Իրական իշխանութիւնը՝ ըլլայ հոգեւոր, հովուական կամ դիւանագիտական, չի ծնիր վերահսկողութենէն, այլ՝ վստահելիութենէն․Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Մալթայի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 60-ամեակի տօնակատարութիւններուն առիթով, 31 Յունուարէն 1 Փետրուար Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը այցելեց Մալթա։
Մալթա-Սուրբ Աթոռի յարաբերութիւններուն նուիրուած հատորի ներկայացում
Վատիկանի բարձրաստիճան Պաշտօնեան՝ 31 Յունուարին մասնակցեցաւ եւ ելոյթ ունեցաւ «Peter in the Island of Paul. Milestones in the History of Relations between Malta and the Holy See - Պետրոսը Պօղոսի կղզիին մէջ․ Մալթայի եւ Սուրբ Աթոռի յարաբերութիւններու պատմութեան հիմնական հանգրուանները»» խորագրեալ յոբելենական հատորի շնորհանդէսին։
Իր խօսքին մէջ Կարդինալը յիշեցուց, որ «Միջերկրականի խաչմերուկ» նկատուող Մալթայի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները՝ հաստատուած վաթսուն տարիներ առաջ՝ 15 Դեկտեմբեր 1965 թուականին, արմատաւորուած են շատ աւելի հին՝ երկհազարամեայ հոգեւոր եւ պատմական կապի մը մէջ։ Տասնամեակներու ընթացքին, այս յարաբերութիւնները ցոյց տուած են, որ Եկեղեցին եւ Պետութիւնը կրնան համագործակցիլ ընդհանուր բարօրութեան համար՝ փոխադարձ յարգանքի եւ յստակ պատասխանատուութիւններու հիման վրայ։
Տարեդարձերը առիթ՝ վերանայելու ժողովուրդներու եւ հաստատութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու իմաստը
Ծիրանաւորը շեշտեց, որ տարեդարձերը պարզ յիշողութիւն չեն, այլ առիթ՝ վերանայելու ժողովուրդներու եւ հաստատութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու իմաստը։ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութիւնը, ըստ անոր, ունի յատուկ բնոյթ․ ան կոչուած է ծառայելու հաղորդութեան եւ երկխօսութեան՝ յատկապէս այսօրուան փխրուն միջազգային կարգին մէջ։ Դիւանագիտութիւն, որ ուղղուած չէ «շահի կամ տիրապետութեան», այլ «ուշադիր է բոլոր ժողովուրդներուն եւ բոլոր մշակոյթներուն, յարգելով ինքնիշխանութիւնը եւ ներշնչուած՝ իւրաքանչիւր մարդկային անձի արժանապատուութեան հանդէպ ունեցած հոգածութեամբ»։
Մալթան՝ հիւրընկալութեան խորհրդանիշ
Մալթան, որ պատմութեան ընթացքին ընդունած է Սուրբ Պօղոսը որպէս «նաւաբեկեալ եւ խոցելի» օտարական, կը շարունակէ մարմնաւորել հիւրընկալութեան եւ բացութեան կոչումը։ Այս փորձառութիւնը այսօր արդիական կը դառնայ նոր մարտահրաւէրներու դիմաց, մասնաւորաբար գաղթականութեան երեւոյթին եւ խաղաղութեան պահպանութեան ոլորտներուն մէջ։
Կարդինալ Փարոլինի քարոզը Սուրբ Յովհաննէս Եկեղեցւոյ մէջ
Իր այցելութեան յաջորդ օրը՝ 1 Փետրուարին, Սուրբ Պօղոսի նաւաբեկութեան տօնին օրը, Ծիրանաւորը Վալլեթայի Սուրբ Յովհաննէս Համա-աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը եւ իր արտասանած քարոզը ուղղեց ոչ միայն մալթացի հաւատացեալներուն, այլ նաեւ քաղաքական եւ դիւանագիտական շրջանակներուն։
