին յայտնութեան 600-ամեակին առիթով։

Տիրամօր յայտնութիւնը

1426 թուականի 7 Մարտին, Մոնթէ Պերիքոյի բլուրին վրայ Տիրամայրը յայտնուեցաւ գիւղացի կնոջ մը՝ Վինչենցա Փազինիին։ Ժանտախտը, որ այդ օրերուն կը մոլեգնէր քաղաքին մէջ, դադրեցաւ։ Այդ պահէն ի վեր հաւատացեալները Սրբավայր կը բարձրանան ոչ միայն 8 Սեպտեմբերի, Սուրբ Մարիամի Ծննդեան տօնին, այլ ամբողջ տարուան ընթացքին՝ կատարելու հին ուխտը։

Մարիամագիտական Միջազգային Համաժողով

8 Փետրուարի առաւօտեան, Սուրբ Պատարագի արարողութեան նախորդած էր Մարիամագիտական Միջազգային արտակարգ Համաժողով մը՝ «Մարիամ՝ Մայր Ողորմութեան, ժողովրդական բարեպաշտութեան եւ համայնքներու վերածնունդի միջեւ» խորագիրով։

Յոբելենական Տարին կը կազմակերպուի Վիչենցայի թեմին, «Մարիամի Ծառաներ» Միաբանութեան եւ քաղաքացիական հաստատութիւններուն համագործակցութեամբ, եւ տարուան ընթացքին պիտի շարունակուին աղօթական, հոգեւոր եւ մշակութային բազմաթիւ ձեռնարկներ։

Մարիամի շնորհիւ՝ ամբողջական բժշկութիւն

Սուրբ Պատարագին ներկայ էին տասնեակ քահանաներ, շուրջ հարիւր քաղաքացիական եւ քաղաքական ներկայացուցիչներ՝ ներառեալ Վենեթոյի շրջանի նախագահը, նահանգապետը եւ Վիչենցայի քաղաքապետը, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր հաւատացեալներ։

Իր քարոզին մէջ Կարդինալ Փարոլինը յիշեցուց Սրբավայրի վեցդարեայ պատմութիւնը՝ որպէս յոյսի, կեանքի եւ վերածնունդի ուղի մը։ Ան շեշտեց, որ Տիրամայրը Յարուցեալներու Եկեղեցւոյ սկիզբն է, «զոր Աստուած ուզեց հաստատել առաջին յարուցեալ արարածին եւ ժամանակի ու պատմութեան մէջ քալող մարդկութեան միջեւ»՝ մարմիններու եւ հոգիներու ազատութիւն եւ ամբողջական բժշկութիւն պարգեւելու համար։

Մարդասիրութեան դպրոց մը՝ ընկերային թշնամութենէն բժշկելու համար

Այսօր եւս, երբ մարդկային խօսքերը կը փորձեն ստրկացնել մարմիններն ու հոգիները, անհրաժեշտ է թոյլ տալ Աստուծոյ խօսիլ Քրիստոսի մէջ, որպէսզի կառուցուի ազատութեան եւ հաւասարութեան ապագայ մը, ուր բոլորին կը ճանչցուի արժանապատուութիւնը եւ քաղաքացիութեան իրաւունքը, շեշտեց Վատիկանի Պետքարտուղարը՝ Մարիամը դիտելով որպէս «մարդասիրութեան իսկական դպրոց», որ «կը բժշկէ քաղաքը ընկերային թշնամութենէն, որ ժանտախտի նման կը սպաննէ մարմինն ու հոգին՝ իւրաքանչիւրը մեկուսացնելով իր վախերուն եւ իր մղձաւանջներուն մէջ»։

Փարոլին․ «Յոյս՝ Ուքրանիոյ համար։ Ողիմպիական խաղերը՝ եղբայրութեան առիթ»

Սուրբ Արարողութենէն ետք, լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով, Կարդինալ Փարոլինը յիշեց իր անձնական կապը Մոնթէ Պերիքոյի հետ․«Մարիամը միշտ ուղեկցած է իմ կեանքիս՝ թէ՛ գեղեցիկ, թէ՛ դժուար պահերուն, կեանք մը, որ՝ հակառակ բոլոր կանխատեսումներուն, ընթացաւ թեմէն դուրս՝ որպէս եպիսկոպոս, առաքելական նուիրակ եւ կարդինալ։ Խոր նուիրումով կապուած եմ այս ապահով նաւահանգիստին, ուր միշտ հաճոյքով կը վերադառնամ», ըսաւ Ան։

Ծիրանաւորը վերահաստատեց Վատիկանի խաղաղասիրական առաքելութիւնը՝ յոյս յայտնելով Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի աւարտին համար․ «Շատ փորձեր կատարուած են, եւ կարելի է գայթակղիլ յուսահատութեամբ, բայց մենք կը շարունակենք յոյսը հաստատել։ Բանակցութիւններու առկայութիւնը արդէն շատ կարեւոր է։ Եզրակացութիւնները՝ ապագային», նկատել տուաւ Ան։

Միլանօ-Քորթինա ձմեռային Ողիմպիական խաղեր

Անդրադառնալով Միլանօ-Քորթինա ձմեռային Ողիմպիական խաղերուն, որոնց բացման արարողութեան մասնակցած էր եւ, որ առաջին անգամն էր Վատիկանի Պետական Քարտուղարի մը մակարդակով, Կարդինալ Փարոլինը, յղում կատարելով Սրբազան Հօր պատգամին, շեշտեց «մարզանքի արժէքը որպէս խաղաղութեան եւ զօրակցութեան պատգամ, որպէս եղբայրութեան առիթ», եւ կրկին կոչ ուղղեց «յարգելու ողիմպիական զինադադարը, որ աւանդաբար կը պահպանուի»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/02/2026, 08:00