Մալթայի ջուրերուն մէջ Սուրբ Պօղոսի նաւաբեկութիւնը ներկայացնելով ոչ միայն որպէս պատմական իրողութիւն մը, այլեւ որպէս պատգամ մը, որ այսօր ալ կը խօսի աշխարհին՝ Վատիկանի Պետքարտուղարը դիտել տուաւ, որ այդ մէկը պատմութիւն մըն է վստահութեան, պատասխանատուութեան եւ մարդկային յարաբերութեան մասին՝ ծնած վտանգի եւ անորոշութեան պահուն մէջ։
իրական իշխանութիւնը չի ծնիր վերահսկողութենէն, այլ վստահելիութենէն
«Փոթորիկին մէջ», Պօղոս կարողացաւ «պարզ տեսնել», «իշխանութեամբ խօսիլ» եւ քաջալերել նաւաստիները՝ հաւատ ներշնչելով։ Ասկէ մեկնելով Կարդինալ Փարոլինը շեշտեց, որ «Սուրբ Պօղոսի իշխանութիւնը չի բխիր ուժէն», այլ՝ «Աստուծոյ հետ իր յարաբերութենէն եւ ուրիշներու հանդէպ իր պատասխանատուութեան զգացումէն», որ․ «թէեւ գերի էր, կը դառնայ առաջնորդ», եւ «թէեւ խոցելի, կը դառնայ ուժի աղբիւր»։ Այսօր ալ մեզի փոխանցուող խրատն այն է, որ «իրական իշխանութիւնը՝ ըլլայ հոգեւոր, հովուական կամ դիւանագիտական, չի ծնիր վերահսկողութենէն, այլ վստահելիութենէն, չի ծնիր լուծումներ պարտադրելէն, այլ փորձութեան պահերուն հաւատարիմ մնալէն»։
Վտանգը վերածել հանդիպման, վախը՝ յարաբերութեան
Յղում կատարելով Ղուկաս Աւետարանիչին, Ծիրանաւորն ընդգծեց մալթացի ժողովուրդի «անսովոր բարութիւնը» նաւաբեկեալներուն հանդէպ։ «Մալթայի հողին վրայ առաջին քրիստոնէական արարքը հիւրընկալութիւնն է», նշեց ան՝ աւելցնելով, որ Մալթայի քրիստոնէական պատմութիւնը սկիզբէն իսկ կը բնորոշուի օտարը ընդունելու, վտանգը հանդիպման եւ վախը յարաբերութեան վերածելու կարողութեամբ։ Այդպէս է, որ «Սուրբ Պօղոսը կը հասնի որպէս օտարական, բայց կը մեկնի որպէս հաւատքի հայր»։
Եկեղեցին կոչուած է մնալ ուշադիր, լսող եւ խօսող
Կարդինալ Փարոլինին պատգամը, սակայն միայն անցեալի յիշատակում մը չէ։ Ան կապեց Սուրբ Պօղոսի փորձառութիւնը այսօրուան իրականութեան հետ, որ կը բնութագրուի պատերազմներով, բռնի տեղահանութիւններով, գաղթականութեամբ եւ ապագայի հանդէպ աճող վախով, որոնք կը սնուցանեն «պատասխանատուութիւններէն հրաժարելու կամ ուժով անվտանգութիւն որոնելու գայթակղութիւնը»։
Ուստի, Եկեղեցին, ինչպէս Սուրբ Պօղոս, կոչուած է մնալ ուշադիր, լսող եւ խօսող՝ երբ անհրաժեշտ է, յիշեցնելով բոլորին մարդկային կեանքի արժէքը։ «Սուրբ Աթոռը չի յաւակնիր ամէն փոթորիկ հանդարտեցնել», այլ կը ծառայէ երկխօսութեան, խաղաղութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութեան, յարեց ան։
Սուրբ Պետրոսի իրաւայաջորդներու այցելութիւնները
Ի վերջոյ, կարդինալ Փարոլինը յիշեցուց Սուրբ Պետրոսի իրաւայաջորդներու այցելութիւնները Մալթա, զանոնք բնութագրելով որպէս «շնորհքի պահեր», որոնց ընթացքին դիւանագիտական յարաբերութիւնները լուսաւորուեցան փոխադարձ սիրով, աղօթքով եւ բաժնեկցուած հաւատքով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